Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԽՈԿԱՄ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)

September 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ լիբանանահայ հրապարակագիր, խմբագիր, բառարանագէտ, գրաբարագէտ եւ դաստիարակ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Խոկամ» խորագրեալ գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 112 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 41 խոհական բնոյթ կրող նիւթեր:

Ըստ հեղինակին, սոյն գրքոյկը կը պատկանի գրական ո՛չ մէկ սեռի, այլ կը բացայայտէ բազմաբնոյթ եւ բազմերանգ մտածումներ, զորս հեղինակը քաղած է կեանքէն եւ իր անմիջական շրջապատէն եւ հիմնաւորած զանոնք` փորձառական ճշմարտութեամբ: Այլ խօսքով «Խոկամ» խորագրեալ գրքոյկը կը բովանդակէ գերազանցապէս բարոյական սկզբունքներ, որոնց հանգուցակէտը կը հանդիսանան Աւետարանի պատուէրները: Ահա թէ ինչո՛ւ հեղինակը կ՛ըսէ, թէ սոյն գրքոյկը կը յանձնէ տպագրութեան, որպէսզի բոլոր ընթերցողները փնտռեն եւ գտնեն զայն եւ զուարթանան անոր աստուածաշնորհ լոյսով:

Այս յղացքով, հայր Անդրանիկ Կռանեան հաւատաւոր այն եկեղեցականն է, որ երկար տարիներ կենսաւորած է իր կեանքը քրիստոնէական ամրակուռ հաւատքով եւ քարոզած Քրիստոսի սէրը` անխառն ոգեւորութեամբ:

Հայր Անդրանիկ Կռանեանի «Խոկամ» խորագրեալ գրքոյկը քարոզագիրք մը չէ բառին ընթացիկ առումով, այլ խոհական ապրումներու համադրոյթ մըն է, որ շարահարուած է բարոյալից դրուագներու տրամաբանական դասաւորումով:

Անկախ իրենց կրօնաբոյր հանգամանքէն, հեղինակին «Խոհ»երը ունին իմաստասիրական խորք եւ յղացք: Անոնք հոգեւոր ուղեցոյցներ են, որոնք ցոյց կու տան կեանքի բարի եւ չար, դրական եւ ժխտական կողմերը եւ կը լուսաւորեն մեր մեղսապարտ հոգին` իրենց ոգեղինաշունչ պատգամներով: Զարթուցիչ ժամացոյցի մը նման կը պահեն արթուն եւ զգաստ մեր հոգեկան աշխարհը` խաբէութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Խոհապաշտ հեղինակ մըն է հայր Անդրանիկ Կռանեան, որ Ռոտենի «Խորհողը» մարմնաւորող արձանին ներկայութեան, կը սիրէ խորաչափել բնութեան եւ իրերու լուսաւոր եւ ստուերոտ երեւոյթները: Հին Յունաստանի իմաստասէրներուն նման, ի՛նք եւս կը սիրէ քննարկել վերացական գաղափարները` ըստ էութեան:

Այս յղացքով, հեղինակը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է ազատութիւնը: Կ՛ըսէ, թէ մարդիկ իրաւունք ունին վայելելու ազատութիւնը` մինչեւ որոշ սահման մը միայն, ուրկէ անդին չեն կրնար բռնաբարել զայն:

Կ՛ըսէ, թէ Աստուած իմաստութիւն շնորհեց մարդ արարածին, բայց հիմնական հարցը այն է, որ մարդիկ իրենց առօրեայ գործունէութեան ընթացքին ի՞նչ չափով կը գործեն աստուածային պատուէրներուն հաճելի արարքներ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ հարկ է նախ օգնութեան ձեռք երկարել կարօտեալին, ապա հարց տալ անոր, թէ ի՞նչ համայնքի կամ ազգի կը պատկանի ան:

Արդարեւ, պարզութիւնը, անկեղծութիւնը եւ անսեթեւեթ լեզուն կը կազմեն հիմնական գիծերը հայր Անդրանիկ Կռանեանի գրական խառնուածքին:

Ան գիտէ ամէնէն բարդ հարցերն անգամ իրենց պարզագոյն իմաստին վերածելու գաղտնիքը: Ահա թէ ինչո՛ւ իր արծարծած նիւթերը կը թուին ըլլալ հաճելի եւ շահեկան, ինչպէս` «Խոկամ» գրքոյկը բովանդակող 41 «Խոհ»երը, ուր հեղինակը հասկնալի կերպով կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ են հանճարը, երջանկութիւնը, առողջութիւնը եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորող երկնային իմացումները:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ապրիլ 2011
Պէյրութ

Նախորդը

Ս. ԽԱՉԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԵՔ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.