Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Օր` Համազգայինի Հիմնադիրներուն Եւ Գործիչներուն

Մայիս 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-25-15_ham-1Կեանքի մէջ աւանդ ու ներդրում ունեցող անձեր իրենց մահէն ետք կը ձգեն ժառանգ եւ այդ ժառանգը պահպանողներ: Այս ժառանգները կ՛ապահովեն տուեալ ընկերութեան շարունակականութիւնը: Երէկ` կիրակի, 24 մայիս, 2015-ին, Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ  հոգեհանգստեան պաշտօն ու յիշատակումի օր կատարուեցաւ, նման ժառանգներ ձգած Համազգայինի հայ կրթական մշակութային միութեան գործիչներու ու ազգային հերոսներու ի յիշատակ:

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական յանձնախումբին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մատրան մէջ Պարոյր աբղյ. Շերնէզեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց: Քրիստափոր Միքայէլեան յանձնախումբին անունով խօսք առնելով` ըսաւ. «Պատմութիւն բուրող սա գերեզմանատան մէջ յաւերժ կը ննջեն անմահութեան պսակն զգեցած հայ ազգի ընտրեալ, լուսաճաճանչ եւ հանճար տիտաններ, իսկ մենք այստեղ հաւաքուած, պտղունց մը խունկ, քուլայ մը աղօթք կը մատուցենք անոնց հոգւոյն` քաջ գիտնալով, որ անոնք մեր յարգանքի տուրքին կարիք չունին իրենց մեծութեամբ, այլ մենք է, որ անոնց կարիքը ունինք մեր եղծուած հոգիները նոր խանդով ու աւիւնով նորոգելու եւ մեր ձեւազեղծուած նկարագիրը կոփելու ակնկալիքով, մահէն ետք նոյնիսկ անսալով անոնց անմահացած հոգիներու դաստիարակիչ զօրութեամբ»: Ան խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ պատմութիւն կերտածներուն հոգիները յաւերժ պիտի թեւածեն նոր սերունդի դաստիարակութեան երկնակամարին վրայ: Ապա ան հրաւիրեց ներկաները այցելելու հոն ննջած Բարսեղ Կանաչեանին, Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ Գասպար Իփէկեանին եւ անձնուրաց այլ դէմքերու դամբարանները, ուր արդէն իսկ զետեղուած էին ծաղկեպսակներ:

Ներկաները ծաղիկներով զարդարեցին իւրաքանչիւրին շիրիմը, լսելով կարգ մը գործիչներու գործերէն եւ խօսքերէն հատուածներ: Այսպէս` Կարօ Քէլէշեան Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումով երգ մը հրամցուց, Դրօ Միրզայեան` Լեւոն Շանթէն խօսք մը, Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան` Նիկոլ Աղբալեանէն եւ Սէրուժ Յովսէփեան` Գասպար Իփէկեանէն խօսքեր արտասանեցին:

Բազմութիւնը ապա այցելեց Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ հանգչածներուն դամբարանները, որոնց շուրջ եւս տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Գրական յանձնախումբին անունով հոն խօսք առաւ Արազ Գոճայեանը, որ ընդգծեց, թէ հայրենազուրկ ժողովուրդի զաւակները կարողացան իրենց սերմերուն պարարտ հող ստեղծել` վճռելով ու հաւատալով, որ անոնց գործերը պիտի հոսին դէպի հայակերտման ծով: «Համազգային կերտած սերունդին ոսկորները դարձան մեր հայրենի հողը ու մեր ազգային ինքնութեան պահպանման դարբնոցը: Սփիւռքի սիրտերէն մէկուն` Պուրճ Համուտի հողին տակ ննջած այս ոսկորները եղան մեր գաղութին ողնաշարը ու այս ոսկորներուն ծուծէն սնանեցան յատկապէս լիբանանահայ գաղութին ու նաեւ աւելի ուշ այլ գաղութներուն հայակերտման կառոյցները», ըսաւ ան` շարունակելով, թէ անոնց հոգիները կը հանգստանան միայն այն ատեն, երբ անոնց գործը շարունակող ըլլայ:

Խօսքէն ետք նոյնպէս տեղի ունեցաւ ներկաներուն կողմէն ծաղիկներու զետեղում Հրաչ Տասնապետեանին, Մուշեղ Իշխանին, Սիմոն Վրացեանին, Շաւարշ Թորիկեանին, Վահէ Սէթեանին եւ այլ երախտաւորներու դամբարաններուն վրայ: Փաթիլ Մկրտիչեան Հրաչ Տասնապետեանէն, Անժելինա Սարգիսեան Մուշեղ Իշխանէն եւ Պօղոս Տօնիկեան Վահէ Սէթեանէն խօսքեր արտասանեցին` յարգելու համար մշակներուն յիշատակը:

Թէեւ մեռելներ կը պատկանին անցեալին, բայց այս մեծերուն ներդրումը մեր ազգային իրականութեան մէջ իր վճռական տեղը ունի առօրեային մէջ, եւ հետեւաբար զանոնք կը դարձնեն բոլոր ժամանակներուն պատկանողներ: Այս հոգեհանգիստները սփիւռքի հողին վրայ (Համ)ազգային վերակառուցման յիշատակումն ու վերանորոգումն է:

 

 

 

Նախորդը

Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Կորիւն Ս. Արք. Պապեանի

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Պաշտօնական Բացում «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովին

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?