Կնոջական

Առողջապահական.  Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ. Ի՞նչ Գիտենք Ջուրի Մասին

Առողջապահական. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ. Ի՞նչ Գիտենք Ջուրի Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իմացե՞ր էիք, որ օրական 5 բաժակ ջուր խմելը 45% տոկոսով կը նուազեցնէ յամրաղիի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, 75% տոկոսով ստինքի քաղցկեղի եւ 50% տոկոսով` միզամանի քաղցկեղի հաւանականութիւնը: Արթննալէ անմիջապէս ետք օրական 2 բաժակ ջուր խմելը կը խթանէ ներքին գործարաններու գործունէութիւնը: Կէսօրուան ճաշէն կէս ժամ առաջ բաժակ մը ջուր խմելը կ՛օգնէ մարսողութեան: Լոգանքէն առաջ բաժակ մը ջուր խմելը կը նուազեցնէ արեան...

Հետաքրքրական.   Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը «Քաջարանի Բանալին»

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը «Քաջարանի Բանալին»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ ինչո՛ւ Կապան-Քաջարան մայրուղիին վրայ գտնուող արջը բանալի կը կրէ իր բերնին մէջ, կամ` ինչո՞ւ Գանձասարի լեռներուն արջի արձան տեղադրուած է... «Քաջարանի բանալին» յուշարձանը կը գտնուի Սիւնիքի մարզին մէջ, Կապան-Քաջարան մայրուղիի ձախ կողմը, Ողջի գետին աջ ափին: 1976-ին կառուցուած այս հրաշալի ստեղծագործութեան հեղինակն է կապանցի քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանը: Արջը, որ իր բերնին մէջ բանալի բռնած...

Ժամանց.  Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ժամանց. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր ենթագիտակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր բնաւորութեան գիծերը` պատասխանելով այս միակ հարցումին. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»: Կէտ Եթէ առաջին հերթին կէտ տեսաք, հաստատակամութիւնն ու աշխատասիրութիւնը ձեր գլխաւոր յատկանիշներն են: Դուք չափազանց նպատակասլաց մարդ էք, վարժ` միշտ հասնելու ձեր նպատակին: Նաեւ դուք օժտուած էք զօրաւոր անհատականութեամբ եւ առաջնորդական յատկանիշներով: Աչք Եթէ առաջին հերթին աչք տեսաք,...

Մանկավարժին Կարծիքով.  9 Համոզիչ Պատճառներ, Թէ Ինչո՛ւ Երեխաները Փոքր Տարիքէն Ճատրակ Պէտք Է Սորվին

Մանկավարժին Կարծիքով. 9 Համոզիչ Պատճառներ, Թէ Ինչո՛ւ Երեխաները Փոքր Տարիքէն Ճատրակ Պէտք Է Սորվին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ճատրակը հիանալի խաղ է` երեխաներուն սորվեցնելու համար: Տասնեակ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն ճատրակ խաղացող երեխաները, թէ՛ դպրոցը, եւ թէ կեանքի մէջ աւելի յաջողակ կ՛ըլլան, քան մնացեալները: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն ուսանողները, որոնք ճատրակ կը խաղան, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերեն գիտութեան, ուսողութեան մէջ, անոնք նաեւ կ՛ըլլան աւելի վերլուծող, կարգապահ եւ համբերատար: Ահա...

Հետաքրքրական.  Օփերայի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Օփերայի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քիչեր գիտեն, թէ ինչպէ՛ս ծնած է «Ալմաստ» օփերան: Անիկա ստեղծուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յաճախակի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին: Կարդա՛նք, թէ ի՛նչ կը պատմէ Թումանեանին աղջիկը` Նուարդ Թումանեանը այդ նշանաւոր հանդիպման մասին: «Ալեքսանդր Սպենդիարեանը յաճախ մեր տունը կու գար, երբեմն ճաշի կը մնար, յետոյ երեկոն հայրիկիս հետ կ՛անցընէր: Սպենդիարեանը հետաքրքրուեցաւ «Անուշ» պոէմով. կ՛ուզէր ձայնագրել: Բայց ծանօթանալէ ետք...

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները.  Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ - Միջին հաշուով գիշերը 8 ժամ պէտք է քնանալ: Սխալ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է, սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է կազդուրուած արթննալու համար: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան, կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ առոյգ զգալն է: *** - Լոյսը կը խանգարէ քունը: Ճիշդ: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ...

Գիրք Կարդալու 10 Համոզիչ Պատճառներ

Գիրք Կարդալու 10 Համոզիչ Պատճառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատեր չեն յիշեր, թէ վերջին անգամ ե՛րբ հետաքրքրական վէպ մը կարդացեր են... Դժբախտաբար գիրք կարդալու գեղեցիկ սովորութիւնը օրէ օր կը նահանջէ, մինչ Ինսթակրամն ու Ֆէյսպուքը կը նուաճեն բոլորին սրտերը... Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 համոզիչ պատճառներ` գիրք կարդալու. 1 - Ընթերցումը կը բարելաւէ յիշողութիւնը: 2 - Ընթերցումը կը հարստացնէ բառապաշարը: 3 - Ընթերցումը կը զարգացնէ եւ կը բարելաւէ գիտելիքները:...

