Անդրադարձ

Մապրուք Եա Լուպնան

Մապրուք Եա Լուպնան

ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ Այո՛, շնորհաւորութի՛ւն, ո՜վ Լիբանան, 1943-ին Լիբանանի անկախացման եւ պետութեան ստեղծման 75-ամեակի ոգեկոչման առթիւ: Հոս, անտեղի է հանրածանօթ պատմական եղելութիւնները կրկնելը, բացի յիշելէ, որ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Լիբանանը, Պըշարա Խուրի նախագահին եւ վարչապետ Սամի Սոլհի օրով, համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իսկ, զօրավար Տը Կոլի հրահանգով, 22 նոյեմբեր 1943-ին անկախ հռչակուեցաւ: Նպատակս է երկու խօսքով փորձել արտայայտել Լիբանանի...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Անկախութենէն Անդին. Լիբանանը` 75 Տարի Ետք

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 75 տարիներ անցան Լիբանանի անկախութենէն, երկիր մը,որ տակաւին կը միտի անկախանալու եւ կերտելու պետականութիւն: Շատերուն համար Լիբանանի հզօր պետականութեան չկայանալուն պատճառը միասնական` արտաքին քաղաքականութեան չգոյութիւնն է եւ ոչ թէ` համայնքային քաղաքականութիւնը: 1946-ին, երբ ֆրանսական ուժերը լքեցին երկիրը, իշխող մարոնի համայնքի ղեկավարները սկսան քննարկել երկրի եւ իշխանութեան անվտանգութեան հարցը: Հոս կարեւոր է իմանալ, որ երկրի անվտանգութիւնը ուղղակի կապուած էր...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

«Դաշնակցութեան Գործած Սխալները»

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Իրօք Դաշնակցութեան աններելի սխալներէն հիմնականը այն է, որ ան բնաւ ամբոխավար, շշմեցուցիչ եւ շուկայական կուսակցութիւն մը չհանդիսացաւ իր 128 տարուան մաքառումի ամբողջ կենսափորձին ընթացքին: Կ՛երեւի ռազմավարական աններելի սխալներ էին Դաշնակցութեան կողմէ` առաջնահերթութեան վերածելը Արցախի ազատագրումը, վիրահայութեան անկաշկանդ գոյատեւումը, Հայ դատը, հայ-թրքական արձանագրութիւններու տապալումը, Հայաստանի պետական հիմքերու ամրապնդումը, հայոց բանակի մարտունակութիւնը, ոչ մէկ թիզ հող զիջիլը, զոյգ պետութեանց սահմաններու...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի  Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական  Փոխօգնութեան Դաշինք

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Փոխօգնութեան Դաշինք

Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ հրատապ նշանակութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը, վերլուծական ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ, թէ ինչո՛ւ այս փուլին է, որ Ստեփանակերտը հրատապ կը նկատէ այս համաձայնագիրի կնքումը: Նախ պէտք է արձանագրել, որ այս համաձայնագիրին ուղղութեամբ ամէն ակնարկ կը յիշեցնէր, որ իրաւապայմանագրային տեսքի կը բերուէր այս ձեւով այն առաջադրանքը, որ կը բանաձեւէր,...

Հայ Քաղաքական Կեանքի Մենակը Կամ` «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն»

Հայ Քաղաքական Կեանքի Մենակը Կամ` «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն»

ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ Հերթական ընտրութիւններն են անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, եւ ինչպէս բոլոր ընտրութիւններից առաջ, սկսուել է Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութիւնը... Քաղաքական պայքարի տեսակէտից գուցէ տարօրինակ բան չկայ, ցաւալին այն է, որ Դաշնակցութեանը մերժելու մտասեւեռումը մղում է նսեմացնել մեր ազգային արժէքները, ոչ հեռաւոր անցեալի պատմութիւնն ու հերոսական էջերը` վերջին 100 տարուայ ազգային ձեռքբերումները, առանց որոնց, որպէս ազգային-պետական հաւաքականութիւն, այսօր չէինք լինի: Քանի...

