Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Վերակազմութիւնը

Փետրուար 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20515_FotorCreated54 փետրուար 2015-ին Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանը` Եւրոպական խորհրդարանի մայիս 2014-ի ընտրութիւններէն սկսեալ` ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ:

Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր յունուար 2013-ին. անոր յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի օրուան նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանէն մեծ թիւով պատգամաւորներ:

Երէկուան վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին բարեկամութեան խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), իսկ փոխնախագահներ հաստատուեցան դոկտ. Չարլզ Թանոք (Անգլիա, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ բարեփոխումներու խմբակցութիւն), Ֆրանք Էնկել (Լիւքսամպուրկ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), Միշել Ռիվազի (Ֆրանսա, Կանաչներ – Եւրոպայի ազատ դաշինք խմբակցութիւն) եւ Միլթիատիս Քիրքոս (Յունաստան, Ընկերվար դեմոկրատ յառաջդիմական դաշինք խմբակցութիւն):

Դոկտ. Թէոխարուս իր ողջոյնի խօսքին ընթացքին ներկայացուց խումբի առաքելութիւնը եւ կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընթացքին: Ան կարեւոր նկատեց Արցախի հիմնահարցի, հայկական դարաւոր մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացումը եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ խումբին ունենալիք ներդրումը` Հայաստանին դէպի Եւրոպա մերձեցման: Կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բարեկամութեան խումբը աշխատանք պիտի տանի ընդլայնելու իր անդամներուն թիւը` կոչ ուղղելով եւրոպացի երեսփոխաններուն` միանալու բարեկամութեան խումբին:

Ապա, իր հերթին, խօսք առաւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան. ան իր երախտիքը յայտնեց դոկտ. Թէոխարուսին եւ խումբին մասնակից եւրոպացի երեսփոխաններուն: Դեսպան Մարգարեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութեան դրական նոր տեղաշարժներուն եւ ակնկալուած դրական արդիւնքներուն մասին: Յայտարարեց նաեւ,  որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են` նշելով Եւրոպական Միութեան պատասխանատու յանձնակատարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը յառաջիկային կրնայ ունենալ նոր համաձայնագիր մը Եւրոպական Միութեան հետ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի գոյութեան կարեւորութիւնը, որ իր գործունէութեամբ կրնայ աւելի լաւ եւ ճիշդ կերպով կատարել Եւրոպական Միութեան կողմէ ընկալումը Հայաստանի դիմագրաւած հիմնահարցերուն, անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վարած ժխտողական քաղաքականութեան: Ան վստահեցուց խումբի անդամներուն եւ ներկաներուն, թէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ամբողջական կերպով զօրավիգ պիտի կանգնի խումբին աշխատանքներուն:

Բարեկամութեան խումբի քարտուղար կը շարունակէ հանդիսանալ Եւրոպական խորհրդարանի աշխատակից Արմէն Անտոնեան:

Վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ եւրոպացի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը ապրիլ 24-ին պիտի այցելէ Հայաստան` ներկայ գտնուելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Բարեկամութեան խումբը իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի մշակէ յաջորդ քառամեակին իր գործունէութեան ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Կարգախօսներն Ու Ղեկավարներուն Որմազդները Վերացնելու Արշաւը Սկսած Է

Յաջորդը

Լուքաշեւիչ. «Մոսկուան Մտահոգուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակին Սրումէն»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?