Անպարտելի Ընկերը
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փայլուն հանգրուաններէն կը նկատուի արցախեան պատերազմը: Դարերու տանջանքէ ետք հայութիւնը կարողացաւ յաղթանակ մը արձանագրել` հեռացնելով թշնամի ազերին հայկական լեռնաշխարհի մէկ կարեւոր ու հիմնական մասէն` Արցախէն: Հարկ է լուսարձակի տակ առնել այն իրողութիւնը, որ այս յաղթանակը երբեք պատահական չէր, ոչ ալ` միայն մեծ պետութիւններու շահերու արդիւնք: Այս յաղթանակը հիմնականին մէջ արդիւնք էր հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ յատկապէս...