Նամականի

Նշմար. Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Աւարտը Ոգեկոչող Փարիզի Հանդիսութեան Ընթացքին Պատմական-Խորհրդանշական Պատշաճութեան Ու Դիւանագիտական Արարողակարգի Բացայայտ Անտեսում

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ֆրանսան ճանչցուած է դիւանագիտական արարողակարգը (փրոթոգոլ) յարգող երկիր: 11 նոյեմբեր 2018-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 11 նոյեմբեր 1918-ի Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին100-ամեակը ոգեկոչող հանդիսութեան ընթացքին դիւանագիտական արարողակարգը եւ հանդիսութեան մասնակից պետութիւններու ներկայացուցիչներուն պատմական-խորհրդանշական դասաւորումը չէր յարգուած: Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակի նշումի Փարիզի պաշտօնական հանդիսութեան պատուոյ հիւրերուն դասաւորումը:Առաջին շարքին նստած է Իսրայէլի վարչապետը, անպատշաճ կերպով ոտքը ոտքին դրած,...

Ինչպէ՞ս Տեսայ «Հայոց Թիֆլիսը»

Ինչպէ՞ս Տեսայ «Հայոց Թիֆլիսը»

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Սեպտեմբեր 29-ին որոշեցինք ընտանիքով մէկ օրուան համար Թիֆլիս երթալ` պտոյտի: Նախքան ճամբայ ելլելը` խորհրդակցեցանք, թէ ո՛ւր պիտի հանգրուանինք: Ես անմիջապէս առաջարկեցի Հաւլաբարը` հին հայկական թաղամասը, հիմնաւորելով, որ լաւ դիրք ունի, շատ տեսարժան վայրեր կան շուրջը եւ վերջ ի վերջոյ հայահոծ վայր մըն է օտար հողի վրայ: Ծնողքս առարկութիւն չըրին, անոնք ալ ուզեցին վրացահայութեան սիրտը տեսնել, մանաւանդ որ հայրս...

Փեսայ Ճա՛ն

Վիգէնին «Վերադարձ»-ը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Վիգէն Դարբինեան Փարիզէն վերադարձած է Լոս Անճելըս` երգահանդէսով մը ներկայացնելու իր «Վերադարձ» խտասկաւառակը: Կիրակի,  28 հոկտեմբեր 2018: Կը հասնինք Հոլիվուտի «Լիթըլ Արմինիա» (Փոքրիկ Հայաստան) թաղամասի, գեղատեսիլ անտառի մը մէջ գտնուող «Պարնստոլ կալըրի թիեթըր» վայելելու Վիգէնին նախապէս եւ նոր ձայնագրուած երգերը: Ներկաներուն մէջ նկատելի է երիտասարդներու եւ պատանիներու բացակայութիւնը: Բոլորս միջին տարիքը անց, սակայն հայ արուեստի հանդէպ սիրոյ զգացումներով...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատական Նորընտիր Մեծամասնութիւնը Պիտի Խափանէ Թրամփի Նախագահական Լիազօրութիւնները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 6 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւնները զգալիօրէն կը սահմանափակեն նախագահ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարումը որպէս բռնապետութիւն: Իր նախագահութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին Թրամփ յաճախ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները` ստորագրելով հրահանգներ եւ վերահսկելով Միացեալ Նահանգներու ինչպէս գործադիր, նոյնպէս ալ օրէնսդիր իշխանութեան մարմինները` Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան շնորհիւ: Այդ ընթացքին...

Հինէն Մեզի

Աշխարհը Միքրոքանդակով

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Պապն ու թոռը կողք-կողքի են, թոռը ակնապիշ կը հետեւի պապիկին ձեռքի շարժումներուն, որ այնքան զգուշօրէն կը հարուածէ` մանրադիտակէն դիտելով իր քանդակը, բան մը, որ անկարելի է անզէն աչքերով տեսնել... Ու այդ պահէն ի վեր փոխանցում մը տեղի կ՛ունենայ, արեան ու ծինին ճամբով փոխանցուածն է, որ կեանք կ՛առնէ, ջերմ ու մտերմիկ ցանկութիւն մը կը գծէ մանուկին ներաշխարհին մէջ, ցանկութիւն`...

