Գաղութային

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Նշում Դամասկոսի Մէջ

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին` դամասկահայերը վճռած էին արժանավայել կերպով ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը: Առ այդ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Դամասկոսի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Զէյթուն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակիցները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Նրա Միջազգայնացման Գործընթացի Շուրջ (98-րդ տարելիցի կապակցութեամբ)

ԱՐՇԱԿ ՓՈԼԱԴԵԱՆ Այսօր, ապրիլի 24-ին, մենք կրկին հաւաքուել ենք գլուխ խոնարհելու Հայոց ցեղասպանութեան  անմեղ նահատակների յիշատակի առջեւ: Հաւաքուել ենք, դժբախտաբար, անսովոր պայմաններում` Հայոց ցեղասպանութեան կարեւոր կենտրոններից մէկը հանդիսացող Սուրիոյ նորագոյն  պատմութեան  ռազմաքաղաքական ծանր եւ փոթորկալից մի ժամանակահատուածում: Աւելի քան երկու տարի տեւած սուրիական ներքաղաքական  իրադարձութիւնները սփիւռքի միջնաբերդ հանդիսացող Սուրիոյ հայ համայնքին կանգնեցրել են նոր մարտահրաւէրների առջեւ: Ցաւով պիտի արձանագրել, որ...

Դամասկոսի Մէջ Երիտասարդական Հսկում

23 ապրիլ 2013-ին Դամասկոսի մէջ «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման երիտասարդական հսկումի երեկոյ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի ՍԵՄ-ի եւ Պատանեկան միութեան, ներկայութեամբ միութիւններու անդամներուն եւ բազմաթիւ դամասկահայերու: Հսկումի երեկոն սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, եւ ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի թմբկահարներուն յուզիչ եղանակին ընկերակցութեամբ սկաուտներ ծաղիկներ դրին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ: ՍԵՄ-ի խօսքը հայերէնով փոխանցեց Սուրիոյ երիտասարդական միութեան ատենապետ...

98-րդ Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան

Հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2013-ին, Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը յարգանքի իր տուրքը մատուցեց մեր նահատակներուն: Բեմին վրայ զետեղուած էին նահատակ գրագէտներու դիմանկարները, զորս նկարչութեան ուսուցիչի հսկողութեամբ պատրաստած էին Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները: Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Գրիգոր Զօհրապ կը հսկէին օրուան հանդիսութիւնը: Մարինէ Կիւլիւմեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց պատմական տուեալները Հայոց ցեղասպանութեան, որմէ ետք...

Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ` Սերոբ Յակոբեանի Կատարողութեամբ

Հովանաւորութեամբ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, կազմակերպութեամբ Նաքքաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբի վարչութեան, կիրակի, 28 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ` մասնակցութեամբ գաղութի խոստումնալից ուժերէն Սերոբ Յակոբեանի, ընկերակցութեամբ «Արցախ» նուագախումբին: Նշենք, որ այս ձեռնարկը Սերոբ Յակոբեանի առաջին հրապարակային ելոյթն էր: Կազմակերպիչ վարչութեան անունով խօսք առաւ Սագօ Հարմանտայեան, որ վեր առաւ յեղափոխական...

Համագաղութային Ոգեկոչում Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

«Ներում չկա՛յ առանց արդարահատուցման...». Այս էր փաստացի մթնոլորտը Մոնթեպելլօ քաղաքի «Պիքնել փարք»-ի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ուր հազարաւոր հայորդիներ եկած էին ոգեկոչելու եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին: Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին, չորեքշաբթի, ապրիլ 24-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ, ներկայութեամբ քաղաքական դէմքերու, համայնքի ներկայացուցիչներու, գաղութի բոլոր...

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Հայ ժողովուրդը, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը նշէ թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Առ այդ, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2013-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը յիշատակեց ապրիլեան զոհերը, յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարգրիտ Ազատեան, որ շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, թէ «հակառակ...

«Հայ Ենք Մենք» Երաժշտախառն Թատրոնը Երկրորդ Եւ Երրորդ Ելոյթներով

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը իր քառորդ դարեայ պատմութեան ընթացքին եղած է կրթական ա՛յն օճախը, որ հայ աշակերտին ջամբած է ուսում եւ կրթութիւն, անոր սորվեցուցած է ապրիլ հայօրէն եւ տէր կանգնիլ իր մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն: Այս հրամայականին հիման վրայ գործելով` վարժարանը լիբանանահայ հանրութեան ներկայացաւ «Հայ ենք մենք» երաժշտախառն թատրոնով, որ հանդիսատեսին կը փոխանցէր հայկական հարուստ աւանդութիւնները, որոնք մեզի...

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Պաշտամունք «Ապագան Յիշել»

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարին ըլլալով մեր աչքերը սեւեռած դէպի 100-ամեակ, ազգովին առանց խտրականութեան կը ձգտինք պահանջատիրական մեր իրաւունքներու հատուցման: 98 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ թուրքը աշխարհի աչքին առջեւ փորձեց հայութիւնը, կոտորել ու ջարդել հայ ժողովուրդը: Ձախողեցաւ, թէեւ մենք ա՛լ շատ բան կորսնցուցինք: 24 ապրիլ 2013-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեամբ, տարբեր համաժողովրդային ձեռնարկներ տեղի ունեցան, իսկ...

