Այլազան

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1964)

Խմբագրական. Ազատութեան Ոգին (Փետրուար 18-ի Առթիւ) Քառասունեւերեք տարիներ անցած են այն օրէն, երբ մայր հայրենիքի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ ծառանալու համար պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ կեղծ  խոստումներով իր իշխանութիւնը հաստատելէ ետք Հայաստանի վրայ, շուտով խոստմնադրուժ եղած էր` անլուր տառապանքի մատնելով հայ ժողովուրդը: Երբ կը խօսինք ու կը գրենք փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան մասին, առհասարակ կը ծանրանանք պատմական այդ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենաք ձեր շրջանակի անձերուն հետ, արդիւնաւէտ գործառնութեամբ: Օրը շահաւէտ է եւ հաճելի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի գտնէք լաւ եւ դիւրին լուծումներ` ձեր հարցերը կարգադրելու: Գտած էք ճիշդ ճամբան` յառաջդիմելու ձեր առօրեային մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Առիթ պիտի ունենաք դուրս ելլելու ձեր բարեկամներուն հետ` զուարթ ժամանակ անցընելու: Այս հանդիպումը...

50 Տարի Առաջ (17 Փետրուար 1964)

Հոգելոյս Զարեհ Ա.-ի Տարելիցը Վեհափառը, Առաջնորդ Սրբազանը Եւ Գարեգին Եպս. Ոգեկոչեցին Մեծ Հովուապետին Յիշատակը Երէկ` կիրակի, 16 փետրուար 1964, վեհափառ հայրապետներու յատուկ հրահանգով, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներու մայր տաճարներուն եւ թեմական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անխտիր, տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ պաշտօնական հոգեհանգիստ` երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ: Ամէնուրեք հոգեշունչ քարոզներով ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ հայրապետին...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք շնորհիւ ձեր բնական հմայքին: Օրը ունի նոր հանդիպումներ եւ հաճելի ծանօթութիւններ: Պիտի օգտուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր գործունէութիւնը պիտի ընթանայ գովելի ջանասիրութեամբ: Ուրիշներ օրինակ պիտի առնեն ձեր աշխատանքային ընթացքէն: Օրը շահաւէտ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր բարեկամները հաճելի պահեր պիտի ստեղծեն ձեզի համար: Պիտի ունենաք երախտագիտական զգացումներ՝...

andesaneli

Անտեսանելի Երկնաքեր Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մօտ օրէն անտեսանելի երկնաքեր մը պիտի բարձրանայ Հարաւային Քորէայի Ինշէոն քաղաքին մէջ, մայրաքաղաք Սէուլի օդակայանին մօտ: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է նման շէնք մը շինել: Հարաւային Քորէայի մէջ, 450 մեթր բարձրութիւն ունեցող «Թաուր ինֆինիթի» (անսահման աշտարակը) պիտի դառնայ աշխարհի վեցերորդ ամէնէն բարձր աշտարակը: Անոր կառուցումը պիտի սկսի այս տարի: Սակայն այս աշտարակը իւրայատուկ պիտի ըլլայ. անիկա պիտի...

50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1964)

Խմբագրական Տարի Մը Առաջ Էր... (Երջանկայիշատակ Զարեհ. Ա. Կաթողիկոսի Տարելիցին Առիթով) Տարին կարծէք ակնթարթի մը պէս անցաւ այն օրէն, երբ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ անսովոր ալեկոծութեան մը, խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ցաւի ներքին տառապանքով: Մահը անկաշառ դատաւորն է բոլո՛ր կեանքերուն: Մահուան փոսը այն անծայրածիր անջրպետն է, որ մարդիկը կը բաժնէ փոքրէն, նսեմէն, հաշիւէն, բանալով լայն հորիզոնները` մեծին, վսեմին ու Արժէքին, տալով...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատոնց ձեր փայփայած մէկ երազանքը իրականութիւն պիտի ըլլայ` շնորհիւ ձեր համբերատար սպասումին եւ ձեր շնորհներուն: Մնացէք նոյն առողջ տրամադրութեամբ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ծրագիրներուն մասին նախօրօք մի՛ արտայայտուիք: Լաւ պատրաստուեցէք, իրագործումը լոյսին բերէք, այն ատեն կը գնահատուիք բոլորէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւագոյնին ձգտիլը կը վնասէ լաւին կիրարկման: Այդքան բծախնդրութիւն կը կաղացնէ...

50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1964)

Հաղորդագրութիւն Թեմիս Գաւառական ժողովը 27 դեկտեմբեր 1963-ին, հրաւէրովն ու նախագահութեամբը առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսին, իր դիւանը ընտրեց հետեւեալ ազգայիններով: Ա. ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան Ա. ատենադպիր Գառնիկ Բանեան Բ. ատենադպիր Ռուբէն Հացագործեան Գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Յարութիւն Ա. քհնյ. Կէպէնլեան, Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Այանեան, Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեան, Վրթանէս քհնյ....

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պարտաւորութենէ մը փախուստ տալու ամէնէն դիւրին ձեւը «մոռցայ» ըսելն է. այսուհանդերձ, այս կեցուածքը երբ կրկնուի, անվստահելի կ՛ըլլաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր հեղինակութիւնը պիտի յարգուի: Մնացէք ձեր որոշումին հաւատարիմ եւ ինքնավստահ: Օրինակելի այս վերաբերումը օգտակար անդրադարձ պիտի ունենայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամութիւնն ալ ունի իր չափանիշը: Մտերմութիւնը պէտք չէ հասնի անկարգութեան կամ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Կասիա Սահակեան-Թիւթէլեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Վահագն Շամլեան 150,000 լ. ո. Արաքսի Պատոյեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին տոքթ. Յակոբ Լոզոյեան 50,000 լ. ո.

S.Sarkis

Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս

Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է: Ս. Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի  զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան` զինուորական ծառայութիւն կը կատարէ Շապուհ թագաւորին...

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1964)

Ռապինտրանաթ Թակոր Եւ Հայաստան Հայեւհնդկական գրական կապերու պատմութեան մէջ ուշագրաւ էջ մըն է Ռապինտրանաթ Թակորի անձնական ծանօթութիւնները հայ գործիչներու հետ եւ անոր կարծիքը հայերու մասին: Ինչպէս յայտնի է, 1925 յունուար 31-ին հնդիկ գրագէտը այցելած է Վենետիկ` Մխիթարեաններու միաբանութիւնը: Զինք դիմաւորողներուն մէջ եղած է նաեւ Աւ. Իսահակեան, որուն «Պարտիզպան»-ը (հայերէն) գիրքին վրայ օտար այցելուն մակագրութիւն մը զետեղած է: Ճաշի ժամանակ Մխիթարեանները Թակորին...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Միամտաբար ըսուած խօսք մը աւելի ազդեցութիւն կը գործէ խօսակցին վրայ, քան` երկար բարակ մտածուած կարծիք մը: Մնացէք պարզ ու խաղաղ, ձեր ընելիքներուն մասին եղէք անհոգ, ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրուան ընթացքին ձեզի հանդիպած անձերը մտածել պիտի տան ձեզի, որպէսզի յաւելեալ սերտողութիւն մը կատարէք տուեալ խնդիրին շուրջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Կասիա Սահակեան-Թիւթէլեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի` Տէր եւ տիկին Վահան Գասարճեան 150,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին դոկտ. Հրաչ Հաճէթեան 50,000 լ. ո.   Երանիկ Թոփալեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին տոքթ. Վիգէն եւ Արտա Գայթանճեան 100$ Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Նանիկ Գայթանճեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Վահագն Դաւիթեան 100$ Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Թերզեան 100$ Տէր...

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1964)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Մարաշի Մասնաճիւղ Վարդանանց Փառատօնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Մարաշի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Սրբոց Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ, նախագահութեամբ լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի: Քիչ անգամ այսքան խուռներամ բազմութեամբ տօնակատարուած է Սրբոց Վարդանանց յիշատակը: Ընդարձակ սրահը ծայրէ ծայր կը յորդէր առաւելաբար երկսեռ երիտասարդներով, որոնք եկած...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ընկերովի աշխատանք մը իրագործելու ծրագիր մը ունիք: Նախօրօք լաւ ուսումնասիրեցէք ծրագիրին պայմանները եւ ձեր կարողութիւնը, որպէսզի բնական եւ հանգիստ ընթացք ունենայ աշխատանքին արդիւնքը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուրախ առիթով մը ներկայ պիտի գտնուիք ընթրիքի սեղանի մը շուրջ, ուր պիտի ունենաք հոգեկան խաղաղութիւն` ներկայութեամբ ձեր սիրած անձերուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամութեան սիրոյն մի...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Կասիա Սահակեան-Թիւթէլեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան 200$ Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Ծովիկ Ալեքսանտրեան 150,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Աւետիս Կերեքմեզեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին մեթր Վարդգէս Շամլեան (Քանատա) 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Վարուժան Թորիկեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1964)

Տեղեկութիւններ Հնդկահայերու Մասին. 500 Հայեր Կ՛ապրին Այդ Երկրին Մէջ Երուսաղէմի միաբաններէն Դաւիթ վրդ. Սահակեան տարիէ մը ի վեր Հնդկաստան կը գտնուէր: Վերադարձած ըլլալով` հայր սուրբը հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները տուած է հնդկահայերու մասին. - Հնդկահայերուն թիւը կը հասնի 500-ի, որոնց 450-ը ամփոփուած է Կալկաթայի մէջ, մօտաւորապէս 25-ը կ՛ապրի Պոմպէյ, իսկ մնացեալները ցրուած են երկրին զանազան կողմերը: Հնդկահայերը ունին Մարդասիրական Ճեմարանը, 120...

Page 397 of 482 1 … 396 397 398 … 482