Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Մեզ Չի Հետաքրքրեր, Թէ Արեւմուտքը Եւ Միջազգային Ընտանիքը Ի՛նչ Կ՛ըսեն»

Նոյեմբեր 7, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan_110616

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրեն չի հետաքրքրեր, թէ արեւմուտքն ու միջազգային ընտանիքը ի՛նչ կ՛ըսեն, եւ անոնց պետութիւններէն ոչինչ կը սպասէ:

Էրտողան Պոլսոյ Առողջապահական գիտութեանց համալսարանէն պատուոյ դոկտորի աստիճան ստանալուն առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Արեւմուտքը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան ջնջումը կը նկատէ ժողովրդավարութեան անյարիր երեւոյթ, սակայն այն երեսփոխանները, որոնց վկայութիւնը պահանջեցինք, մերժեցին, մեզի կը սպառնային եւ անոնցմէ ոմանք հարիւրաւորներու սպանութեան պատճառ դարձած ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան կ՛աջակցին»:

«Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները կը շարունակեն զօրակցիլ ՔԱԿ-ին, հակառակ անոր որ ահաբեկչութեան հարցերով 14 թղթածրարներ անոնց ներկայացուցինք, անոնց վերաբերեալ պատասխան չեն տար, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւնները ահաբեկչական ՔԱԿ-ի կատարած հաւաքները կը նկատեն քաղաքական, եւ մենք երբեք պիտի չհասկնանք անոնց կեցուածքը», նշեց ան:

«Հապերթիւրք» հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները հրատապ հանդիպումի հրաւիրուած են: Անոնք քննարկած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 երեսփոխաններու, ներառեալ համանախագահներու ձերբակալումէն ետք Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Անմիջական հանդիպումին բերումով որոշուած է Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ դիւանագիտական ծառայութիւն կատարող Թուրքիոյ դեսպանները կանչել միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններ եւ բացատրութիւն պահանջել:

Արդէն Պելճիքայի, Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանները կանչուած են այդ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններ: 4 նոյեմբերի առաւօտեան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Թուրքիոյ դեսպանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի նախապէս յայտարարութիւն հրապարակելով Եւրոպական Միութեան խոր մտահոգութիւնը յայտնած էր քիւրտ ընդդիմադիր երեսփոխաններու ձերբակալութեան առնչութեամբ: Ան յայտնած էր, որ այս առնչութեամբ ան Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպաններու արտակարգ հանդիպում հրաւիրած է:

«Տէօչէ Վելլէ» հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդագրութեան ընթացքին Շուլց քննադատած է քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահներու ձերբակալութեան փաստը` ընդգծելով, որ այդպիսի քայլով Թուրքիան կը հեռանայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն, իսկ Եւրոպայի հետ համագործակցութիւնը կը դառնայ կասկածելի:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մոկերինի եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հան նոյն հարցով միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են:

«Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն մտահոգուած է ձերբակալման փաստին առնչութեամբ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը անդամներու, որոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններու աջակցելու մէջ: Այս զարգացումները գումարուած են այն մտահոգութիւններուն, որոնք մենք յայտնած ենք այս տարուան մայիսին ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած աւելի քան 130 երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու ժամանակ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոնք օրինական նկատած են Թուրքիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ կատարուող գործողութիւնները, սակայն ընդգծած են, որ անոնք պէտք չէ հակասեն ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներուն:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Թուրքիան պաշտպանէ իր խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը` ներառեալ յարգելով մարդու իրաւունքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը, եւ մենք մեր ակնկալիքները ուղղակիօրէն կը փոխանցենք թրքական իշխանութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը Եւրոպական խորհուրդին հետ պիտի շարունակէ ուշադիր կերպով հետեւիլ կացութեան` մնայուն կապի մէջ ըլլալով Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ», կը նշուի Մոկերինիի եւ Հասի յայտարարութեան վերջաւորութեան:

Եւրոպական խորհուրդի` Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փերի` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան ըսած է, որ Պրիւքսէլը յստակ ազդանշանի կը սպասէ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները առկախելու վերաբերեալ:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ Երեք Ամերիկացի Զինուորներ Սպաննուած Են

Յաջորդը

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Իր Աշխատանքին Դադրեցումը

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Քաթար Տոհայի Մէջ Թրքական Պատուիրակութեան Մը  Եւ Համասի Միջեւ Ժողովի Մասին Յայտարարեց
Միջազգային

Քաթար Տոհայի Մէջ Թրքական Պատուիրակութեան Մը Եւ Համասի Միջեւ Ժողովի Մասին Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 1, 2025
Թրամփի Ներկայութեամբ Հեռաձայնային  Զրոյցի Ընթացքին.  Նեթանիահու Քաթարի  Վարչապետէն Ներում Հայցեց
Միջազգային

Թրամփի Ներկայութեամբ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Նեթանիահու Քաթարի Վարչապետէն Ներում Հայցեց

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?