Շնորհակալութի՛ւն  Համազգային

Շնորհակալութի՛ւն Համազգային

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական անորոշութիւնն ու տնտեսական տագնապը հաւաքական որեւէ նախաձեռնութիւն ի սկզբանէ կրնան ձախողութեան մատնել: Համայնքի մը մէջ, ուր ազգային-միութենական կառոյցները ինքնապահպանման դաժան կռիւ կը մղեն ամէն օր ու ամէն ճակատի վրայ: Մէկ շաբթուան ընթացքին մշակութային բարձրորակ երեք ձեռնարկ փայլուն յաջողութեամբ կազմակերպելը, իսկապէս, արժանի է գնահատանքի եւ դրուատիքի: Կրնայ առարկուիլ, որ մեր միութիւններէն իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնն...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Ժողովրդին Մեղադրելու Արուեստը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ով ինչ ուզում է ասի, մեր ժողովուրդը միշտ լաւն է ու այդպէս էլ պիտի լինի: Սա այսպէս է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մեր ուժի, մտքի, աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան միակ աղբիւրն է: Սա այսպէս է, որովհետեւ ժողովուրդը մեր անցեալի, ներկայի ու ապագայի թէ՛ ներշնչարանն է եւ թէ՛ ապաւէնը: Եւ լինենք անկեղծ ու խոստովանենք, որ այս համոզումն ու հաւատքը հետեւողականապէս ունեցել...

Դուք Էք Որոշում

Ձեր Եփած Ճաշերը Դաշնակցութիւնից Հեռու Կերէք

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ «Մենք չենք պատրաստւում քոալիսիոն կազմել մի քաղաքական ուժի հետ, որտեղ մեր ձայնը վճռորոշ չի լինի: Մենք այլեւս այդպիսի քոալիսիոնների մէջ չենք լինի, որտեղ առանց Դաշնակցութեան կարող են որոշումներ ընդունուել, սա մեր անցած ճանապարհի գլխաւոր գնահատականն է, որը տալիս ենք մեր ամբողջ ճանապարհը վերլուծելով: Մենք մնացել ենք այն պատասխանատուութեան տակ, որի համար ՀՅԴ-ն պատասխանատու չէ, քանի որ չի եղել...

Յայտարարութիւններ (27 Հոկտեմբեր 2018)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի 2019-ի Օրացոյցը` Հայկական Մշակութային Արժէք Ներկայացնող Հրատարակութիւն Մը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Վերջերս լոյս տեսաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան  պատկերազարդ եւ մշակութային արժէք ներկայացնող 2019-ի օրացոյցը: Օրացոյցին կողքը եւ իւրաքանչիւր ամսուան էջերը կը ներկայացնեն Արեւմտեան Հայաստանի վայրերը եւ իւրաքանչիւր գաւառի կամ շրջանի աւանդական տարազները: Այսպէս, կարգ մը ամիսներու էջերուն վրայ պատկերուած են` Սեբաստիոյ, Տարօնի, Մուշ - Տարօնի, Արաբկիրի, Շապին Գարահիսարի, Վան-Վասպուրականի, Զէյթունի, Մուշի, Վանի տարազները, որոնք մեր նախահայրերուն ժառանգն...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Զաւակներու Սրտերը Եւ Նախնիներու Հողը Կամ` Սփիւռքացման Աղէտը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հոգեխոցի Վկայութիւն Մը Եւ Աղէտներ Մամուլով եւ բեմերէ, Նիւ Եորք եւ Աթէնք, յիշեցի յոյն գրող Տիմիթրիոս Վիքելասի «Լուքիս Քարաս» գիրքէն արտագրուած պարբերութիւն մը: Ամէն անգամ որ կը կարդամ Տիմիթրիոս Վիքելասի տողերը, կ’ունենամ այն զգացումը, որ նոր կը հանդիպիմ անոնց, ամէն անգամ նոր բան կը թելադրեն անոնք, կամ հայրենահանուածներու սփիւռքի գիտակցուած կամ անգիտակից հոգեխոցը (trauma) կը տեսնեմ: Հայրենահանուածներու սփիւռքը...

Բաղէշի Անդենց Գիւղի Սուրբ Անանիա Հայկական Եկեղեցին Որպէս Մարագ Եւ Յարդանոց Կ՛օգտագործուի. Թրքական Լրատուամիջոցին Անդրադարձը

Բաղէշի Անդենց Գիւղի Սուրբ Անանիա Հայկական Եկեղեցին Որպէս Մարագ Եւ Յարդանոց Կ՛օգտագործուի. Թրքական Լրատուամիջոցին Անդրադարձը

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքը գտնուող Բաղէշի (թրք. անուանումը` Պիթլիս) Անդենց գիւղի (թրք. անուանումը` Տէյիրմենալթը) աւելի քան 1400 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական Սուրբ Անանիա եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս մարագ եւ յարդանոց: Այդ մասին, ըստ «Ակունք» կայքէջին, կը հաղորդէ «Իհլաս» թրքական լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրին յայտնելով, սոյն եկեղեցին 1993-ին արձանագրուած է Տիգրանակերտի մշակութային հարստութիւններու պահպանման շրջանային խորհուրդի կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ են նաեւ 15-րդ դարու...

