Յայտարարութիւններ ( 18 Յունուար 2023)
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ (ՀԱՅԱՇԷՆ) ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու թաղական խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը շնորհակալութիւն եւ գնահատանք կը յայտնեն բոլոր բարեպաշտ հայորդիներուն, որոնք Ս. Յովհաննու Կարապետ տօնին առիթով մասնակից դարձան մեր եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնախմբութեան իրենց այլազան տեսակի ծառայութիւններով եւ նուիրաբերումներով: Շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտութեան, որ իրենց ներկայութեամբ առաւել փայլք տուին մեր տօնախմբութեան:...










