«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ խորհրդարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, որ Զուիցերիան 13 օգոստոսէն սկսեալ կը ջնջէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, որոնց գործադրութիւնը դադրեցուած էր յունուար 2014-ին:
«Հաշուի առնելով որոշիչ շրջադարձը 12 տարի առաջ բացուած թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ` 12 օգոստոս 2015-ին Դաշնակցային խորհուրդը որոշած է վերցնել Իրանի դէմ պատժամիջոցները, որոնց գործադրութիւնը դադրեցուած էր յունուար 2014-էն…Համապատասխան փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն 13 օգոստոս 2015-էն սկսեալ», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար Իրանի պետական մարմիններուն հետ առեւտրական գործունէութեան եւ թանկարժէք մետաղներու, փեթրոքիմիական արտադրութեան առեւտուրի եւ քարիւղի տեղափոխման արգելքին:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ իր երկիրը Իրանի դէմ հաստատած իր պատժամիջոցները պիտի չջնջէ, մինչեւ որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը չհաստատէ, որ Իրան կը յարգէ Վեցեակին հետ իր կնքած համաձայնութիւնը: