Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Օգոստոս 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

gal-1_8-13-15

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ  «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ` հովանաւորութեամբ մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ:

gal-2_8-13-15

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան ըսաւ, թէ այս ձեռնարկը հայութեան ապրելու, մաքառելու, գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը դրսեւորող մշակութային հարազատ արտայայտութիւն մըն է: 100 տարի ետք մուսալեռցին կու գայ հատու պատասխան տալու թշնամիին, որ անոր հայաջինջ ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է, այլեւ հայ մշակոյթը կը շարունակէ ծաղկիլ ու նուաճել նոր բարձունքներ:

Խօսք առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 1915-ին մուսալեռցիներուն դիմադրութիւնը, ֆրանսական մարտանաւերը եւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» գիրքը հանրաճանաչ դարձուցին Մուսա լեռն ու մուսալեռցին: Ան հաստատեց, որ տօնական է առիթը, որովհետեւ նման ձեռնարկներ ընդհանրապէս ամէն տարի Այնճարի մէջ կը կազմակերպուին, բայց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակը լաւագոյն առիթն էին ձեռնարկը Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպելուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, ինչպէս նաեւ մեթր Ժաք Չուխատարեանին` իր հովանաւորութեան համար:

gal-3_8-13-15

Եսայի Հաւաթեան հաստատեց, որ ցուցադրուած 53 արուեստի գործերուն մէջ Մուսա լեռն ու Անճարը ոչ միայն կենդանի եւ իրական են, այլեւ հանրաճանաչ դարձած են գրողներով, արուեստագէտներով եւ նախարարներով:

Ցուցահանդէսի հովանաւոր մեթր Ժաք Չուխատարեան՝ փոխանցելով իր սրտի խօսքը յայտնեց, որ ինք հպարտ է իր մուսալեռցիութեամբ եւ այս հանգամանքը իր կեանքին համար յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունի։

Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնակից արուեստագէտներուն իրենց ստեղծագործական երթին մէջ։

Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ այնճարցին յաղթանակած ժողովուրդ է, որովհետեւ կը շարունակէ իր մշակոյթի գանձարանը, արխիւը եւ շտեմարանը ծաղկեցնել ու հարստացնել: Այնտեղ հողին ուժը կայ, խորհրդաւոր պատգամներ կան, յաջորդ սերունդները այդ պատգամները պիտի ընդունին ու պիտի շարունակեն հայութեան յաղթական երթը: Ան յայտնեց, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին կայացած արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր յաջողութիւններ արձանագրած են Լիբանանէն անդին եւ բոլորն ալ արժանի են մեծ գնահատանքի:

Տեղին է նշել, թէ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 օգոստոս 2015, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

Զուիցերիա Ջնջեց Իրանի Դէմ Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?