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի 65-ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգռաբթի 18 ապրիլ, 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ճաշարան «Մշարապիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակի նշում: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան: Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատանեպտ Մարալ Յովհաննէսեան: Ան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ականը...

Քանատա. Հակառակ Թրքական Հակացոյցին, 2000 Հայորդիներ Պահանջատիրութեան Ձայնը Բարձրացուցին Օթթաուայի Թրքական Դեսպանատան Դիմաց

Ապրիլ 24, 2013-ին, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա, ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ...

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Թուրքիոյ Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի բարձր աղմուկ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ, ուր այլեւս կը բարձրանայ թիւը այն անձերուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք ապրիլ 24-ին հրապարակ կ՛իջնեն յիշեցնելու համար 1915-ի պատահածները եւ բաժնելու համար հայ ժողովուրդին հարիւր տարիէ ի վեր կոտտացող ցաւը: Բայց, հայոց ի նպաստ գործող այս անձերն ու կազմակերպութիւնները միշտ իրենց դիմաց կը գտնեն հակառակորդներ, որոնք դեռ կը...

Ախալքալաք. Աւանդութիւն Դարձած Ջահերով Երթ

Կազմակերպութեամբ Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնին, 23 ապրիլին Ախալքալաքի մէջ  տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ջահերով երթը: Քաղաքին երիտասարդութիւնը հաւաքուեցաւ Ախալքալաքի Ազատութեան փողոցի վերջաւորութեան: Երթին մասնակիցները, որոնց թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, վառեցին ջահերը եւ սկսան երթը` հայկական, վրացական դրօշներով, ոճիրը դատապարտող պաստառներով եւ «Ճանաչում» վանկարկելով` քալեցին դէպի Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցի: «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Սարգիս Պալոյեան...

Ս. Նշան Վարժարանի 110-ամեակի Եւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի 50-ամեակի Նշում. 135 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Կրթական Առաքելութեան Շարունակութեան

110 տարի առաջ` 1902-ին, Ս. Նշան վանքին ետին գտնուող երկու պզտիկ սենեակներուն մէջ հիմը դրուեցաւ լիբանանահայութեան առաջին դպրոցին, որ հակառակ կենցաղային յարմարաւէտ պայմաններու բացակայութեան, կրցաւ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կարելի եղաւ ջամբել հայեցի անխարդախ դաստիարակութիւն ու կազմաւորել ազգային նկարագիրի տէր սերունդներ: 50 տարի առաջ` 11 հոկտեմբեր 1964-ին, Ս. Նշան վարժարանի աշակերտներէն Սուրէն Խանամիրեանի նուիրատուութեամբ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ հաստատուեցաւ...

ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Եռակողմ Խանդավառութեան Հրաշալի Տօնը` «Արուեստի Ծիլեր»

ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին համար արդէն աւանդութեան վերածուած «Արուեստի ծիլեր» մշակութային ձեռնարկը  այս տարի նուիրուած էր ՀԲԸՄիութեան ստեղծման 107-րդ տարեդարձին: Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան երախտագիտութեան  ու շնորհակալիքի մշակութային իւրատեսակ դրսեւորումը ըլլալէ զատ, այս ձեռնարկը միութեան աւելի քան մէկդարեայ ազգանուէր, հայրենանուէր  ու հետեւողական աշխատանքի     արդիւնքն էր, անոր ազգանպաստ գործունէութեան արգասիքը, որ այնքան գեղեցիկ անկեղծ կերպով ու նախանձելի...

Մկրտիչ Միքայէլեանին Կիթառի Համերգը

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական մշակութային միութեան, կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանին դասական կիթառի համերգը: Վեր. Հրայր Չոլագեան բացման խօսքով բեմ հրաւիրեց Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ հանրութեան հրամցուց հոգեպարար երաժշտական գեղեցիկ երեկոյ մը: Յայտագիրը կը ներկայացնէր առաջին հերթին Վահան Լուտեր Արթինեանի յօրինումներէն 5 փոքրիկ պատկերներ, որոնցմէ 2-ը յատկապէս գրուած էին այս համերգին...

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 12 ապրիլին Ազգ. առաջնորդարան այցելեց «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հանդիպում ունեցաւ ազգային վարժարաններու տնօրէններուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ: Քննարկուեցաւ յառաջիկայ տարիներու «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հետ գործակցութեան աշխատելաձեւը, նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

Երաժշտական Համերգ Այնճարի Մէջ

                        Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, կիրակի, 14 ապրիլ 2013-ի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական համերգ` կատարողութեամբ` երաժշտանոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն: Բացման խօսքը արտասանեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Անտոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժշտանոցի տնօրէնութեան եւ...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ Գծագրական Մրցում

              ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպեց գծագրական մրցում մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղի երեք դպրոցներէն 8 աշակերտներ` Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանէն Արեգ Գէորգեան եւ Վարագ Աբրահամեան, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Սելա Հեգիմեան, Շաղիկ Պէրպէրեան եւ Հելենա Քէրքէզեան, իսկ «Յառաջ...

Հաղորդագրութիւն

9 ապրիլին Ազգային առաջնորդարան այցելեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը տեղեկութիւններ փոխանցեց սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին: Ան յայտնեց, թէ վարժարանները գոյատեւելու, կանգուն մնալու եւ հայ սերունդներ դաստիարակելու ճամբուն վրայ զանազան մարտահրաւէրներու...

Page 92 of 114 1 … 91 92 93 … 114

Արխիւներ