50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1964)
Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին Համայնավար երկրի մը մէջ նախարարական կազմը ժողովի մէջ էր: Երկրագործական նախարարը յուսահատ վիճակ մը ունէր: Բերքը տկար էր, թրաքթորները կոտրուած էին, Մարդկային ուժը յուսախաբ էր հաւաքական ագարակներուն մէջ, մէկ խօսքով` դժուարութիւններուն վերջ չկար: Պաշտօնակիցներէն մէկը կը փորձէր յոյս տալ իր ընկերոջ. «Զուարթ եղի՛ր, ընկե՛ր, այս բոլորը ժամանակաւոր են, կասկած չկայ, թէ համայնավարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ տարածուի...




