Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-06-15_arekՀամազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկամեայ-եռամեայ կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 յունիս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ծնողներուն կողքին հանդիսութեան ներկայ էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան:

Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց եւ թատերական դպրոցին աշխատանքը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան: Ան դիտել տուաւ, որ բաւական ժրաջան ու մեծ աշխատանք եւ հետեւողականութիւն կ՛ենթադրէ մէկ տարուան մէջ երկու անջատ թատերական ներկայացումներով հանրութեան դիմաց հանդէս գալն ու արուեստասէրներուն գնահատանքին արժանանալը: Բան մը, որ արժանաւորապէս կատարեց բեմադրիչ, Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ռոպերթ Առաքելեան, որուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կ. Գապասագալեան:

Իր խօսքը եզրափակելով ան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինի կառոյցին մէջ գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտները կը լիցքաւորուին հայկական շունչով ու արժէքներով:

Ապա խօսք առաւ Ռոպերթ Առաքելեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց թատերական դպրոցի գործունէութիւնը, տարուած աշխատանքն ու առաջադրանքները: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ «Արեգ»-ը միայն դերասանական դպրոց չէ, այլ նաեւ թատերական, ուր աշակերտները կը ծանօթանան թատրոնին ընդհանրապէս:

Ռ. Առաքելեան շեշտեց, որ այս դպրոցին մէջ աշխատանք կը տարուի զարգացնելու աշակերտներուն ձիրքերը, զանոնք ամրապնդելու եւ կատարելագործելու:

Ապա աւարտող աշակերտները հանդէս եկան կարճ ներկայացումներով, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին երգախառն կտորները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականներու բաշխումով:

«Արեգ» Թատերական դպրոց

Եռամեայ ծրագիր

Սիլվիա Տեմիրճեան, Ինեսա Քեչեկ, Մարիա Գափլանեան, Սելին Գոգեան, Կարին Ճուլֆայեան, Լիլա Մագտեսեան, Ցոլեր Ստեփանեան:

Երկամեայ ծրագիր

Արամ Հանտեան, Կարէն Խուտավերտեան, Հրակ Լախեան, Կարէն Մարտիրոսեան, Խաչիկ Մկրտիչեան, Հրակ Գէորգեան, Լոռի Խաչատուրեան, Նանար Այնթապլեան, Վանա Գազազեան, Լիակ Մարտիրոսեան, Անտրէ Սահիլի, Կալի Գէորգեան, Ցոլեր Գէորգեան, Արեգ Գազանճեան, Նենսի Ղուկասեան, Շահան Հաւաթեան, Մարգարիտա Միքայէլեան, Սվետլանա Միքայէլեան, Շուշի Կոճայեան, Ռիթա Փափազեան, Կերի Գասպարեան, Կարէն Ճիմպաշեան, Արեւիկ Գազանճեան, Ռիթա Գասպարեան, Մանէ Թորոյեան, Յակոբ Ստեփանեան, Փաթրիք Օղուլեան, Կարօ Նաճարեան, Սիրակ Քենտիրճեան, Լիլիթ Յովհաննէսեան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Արուեստի Հաւաքածոն Հարստացաւ Այտընեանի Նուիրած Գեղանկարով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տեսակցութիւն Ունեցաւ Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?