Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անընդունելի բաց գոյութիւն ունի գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող կարողութիւններու եւ մեր լսածին միջեւ լիբանանեան կառավարութենէն, որ ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն` բանակցութիւններու, եւ կը խօսի էական ու կարեւոր հարցերու շուրջ: Մենք չենք կրնար վստահիլ իսրայէլեան բանակէն բացի ոեւէ մէկուն»: «Այս է իրողութիւնը. ո՛չ ՖԻՆԻՒԼ-ը, ո՛չ միջազգային ուժերը, ո՛չ...




















