Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆՈՒՐ»Ը… ԵՒ ՄԵՆՔ

April 29, 2011
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն տարի, 24 ապրիլին, հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ոգեկոչէ ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը: Ահա իննսունվեց տարիներ անցան այդ մութ ու ողբերգական թուականէն: Տակաւին մեր եւ մեր շրջապատին յիշողութեան մէջ միշտ դրոշմուած պիտի մնայ այս թուականին խորհրդանշած եղելութիւնը, սակայն Լիբանանի մէջ տեղացիներէն շատեր կը մոռնան, կ՛անտեսեն կամ ալ չեն ճանչնար մեր Դատը:

Ամէն տարի ալ Լիբանանի մէջ գիշերային հսկումով, համալսարաններու մէջ ձեռնարկներով, երբեմն ալ քայլարշաւներով եւ ժողովրդային այլ ձեռնարկներով մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր նահատակ նախնիներուն` մեր Դատը ծանօթացնելով Լիբանանի հանրութեան եւ մեր ազգային յիշողութեան ու պատկանելիութեան ուխտը վերանորոգելով: Այս միջոցառումներուն կողքին, կարգ մը տեղական հեռատեսիլային կայաններ տարիներով յաճախ անդրադարձած են Մեծ եղեռնին` հայերուն նուիրուած յայտագիրներ յատկացնելով առ ի յարգանք Լիբանանի մէջ արմատացած հայերուն: Անշուշտ երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջանին ալ մեզ կը յարգեն:

Յամենայն դէպս այս վերջին քանի մը տարիներուն տեղական հեռատեսիլի կայաններուն պատկերասփռած առօրեայ յայտագիրներուն մէջ աննախընթաց փոփոխութիւն արձանագրուած է հայկական դիտանկիւնէն: Թրքական այս «յոյժ իմաստալից եւ դաստիարակիչ»  ֆիլմաշարերուն հոսանքը գրաւած է լիբանանեան (եւ հայ) հանդիսատեսը: Անշուշտ թրքական այս ներթափանցումը Լիբանան, ֆիլմաշարերու եւ շարժապատկերներու դուռէն, մեզ պէտք է ենթադրել տայ աւելի խոր եւ մութ թրքական ախորժակներու գոյութիւնը, եւ պէտք չէ թերագնահատենք այս ֆիլմաշարերուն երեւոյթը` անոնց մակերեսային բովանդակութեամբ, այլ պէտք է հարց տանք, թէ ինչո՛ւ Թուրքիան ի գին ամէն ինչի կը ձգտի ներխուժել Լիբանան` թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ մշակութապէս: Եւ արդեօք կարգը պիտի գա՞յ քաղաքականին: Յուսանք` ոչ: Այնուամենայնիւ, լիբանանեան կայանները, քանի մը բացառութիւններով, դարձած են թրքական «փառաւոր մշակոյթին» բանբերները: Առտու, կէսօր, իրիկուն` ե՛րբ որ հեռատեսիլը բանանք, սուրիական թարգմանութեամբ եւրոպական դիմագիծ ունեցող գրաւիչ գլխաւոր դերասաններու եւ աւելի թրքական դիմագիծ ունեցող երկրորդական դերասաններու կատարողութեամբ այս ֆիլմաշարերուն կը հանդիպինք: Մէկ կողմէ Պոլսոյ տեսարժան վայրերուն ցուցադրութեամբ, իսկ միւս կողմէ` շարունակ վէճեր ու ծեծուըռտուքներով, հակադրութիւններով լեցուն բարձրորակ գեղարուեստական կտոր կը հրամցնեն լիբանանցիին: Եւ տակաւին, լիբանանցիին եւ ընդհանուր առմամբ արաբ հանդիսատեսին հրապուրիչ կը թուին այս ֆիլմաշարերը: Այնքան հրապուրիչ, որ եթէ գլխաւոր դերասանուհին անձնասպան ըլլայ ժապաւէնին մէջ, անոր ըրածը կապկողներ կ՛ըլլան:

Թրքական ֆիլմաշարերուն ներթափանցումին զուգահեռ, այս տարի ապրիլ 24-ին յատկացուած որեւէ նշելի յայտագիր չկար լիբանանեան պատկերասփիւռային կայաններուն վրայ: Թերեւս Ցեղասպանութեան առթիւ հայերուն մասին փոքր տեսանիւթեր պատկերասփռուեցան, բայց բաւարար չէին: Հոս` պահ մը պէտք է հարց տանք, թէ արդեօք պարզապէս զուգադիպութի՞ւն է այս տարուան ապրիլ 24-ին տեղական կայաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձին բացակայութիւնը, տրուած ըլլալով, որ Զատիկ էր, թէ՞ անոր ետեւ քաղաքական պատճառներ եւ նախապայմաններ կան: Մենք լաւ կը ճանչնանք թուրքը եւ անոր ձգտումները: Ան իր ներկայութիւնը կը պարտադրէ Լիբանանի մէջ, ուր հայ գաղութը հայութեան սփիւռքին սիրտը կը խորհրդանշէ շատերու համար:

Հետեւաբար այս թրքական ֆիլմաշարերը կրնան հակադարձ ազդեցութիւն ունենալ մեր Դատին քարոզչութեան վրայ` Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մէջ: Թրքական մշակոյթին ներթափանցումը (Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութեամբ) լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն վրայ քաղաքական պայմաններ ենթադրելու է: Դժբախտաբար տեղական գլխաւոր կայանները շահագրգռուած պիտի չըլլան հայամէտ կամ հակաթուրք քարոզչութիւն պատկերասփռելու ապրիլ 24-ի օրը: Ի դէպ, վերջերս «Նիու Թի. Վի.» կայանին «Տարպ մպաքքալ» յայտագիրին բովանդակած սայթաքիչ թատրերգութիւնն ու «Շի. Էն. Էն.» յայտագրին մէջ հաղորդուած 25 հոկտեմբերի բողոքի ցոյցին անարգական ու անճշգրիտ ակնարկը ապացոյցներ են, որ հայերուն հաւաքական սրբութիւնը նոյնիսկ ծիծաղի եւ ծաղրանքի առարկայ կրնայ դառնալ: Ցաւալի է, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայուն պատիւը կ՛ոտնակոխուի հեռատեսիլէն հանրութեան առջեւ, եւ ոչ ոք կը շարժի, ոչ ոք կը բողոքէ:

Ցաւ ի սիրտ, նոյնիսկ «Օ. Թի. Վի.»ն մեր ձայնը հաստատ լսելի չդարձուց ապրիլեան աղէտին 96-ամեակին:

Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով`  կրնանք հաստատել, որ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններ թրքական ներթափանցումը հայութեան հաշուոյն կը կատարուի առաջին հերթին: Այսպիսով,  Թուրքիան լուսարձակները կը հեռացնէ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ մէկ քարով երկու թռչուն կ՛որսայ` իր կեղծ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը համայն արաբական աշխարհի մէջ սփռելով եւ Հայ դատին սուր հարուած հասցնելով:

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Նախորդը

ՆԱՄԱԿ` ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է

Յաջորդը

ԱՊՐԻԼ 24 ՉԵՆՔ ՄԻԱՅՆ

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։