Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 77-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Սեպտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ainjar5_91816

Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը, հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն,  ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 101-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77-ամեակի  պաշտօնական տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Տօնակատարութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, գիւղին հոգեւոր հայրերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Լիբանանի նախկին պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Միջին Պեքաայի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, շրջանի քաղաքապետները եւ քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչները, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

ainjar7_91816

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ապա օրուան հանդիսավար Գառնի Քենտիրճեան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի նախագահ Միհրան Աշգարեանը` արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը:

Միհրան Աշգարեան ըսաւ, թէ Մուսա լերան եւ Այնճարի հայութիւնը իր պատմութեան ընթացքին կրցաւ դիմագրաւել դժուարութիւնները եւ յուսահատական պահերը` շնորհիւ իր ժառանգած անյաղթ դիմադրողականութեան բարձր ոգիին ու աննկուն կամքին, որուն միջոցով մուսալեռցիք զարգացուցին Այնճար հայաւանը` զայն դարձնելով շրջանին մէջ օրինակելի վայրի մը:

Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, թէ` «կառչած պիտի մնանք Լիբանան հայրենիքին եւ լիբանանեան պատկանելիութեան ու պիտի չզիջինք մեր համայնքային իրաւունքներէն եւ անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ զոհեր պիտի մատուցենք Լիբանանի բագինին: Ամենայն զոհաբերութեամբ եւ անսակարկ նուիրուածութեամբ պիտի սատարենք 25-ամեայ երիտասարդ Հայաստանին` մեր հայրենիքին»:

ainjar8_91816

Բացման խօսքէն ետք աշուղ Րաֆֆի Շաննագեան հանդէս եկաւ Սայաթ Նովայի փունջ մը երգերով:

Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Երազ» պարախումբը ներկայացուց «Նռան ծառ» երգը` պարուսոյց ունենալով Մարալ Թընկըրեանը:

ainjar2_91816

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան պատգամախօս, Լիբանանի նախկին պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան:

Ան ներկաներուն յիշեցուց Մուսա լերան ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, հերոսական դիմադրութիւնն ու պատմական յաղթանակը` նշելով, որ «մուսալեռցիք ծունկի եկան միայն Աստուծոյ աղօթելու համար, եւ ահաւասիկ իրենց աղօթքներուն իբրեւ պատասխան ծնած յաղթանակի նշանը նախանձելի փոքր Հայաստանն է` իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով, միութիւններով եւ Այնճարը սիրող այնճարցիներով ու հայութեամբ»:

Ան աւելցուց, որ հայ նահատակները եւ զոհերը ներկայ սերունդը ազատեցին կարմիր ջարդէն, սակայն հայ սերունդը ենթակայ է սպիտակ ջարդի, որ կը սպառնայ ձուլման վտանգներով: Ուստի ան կոչ ուղղեց ներկաներուն բոլոր տեսակի դիւրութիւնները ընծայելու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք կազմեն հայ ընտանիք եւ ստանան հայկական ուսում, հայերէնը չփոխարինեն օտար լեզուներով, պահպանեն եւ յաճախեն հայկական եկեղեցի եւ հեռու մնան մոլութիւններէ: Վերջապէս, ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Եթէ հայը նոյնիսկ դեղի պէտք ունի, զայն թուրքէն թող չգնէ»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրօ Քէչէճեան, այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:

ainjar6_91816

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ «ամէն տարի, յիշելով Մուսա լերան զոհերը, մենք կը հաւաքուինք ամրացնելու մեր կամքը եւ իրենց յիշատակով կեանքի դժուարութիւններուն կուրծք տալով պատրաստելու եւ ծրագրելու գալիքը` քաջ գիտնալով, որ անոնք լեռ բարձրացան եւ դիմադրեցին թշնամիին, որպէսզի մենք ապրինք այնպիսի կեանք մը, որ վայել է հերոսներուն: Մեր նահատակներուն յիշատակը մեզի կը տանի դէպի հայութեան արմատները, մեզի կը կապէ մեր ինքնութեան եւ մասնակից կը դարձնէ մեզ հայուն դարաւոր գոյապայքարին, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդը այսօր պատնէշի վրայ է  եւ կը գործէ ի խնդիր ապագայի իր տեսիլքներուն եւ իտէալներուն»:

Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց, որ «Խաչվերացի մթնոլորտին մէջ պէտք է անդրադառնանք, որ Մուսա լերան հերոսներուն յիշատակը կ՛ապրին եւ կը պատմեն ամբողջ սերունդներ, որոնց նայելով ամբողջ հայութիւնը պատուըւած կը զգայ»:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը աւարտեց Այնճարի հայութեան մաղթելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի խաղաղութեան մէջ եւ բարօր պայմաններով իրենց կեանքը ծաղկազարդեն եւ պատիւ ընծայեն Մուսա լերան հերոսներուն:

Ապա այնճարցի խումբ մը մանուկներ ներկայացուցին պալէի պար մը:

Օրուան հանդիսավարը ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը փակեց ներկաներուն ըսելով, թէ Այնճարի անունով յուշանուէր մը ուղարկուած է Սպանիա` պատուելու համար սպանացի բանասէր եւ պատմաբան Ռամոն Մոնտոն, որ գերմաներէն բնագիրէն քաթալոնական լեզուին թարգմանած է Ֆրանս Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը` արժանանալով Պարսելոնայի քաղաքապետարանի մրցանակին:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային- յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ երգիչներ Յովիկ Թաֆրանեանի եւ Շաքէ Պաղտասարեանի, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ս. Պատարագ, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Եւ Մատաղի Օրհնութիւն Ու Բաշխում

ainjar1_91816

Մուսա լերան հերոսամարտի 101-ամեակին առիթով` կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

ainjar3_91816

Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Առաջնորդ սրբազանը յիշեց Մուսա լերան հերոսամարտին զոհուած նահատակները, որոնք օսմանեան եաթաղանին ենթարկուելու փոխարէն, հերոսաբար լեռ բարձրացան, բազուկի ուժով արտայայտեցին հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու կամքը եւ պահեցին իրենք ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը` ցոյց տալու համար թշնամիին, թէ հայ ազգի զաւակներուն բազուկներուն մէջ կայ հերոսական ոգի եւ պայքարելու կամք:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին ամուր մնալու իր ազգային եւ հոգեւոր հասկացողութիւններուն մէջ եւ հաւատքով դիմագրաւելու ու յաղթահարելու աշխարհիկ սպառնալիքները, որոնք կը վտանգեն հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ ազգային անհատականութիւնը:

ainjar4_91816

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղի օրհնութիւն:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

Նախորդը

Շերլի Աւետեան Հայալեզու Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Բացատրութիւններ Կու Տայ Ատրպատականի Հայկական Եկեղեցիներուն Մասին

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Համալսարաններուն Մէջ Կը Հերքեն Ողջակիզումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?