Թեւ. Մեր Բառերուն Ամէնէն Լայնատարածը

Թեւ. Մեր Բառերուն Ամէնէն Լայնատարածը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Տաթեւի վանքի ճոպանուղին, որ արժանապէս կոչուած է «Տաթեւեր», պէտք է ընդունիլ, որ աշխարհի ամէնէն թեւաւոր միտքերէն մէկն էր. մէկ սարէն միւսը` հինգ քիլոմեթր ճոպանի վրայ սլանալ... Մեր աշակերտները զարմանքով կը լսեն, որ վանքին անունն իսկ սերած է ճարտարապետի վերջին խօսքէն` «Տա՜յ թեւեր» ձայնարկութենէն: -  Պարո՛ն, այս վանքը լերան կտուրին վրայ թառած թեւաւորի կը նմանի: - Սուր աչք ունիս:...

«Մենք Դեռ Կ՛ապրինք Հայերու Կտուրներու Տակ». Կարսի Քիւրտերը Կը Պատմեն Հարեւաններու Մասին

«Մենք Դեռ Կ՛ապրինք Հայերու Կտուրներու Տակ». Կարսի Քիւրտերը Կը Պատմեն Հարեւաններու Մասին

Հայաստանը Թուրքիայէն բաժնող սահմանը ընդամէնը 50 մեթր է հեռու Կարսի Քիլիթթաշ գիւղէն,  կը գրէ թրքական Gazetekarinca-կայքը` նշելով, որ կարճ հեռաւորութիւնը իրականութեան մէջ ցոյց կու տայ երկու ժողովուրդներու համատեղութիւնը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք լքուած հայկական տուները վերաբնակեցուած են հարեւան բնակավայրերէն բերուած քիւրտերով, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձած են հայերու տուներու եւ անոնց եկեղեցիներու նոր տէրերը: Քիւրտերը կը խոստովանին, որ հարիւր տարուան ընթացքին Քիլիթթաշի...

Խմբագրական.  Ընտրական Մշակոյթի  Կայացման Հրամայականը

Խմբագրական. Ընտրական Մշակոյթի Կայացման Հրամայականը

Պաշտօնական Երեւանը իր առջեւ դրած է առաջադրանք` 9 դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աննախադէպ կազմակերպելու եւ կայացնելու առումով: Աննախադէպ ո՛չ միայն Հայաստանի վերանկախ հանրապետութեան պատմութեան մէջ, այլ նաեւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին միջազգային ամէնէն բարձր նշաձողերը նուաճելով: Եթէ ներհայաստանեան մակարդակով Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, բողոքարկումներու բացակայութիւնը, բայց մանաւանդ հասարակութեան համոզուածութիւնը բաւարար կը նկատուին ընտրութիւններու աննախընթացութիւնը արձանագրելու, ապա...

Քաղաքականութիւն` Առանց Քաղաքական Համակարգերի Կամ Ճամբարափոխութեան Մարտնչող Ուրուականը

Քաղաքականութիւն` Առանց Քաղաքական Համակարգերի Կամ Ճամբարափոխութեան Մարտնչող Ուրուականը

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պետութեան քաղաքական համակարգի ու քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորումը տեւական գործընթաց է, որն ուղեկցւում է աստիճանական զարգացումներով ու փոխակերպումներով. մանաւանդ` նորանկախ պետութիւնների պարագայում, երբ, սովորաբար, ի դէմս կուսակցութիւնների, քաղաքական դաշտի դերակատարների մեծ մասը հաստատութենական  պատմութիւն չունեն: Այս պարագայում, կարեւոր խնդիրը թէկուզ դանդաղ, բայց որոշակի աշխուժութիւն ունեցող զարգացման շարունակականութեան ապահովումն է, եւ նաեւ, դաշտում արդէն գոյութիւն ունեցող հաստատութենականացուած ուժերի ներուժի գնահատումն...

Page 492 of 806 1 … 491 492 493 … 806

Արխիւներ