Այլազան

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1963)

Ձիւն Ու Անձրեւ Լիբանանի Մէջ Վերջին երկու օրերու ընթացքին առատօրէն ձիւնեց ու անձրեւեց Լիբանանի մէջ: 2000 մեթրէն վեր ձիւնը ծածկեց լիբանանեան լեռները, իսկ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ անձրեւը գրեթէ դադար չունեցաւ: Ջերմութեան աստիճանը զգալի անկում մը կրեց: Մայրիներու շրջանին մէջ, ջերմաչափը զերոյէն վար իջաւ 6-ի: Աքքարի մէջ ողողում մը տեղի ունեցաւ Թալլ-Հայաթ գիւղին մէջ, ու բնակիչները շուտով հեռացան իրենց տուներէն: Ցանքը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ մտահոգութիւն չունին եւ դուք միայն զրկուած էք փափաքներ իրականացնելէ: Գոհացէք ձեր ունեցածով, անհոգ կ՛ըլլաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը ունի ձեր սպասածէն տարբեր հարցեր, որոնց մասին չէիք մտածած, բայց ձեր խոհեմութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ պիտի կարենաք իրագործել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Երկխօսութեամբ պիտի կարենաք կիրարկել այն ծրագիրը, որ մշակած էիք:...

50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1963)

Հայ Կեանքը Այնճարի Մէջ (Սեփ. թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Ազգային վարժարան.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանը միշտ յարաճուն վերելքի մէջ է` շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն: 1963-64 կրթական տարեշրջանին արդէն բացուած է Ժ. դասարանը: Եկող տարի կ՛ունենանք նաեւ ԺԱ. դասարանը: Այդպէսով հասած կ՛ըլլանք առաջադրուած նպատակակէտին` վերածելով զայն հայ սքուլի: Վարժարանիս երկսեռ պաշտօնէութիւնը կը բաղկանայ քսան հոգիէ: Տնօրէնն է` Սարգիս Թ. Զէյթլեան, որ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուրիշներուն տխրութիւնը կամ ձախողութիւնը պիտի ազդէ ձեր վրայ, իսկ դուք ամէն գնով պիտի ջանաք մեղմացնել անոնց վիշտը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խօսեցէք ձեր մտահոգութիւններուն մասին: Զանոնք ձեզի մի՛ պահէք, որպէսզի մղձաւանջի չվերածուի ան: Արտայայտուեցէք առանց վերապահութեան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տան մէջ թէ աշխատանքի` եղէք քիչ մը խստապահանջ, հարցերը կարգադրեցէք ամենայն ճշգրտութեամբ, ինչ...

Հին Երաժշտական Գործիք Մը` Մշակոյթը Կենդանի Պահելու Համար

Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիի Թոժ անդադար կլոր-կլոր կը դառնայ: Ո՛չ, ան շփոթած չէ: Վիեթնամի Սափա շրջանին մօտ պզտիկ գիւղի մը մէջ ապրող պատանին կը մարզուի` կատարելով Քէյն երաժշտական գործիքը նուագող երաժիշտներուն ձեւերը: Քէյն հին երաժշտական գործիք մըն է, որ շատ կարեւոր տեղ ունի մոնկ մշակոյթին մէջ: Մոնկ ժողովուրդը իր հետքերը ձգած է ամբողջ արեւելեան Ասիոյ մէջ: Վերջին 5000 տարիներուն անոնք...

50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1963)

«Նաւը Լերան Վրայ» Մեր ձեռքին տակ ունինք Հայպետհրատի լոյս ընծայած «Նաւը լերան վրայ» վէպին Պէյրութ հասած առաջին օրինակներէն մէկը: 12 հազար տպաքանակով հրապարակ հանուած այս նոր հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 543 էջերէ եւ ունի «Մարքսիստական աբեղայ»-ի դեր կատարող գլխագիր ոչնչութեան (Հր. Գրիգորեան) մը ստորագրութիւնը կրող 22 էջնոց մանրատառ յառաջաբան մը: «Նաւը լերան վրայ» վէպին հրատարակութեան յանձնուած ըլլալու լուրը մի քանի ամիս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքը կարեւոր է, բայց հարկ է զայն դասաւորել օրուան ժամերուն համաձայն: Յոգնութենէն ետք պահ մը տրամադրեցէք հանգստանալու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ կը նկատէք, թէ ձեր մարմնին բարեձեւութիւնը կորսնցուցած էք, մարզանք ըրէք: Յաճախ այս կը յանձնարարուի ձեզի, բայց կը մոռնաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Անցեալի ձեր փորձառութենէն կրնաք օգտուիլ բարելաւելու համար ներկայի ձեր...

50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1963)

Լիբանանի Տօնը Կիպրոսի Մէջ Խաչիկ Պապիկեան Գեղեցիկ Ճառ Մը Կը Խօսի  (Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Նիկոսիա, 28 նոյ. 1963 Լիբանանի  անկախութեան տօնին առիթով կիրակի, 24 նոյեմբեր 1963, հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Նիկոսիոյ մարոնիներու եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Ֆորատարիս եպիսկոպոս: Ներկաներու մէջ էին լիբանանեան պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որ եկեղեցի մուտք գործեց ընկերակցութեամբ Լիբանանի դեսպան Շ. Ղոսէյնի եւ իր ազնիւ տիկնոջ: Պատարագիչ սրբազանը իր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ հետեւիք ուրիշներու ըրածին, մնացէք հաւատարիմ ձեր ներքին թելադրանքին, ձեր խղճին ու կարողութեան սահմանին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Քաջալերանքը երբ դուրսէն կու գայ, կ՛ուրախանաք, թէ լաւ գործ մը կատարած էք. այսուհանդերձ, շարունակեցէք ձգտիլ լաւագոյնին, աւելի կը գնահատուիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր շուրջը տօնական մթնոլորտ պիտի տիրէ: Միացէք զուարթ բարեկամներու, որպէսզի թեթեւնայ ձեր...

