Հայ Աւետարանական Քոլեճի Յաջող Հայկական Տոհմիկ Օրը
Հայ ազգային աւանդութիւններու եւ հայրենակցական գիտակցութեան պահպանման միտող հարուստ յայտագիր մը գործադրուեցաւ շաբաթ, 12 մայիս 2012-ի յետմիջօրէին, Հայ աւետարանական քոլեճի շրջափակին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն ձեռնարկը սկսաւ Հայ մարմնամարզական միութեան փողերախումբին խրոխտ հնչիւններով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն կատարումով: Օրուան հանդիսավարն էր դպրոցի ուսուցիչներէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ողջունեց Լիբանանի բոլոր շրջանակներուն մասնակցութիւնը այս յայտագիրին...