Հոգեբանական Ժամանց. Ձեր Գծագրութիւնը Կը Պարզէ Ձեր Անձնասիրութիւնը

Հոգեբանական Ժամանց. Ձեր Գծագրութիւնը Կը Պարզէ Ձեր Անձնասիրութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր նկարագրին մասին շատ բան կրնայ բացայայտել ոչ միայն ձեր ձեռագիրը, այլեւ` գծագրութիւնը: Ահա ձեզի` պարզ առաջադրանք մը. թուղթ ու մատիտ առէք եւ ծառ մը գծեցէք, ապա կարդացէք ձեր գծագրութեան արդիւնքը: - Եթէ ձեր ծառը տերեւաթափ ու մերկ է, հաւանաբար յուզական կեանքի մէջ ունիք հարցեր, դժուարութիւններ, զորս պէտք է դրսեւորէք եւ ապա լուծումներ փնտռէք ու գտնէք անոնց: *...

Փողոցի Մը Պատմութիւնը. Աբովեան Փողոց

Փողոցի Մը Պատմութիւնը. Աբովեան Փողոց

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորիս ծանօթ եւ սիրելի Աբովեան փողոցը Երեւանի առաջին փողոցը եղած է: Անիկա կառուցուած է 19-րդ դարու կիսուն եւ օրին կոչուած է Աստաֆեան` Երեւանի նահանգապետ Աստաֆեւի պատուին: Փողոցը կառուցուած էր Belle époque (գեղեցիկ դարաշրջան) ոճի առանձնատուներով: 1889 թուականին փողոցը վերանուանուեցաւ Ալեքսանդրովսկայա` Ալեքսանդր Երրորդի պատուին: Իսկ 1883-ին փողոցը կոչուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի անունով եւ մինչեւ օրս այդ անունը կը կրէ: Պոլշեւիկեան...

Մանկավարժներու Կարծիքով.  Հրաժարեցէ՛ք Հետեւեալ 5 Սխալներէն

Մանկավարժներու Կարծիքով. Հրաժարեցէ՛ք Հետեւեալ 5 Սխալներէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծնողներու բարկութեան, կարճատեւ բռնկումներուն կամ սխալ պահուածքի դրսեւորումները անջնջելի հետք կը ձգեն երեխաներու հոգեկերտուածքին վրայ, սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ամենաթողութիւնը եւ զիջումը նոյնպէս սարսափելի հետեւանքներ կրնան ունենալ` մեծցնելով կամակոր, անինքնավստահ, անպատասխանատու եւ եսակեդրոն զաւակներ: Որո՞նք են մանկավարժներու կարծիքով ոչ դաստիարակչական 5 սխալները: - 1 - Դուք «Կը Յանձնուիք» Ձեր Զաւկին Կամակորութիւններուն Օրինակ` եթէ ձեր երեխան կը պնդէ,...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Միեւնոյն նկարը կրնայ շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ ունենալ եւ տարբեր աչքով դիտուիլ իւրաքանչիւրիս կողմէ. իսկ առաջին հերթին տեսածը շատ բան կը բացայայտէ մեր մասին: Ներարկիչ Առաջին հերթին ներարկիչ կը տեսնեն այն մարդիկ, որոնք իրադարձութիւնները ողբերգութեան վերածելու, չափազանցելու հակուած են: Դուք ձեր ուշադրութիւնը շատ կը կեդրոնացնէք մանրուքներու վրայ, իրավիճակը իր ամբողջութեան մէջ տեսնելու դժուարութիւն ունիք: Հաւանաբար չափազանց շատ կը վախնաք...

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին.  Ձեր Ընտրած Նուէրը Կը Պատմէ…

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Ձեր Ընտրած Նուէրը Կը Պատմէ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը ուրախ առիթներ են` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ ինչու չէ նուէրի մը ճամբով պատգամ մը փոխանցելու: Իսկ դուք ի՞նչ կը նուիրէք ձեր սիրելիներուն, նուէրը ի՞նչ կը խորհրդանշէ ձեզի համար եւ, հետեւաբար, ձեր մատուցած նուէրը ի՞նչ կը պատմէ ձեր մասին: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն եւ ապա կարդացէք արդիւնքը: - 1 - Ձեր Կարծիքով...