Մասնագէտներու Կարծիքով. Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Ընտրել Նոր Տարուան Եղեւինը

Պատրաստեց` ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ե՞րբ գնել եղեւինը: Որպէսզի Նոր տարուան օրը եղեւինը գեղեցիկ եւ առողջ տեսք ունենայ, թելադրելի է զայն գնել Նոր տարիէն շուրջ 15 օր առաջ: Եթէ վստահ էք, որ եղեւինը իր արմատներովը ցանուած է թաղարին մէջ, կարելի է աւելի կանուխ ալ գնել: Ինչպէ՞ս ընտրել: Գնելու ժամանակ ուշադիր քննեցէք զայն. անոր ասեղնատերեւները պէտք չէ թափթփին, ասիկա վատառողջ եւ չորցող ծառի...

50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1963)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Այցելութիւնը Նոր Մարաշ Առջի կիրակի, 17 նոյեմբեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Նոր Մարաշի հայահոծ ծուխին եւ օծումը կատարեց Ս. Ք. Մանկանց եկեղեցւոյ երեք նորաշէն խորաններուն: Ժամանակին բաւական ընդարձակ կերպով տուած էինք այս այցելութեան նկարագրութիւնը: Նոր Մարաշի մեր թղթակիցը կը հաղորդէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ, զորս կու տանք ստորեւ.- Արարողութեանց ներկայ էին` պետական երեսփոխան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ունեցած գործունէութեան վերաբերեալ նորութիւններ ստեղծելու մասին պիտի մտածէք` կատարելով նոր պրպտումներ: Յաջողելու յոյս ունիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք հրաւէր մը` անծանօթ շրջանակէ մը: Առանց վարանելու` ներկայ եղէք: Պիտի ունենաք նորութիւններ իմանալու առիթ մը: Պիտի յարգուիք իբրեւ յաջողած անձ մը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նոր վիպերգութիւն մը պիտի ծնի ձեր կեանքին մէջ,...

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1963)

Խմբագրական Խաղաղութեան Մարդը Մարդկութիւնը տակաւին դժուարութիւնը կ՛ունենայ արթննալու այն ապշահար վիճակէն, որուն մատնուեցաւ ուրբաթ գիշեր, երբ բոլոր երկիրներու բոլոր ռատիոկայանները գուժեցին Միացեալ Նահանգներու երիտասարդ նախագահին սպանութեան լուրը: Գնդակը, որ կը մտնէր այդ մեծ մարդուն գանկին մէջ` կտրելով անոր կեանքին թելը, նոյն ատեն կը մխուէր իւրաքանչիւր մարդու հոգիին մէջ, մօտ կամ հեռու, բարեկամ թէ հակառակորդ, որոնք նախագահ Քենետիի մէջ սիրած էին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ մոռնաք, որ ունիք պարտականութիւններ եւ ժամադրութիւն` պաշտօնական անձի մը հետ: Առանց ուշանալու ներկայ եղէք եւ կատարեցէք ձեր խոստումը, որպէսզի վստահութիւն ներշնչէք ձեր խօսակիցին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընթերցանութեամբ կրնաք հաճելի եւ օգտակար ժամանց մը ունենալ: Ձեր կարդացածը կրնաք փոխանցել ձեր շուրջիններուն` իբրեւ ուսանելի խօսք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը ունի քանի մը...

50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1963)

Յարութիւն Թորոսեանի Հայկական Ճակատագիրը Ասկէ 150 տարի ետք պիտի գտնուի անշուշտ ջղային ու անհամբեր պատմաբան մը, որ փորձէ հասկնալ թէ 960-ական թուականներուն աշխարհի երեսին ինքզինք աքսորած այս խլրտուն, շուարած ժողովուրդը իր ո՞ր աչքերով ու մատներով դեռ կառչած էր սալայատակներուն, հովին ու լոյսին ու լոյսի մէջի մթութեան: Հաւանաբար չքննէ մեծաքանակ ու հեղուկ զանգուածը, որ հողին մէջ թաղուած մինչեւ մէջք ու կէս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ծրագիրներուն մասին առայժմ լուռ մնացէք, լաւ սերտեցէք միջոցները եւ նպատակը, ապա որոշեցէք: Գործը ինքզինք ցոյց կու տայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ձեր հասցէին քննադատական խօսքեր լսէք, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը, որովհետեւ մարդ գործով կ՛արժեւորուի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը ունի քանի մը հանդիպումներ: Առաջնահերթութեան կարգով կրնաք ներկայութիւն ըլլալ: Եթէ...

50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1963)

Համայն Աշխարհ Անպատում Սուգի Մատնուած Նախագահ Ճոն Քենետի Սպաննուեցաւ Ահաբեկիչի Մը Կողմէ Ոճրագործը` 24-Ամեայ Լի Օզվըլտ, Որ Ձերբակալուեցաւ Երկու Ժամ Ետք, Նախագահը Սպաննեց Քունքին Հասցուած Հրացանի Գնդակով Մը, Երբ Քենետի Կնոջը Հետ Կ՛երթար Ճաշկերոյթի Մը, Տալլասի Մէջ Փոխնախագահ Լինտըն Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Հռչակուեցաւ Համայն աշխարհ խոր սուգի մատնուեցաւ երէկ գիշեր` իմանալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Ֆիցճերըլտ Քենետիի սպանութեան սահմռկեցուցիչ...

Page 405 of 482 1 … 404 405 406 … 482