Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորրորդ Տարին Ըլլալով` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին` Միսաք Թերզեանի, Արթիւր Ք.-ի Եւ Համմուտ Շանթութի Գործերով

Սեպտեմբեր 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

beirutartfair_91516

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին երէկ` հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան  «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը: «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ տաղանդաւոր արուեստագէտները եւ կ՛արժեւորէ անոնց արտայայտութեան արդիական ոճը: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին կը մասնակցին 20 երկիրներէ 300 արուեստագէտներ, 45 ցուցասրահներու հովանաւորութեան տակ, որոնց կողքին 4-րդ տարին ըլլալով կը մասնակցի նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` ներկայացնելով Միսաք Թերզեանի, Արթիւր Ք.-ի եւ Համմուտ Շանթութի գործերը:

beirutartfair1_91516

Միսաք Թերզեան կը ցուցադրէ տարբեր հաւաքածոներու պատկանող երեք գործեր` «Օտալիսք», «Թրիօ Շամփեթր» եւ «Լէօ Թան տէ Միմոզա»: «Օտալիսք»-ը մաս կը կազմէ կիսավերացական փոխաբերական արտայայտութեան հաւաքածոյին, որով ծանօթ է Թերզեան: «Թրիօ Շամփեթր»-ը կը վերաբերի երաժշտութեան նիւթին, իսկ «Լէօ Թան տէ Միմոզա»-ն` մայրութեան: Ըստ Թերզեանի, ներշնչումը կարեւոր չէ, այլ նորարարութիւնը. ան պէտք է յաջողի ինքզինք զարմացնել իւրաքանչիւր գործի աւարտին` երաշխաւորելու համար գործին յաջողութիւնը: Թերզեան յայտնեց, որ ան տարիներու ընթացքին կրնայ վերադառնալ տրուած նիւթի մը եւ զայն կրկին աշխատիլ, սակայն տարբեր դիտանկիւնէ: Թերզեանի գործերուն արդիականութիւնը վրձիններու հարուածներուն եւ գոյներու արտայայտութեան մէջ է, յատկապէս «Թրիօ Շամփեթր»-ին պարագային, ուր չենք տեսներ երեք երաժիշտներ, բայց կրնանք նշմարել գոյներու ներդաշնակ երեք ամբողջութիւններ:

img_6588

Արթիւր Ք. Նիկոլեան կը ցուցադրէ «Կոլտըն Հաուսըզ» հաւաքածոյէն երեք գործեր` «Պէյթ Մերի», «Տհուր Էլ Շուէյր» եւ «Էհտեն»: Այս հաւաքածոյին պատկանող գործերուն մէջ նկարուած են Լիբանանի հին ոսկեգոյն տուները: Արթիւր Ք. բացատրեց, թէ ան կ՛ուզէ արժեւորել Լիբանանի փառաւոր անցեալը, փիւնիկեան հարստութիւնը, ինչպէս որ նախապէս ըրած է փիւնիկեցի թագաւորներու եւ թագուհիներու յատկացուած հաւաքածոյի մը մէջ: Արթիւր Ք.-ի գործերուն մէջ ուշագրաւ է ոսկեգոյնը, որ կը յիշեցնէ Կիւսթաւ Քլիմթի գործերը եւ նկատելիօրէն կը հարստացնէ գեղանկարը, ճերմակէն տարբեր լոյս մը տալով անոր: Հակառակ անոր որ Արթիւր Ք.-ի ներշնչման աղբիւրը անցեալէն կը բխի, արուեստագէտին աշխատելաձեւը բոլորովին արդիական է. ան աքրիլիք ներկին կողքին կը գործածէ խառն նիւթեր եւ «դասական» գեղանկարին վրայ կ՛աւելցնէ ակնբախ գոյնի վրձինի հարուածներ, որոնք «կը կտրուին» ենթապատկերէն:

img_6611

Համմուտ Շանթութ կը ցուցադրէ միեւնոյն հաւաքածոյին պատկանող չորս գործեր` «Սիսթըրզ», «Աուըր հոմ ին Համա», «Տը էյնճըլ էնտ տը թրի» եւ «Տը ռետ չեր էնտ օրենճ թրի»: Համմուտ Շանթութ, իբրեւ սուրիացի արուեստագէտ, իր գործերուն մէջ կը ներկայացնէ իր ծննդավայրէն պատկերներ, ուր կը կրկնուի տան նկարը իր ընդգրկած խորհրդանշական իմաստով: Շանթութի գործերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ծառը, որովհետեւ ան կը փորձէ ամբողջ տիեզերքը կեդրոնացնել ծառին մէջ, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ մայրը, ապահովութիւնը, գուրգուրանքը… Ըստ իրեն, ծառը կը պարփակէ իր ամբողջ կեանքը եւ արուեստագիտական հոլովոյթը: Շանթութ կ՛աշխատի աքրիլիք ներկով եւ մեղմ գոյներով, որոնք յատկանշական կարելի է սեպել յիշատակներու վերաբերող գեղանկարներու: Շանթութի ցուցադրած գործերուն մէջ ուշագրաւ են «Տը էյնճըլ էնտ տը թրի»-ն եւ «Տը ռետ չեր էնտ օրենճ թրի»-ն, որոնց մէջ անորոշ սպասում մը կ՛երեւի առաջինին պարագային հրեշտակին արտայայտութեան մէջ, իսկ երկրորդին պարագային աթոռին մէջ, որուն գոյնը շատ աւելի շեշտակի կը դարձնէ սպասումի միտքը:

«Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2016, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

 

Նախորդը

Սուրիահայերը Երեւանի Մէջ. Բախում Երազային Հայաստանի Եւ Իրական Հայաստանի Միջեւ

Յաջորդը

«Ալիք»-ի 85-Ամեակին Առիթով Թեհրան Գտնուող Հայալեզու Մամուլի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ատրպատականի Հայկական Սրբատեղիները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?