Տան Յարդարանք.  Տօնածառի Հետաքրքրական Տարբերակներ

Տան Յարդարանք. Տօնածառի Հետաքրքրական Տարբերակներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հեքիաթային լոյսեր, պսպղուն աստղեր, ոսկեզօծ ժանեակներ... Անհնար է Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը պատկերացնել առանց տօնածառի: Ոմանք, սակայն, զանազան պատճառներով` տեղի, տրամադրութեան կամ ժամանակի անբաւարարութեան, որոշած են հրաժարիլ տօնածառ զարդարելէ: Այս անձերուն ըսենք, որ թէեւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը մարդուս հոգիին մէջ է եւ ոչ` ձեւականութիւններուն, բայց եւ այնպէս յառաջիկայ տօներուն ուրախութիւնն ու կախարդանքը մեծ չափով կախեալ են...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Հօր Հետ Յարաբերութեան Պակասը Երեխային Մօտ Լուրջ Հարցեր Կրնայ Յառաջացնել

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հօր Հետ Յարաբերութեան Պակասը Երեխային Մօտ Լուրջ Հարցեր Կրնայ Յառաջացնել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Առհասարակ երեխայի դաստիարակութեան հարցով թէ՛ հօր, թէ՛ մօր դերը շատ կարեւոր է: Այն երեխաները, որոնք հայերուն հետ յարաբերութեան պակաս ունին, հետագային կը բախին շատ լուրջ հարցերու: Հոգեբաններու կարծիքով, այն երեխաները, որոնք քիչ կը յարաբերին իրենց հայրերուն հետ, աւելի կամակոր, աւելի անինքնավստահ, թուլակամ եւ յաճախ աւելի յարձակողական կը դառնան: Երեխան հօր բացակայութեան պարագային ինքզինք պաշտպանուած չի զգար: Այդ է...

Հետաքրքրական.  Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ  Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Լիբանանցի ազգագրագէտներու եւ մտաւորականներու վկայութեամբ, անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծնունդը նուէրներու մրցավազք չէր, ոչ ալ ինքնաշարժի խցանումներ կամ արհեստակար ծառեր` ճոխացուած բազմազան պսպղուն գնդակներով կամ խաղալիքներով: Սուրբ Ծնունդը ո՛չ հնդկահաւն էր, ո՛չ «Կաղանդի կոճղը» (bûche de Noël) եւ հաստատ` ո՛չ ալ Կաղանդ պապան... Անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին պարզութիւն էր, խոկալու առիթ, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Գովել Երեխան Տեղին Եւ Չափաւոր

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովել Երեխան Տեղին Եւ Չափաւոր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ինչպէ՞ս ճիշդ գովել, խրախուսել երեխային ձեռքբերումները: Այս հարցը շատ կարեւոր է, քանի որ խրախուսանքը, գովասանքը կրնան ունենալ որքան դրական, այնքան ալ բացասական ազդեցութիւն: Հոգեբաններու կարծիքով` ԳՈՎԱՍԱՆՔԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է, ԵԹԷ ա.- Երեխան կը գովաբանեն բանի մը համար, որ անոր շնորհուած է ի ծնէ, կամ երբ տուեալ բանը ընելու համար իրմէ ջանք չի պահանջուիր: Առանց հիմքի գովասանքը թմրադեղի կը նմանի....

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին.  Ո՞ր Աթոռը Կ՛ընտրէիք

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ո՞ր Աթոռը Կ՛ընտրէիք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադիր նայեցէք նկարներուն եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրածը, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ մարդ էք, կրնաք երկար ժամեր աշխատիլ ծրագիրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ անձ էք: 2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի եղէգէ հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով ու բարձով, դուք վիպապաշտ,...

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին.  Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Նայեցէ՛ք ստորեւ տրուած նկարին եւ ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր մասին: Գիշերային Քաղաք Եթէ առաջին հերթին գիշերային քաղաք տեսաք, դուք հարուստ ներաշխարհով վիպապաշտ եւ խորհրդաւոր անձ մըն էք: Կը սիրէք արկածախնդրութիւնը , փոփոխութիւնը եւ նորութիւնները: Ձեր ոչ դասական արտաքին տեսքով եւ հանգուստի իւրայատուկ ոճով կը գրաւէք շրջապատի մարդոց ուշադրութիւնը: Անձնական կեանքի մէջ...

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին.  Ծածկամի՞տ, Թէ՞ Թափանցիկ Անձ Մըն Էք

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Ծածկամի՞տ, Թէ՞ Թափանցիկ Անձ Մըն Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծածկամի՞տ էք, թէ՞ թափանցիկ... այս հարցին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: - 1 - Երբ դուք ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութիւններէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»` ա.- Ամէն ոք: բ.- Միայն մտերիմները: գ.- Ոչ ոք: - 2 - Ձեր բարեկամուհիները գիտե՞ն, թէ որքան աշխատավարձ կը ստանաք: ա.- Գրեթէ բոլորը գիտեն: բ.- Ոմանք գիտեն:...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  3 Հարց Եւ Պատասխան

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 3 Հարց Եւ Պատասխան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1) Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ 5-6 տարեկան երեխայ մը արդէն ինքնաբաւ կը համարուի եւ բնականաբար կրնայ առանձին լոգնալ եւ հագուիլ: Մայր մը պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ կատարէ, իսկ լոգանքի ատեն երեխան պէտք է ձեռքի տակ ունենայ անհրաժեշտ բոլոր իրերը` սպունգ, օճառ, շամփուէն... Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, օժտուած` յատուկ «գորգով», որպէսզի երեխան չսահի, իսկ...

Page 11 of 25 1 … 10 11 12 … 25

Արխիւներ