Անդրադարձ

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Հայաստան, Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Այնքան ատեն որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել եւ մարդկային կեանքեր խլել, աշխարհի երկիրները, յատկապէս` Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, ստիպուած են բարդ ընտրութիւն կատարելու իրենց քաղաքականութեան, հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս քուէարկութեան մէջ: Հակառակ Թուրքիոյ  յարափոփոխ  դիրքորոշման  մասին առկայ մտահոգութիւններու` ակնյայտ է, որ ո՛չ Ռուսիա, ո՛չ ալ Արեւմուտքը...

Դաւիթ Գիւրջինեան` Օրինակելի Նախագահը Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէի

Դաւիթ Գիւրջինեան` Օրինակելի Նախագահը Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Մենք ակնկալում ենք, որ Հայաստանի արտաքին տեսքը նախ պիտի հայերէն լինի, յետոյ` օտար լեզուով: Հայաստանում պիտի գրագրութիւնը լինի հայերէն» ԴԱՒԻԹ ԳԻՒՐՋԻՆԵԱՆ Հայաստանի լեզուի կոմիտէի նախագահ Հայաստանի ԱՌԱՒՕՏ թերթի կայքին վրայ կարդացի թղթակցութիւն մը: «ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ»-ի մամուլի կեդրոնին մէջ լեզուի աղարտման պայքարի նախաձեռնութիւններու մասին խօսած է Հայաստանի Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան: Կ՛արտագրեմ երկար հատուած մը, ընթացիկ մէջբերումով կարելի...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Դրախտավայրէն` Գեհեն – Սփիւռքի Դերը Հիմա

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Մեր դրախտավայրը վերածուեցաւ ԳԵՀԵՆի, որուն կրակը չի տեսնուիր, բայց կը մոխրացնէ ՀՈԳԻՆ: Պարոն վարչապետն ու իր կամակատարները Եռաբլուրի նահատակները իբր թէ կը յարգեն (ոճրագործ մը իր ոճիրի վայրը կը վերադառնայ յաճախ): Կը յարգե՞ն. անշո՛ւշտ ոչ, երբ ամբո՛ղջ ազգը նահատակ դարձուցած են: Պաշտօն ստանձնած են բարեբեր խոստումներով, ապա մահաբեր ոստումներով բացած են գեհենը մեր շուրջ, որ կը ծաւալի՜ ու...

Չեռնոպիլի Աղէտը

Չեռնոպիլի Աղէտը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ  Չեռնոպիլը ուքրանական հիւլէական կայան է, ուր տեղի ունեցաւ 24 ապրիլ 1986 թուականի աղէտալի միջուկային արկածը: Ելեկտրակայանին մէջ սովորական փորձարկումի ժամանակ ահաւոր սխալ մը գործուեցաւ, եւ երկու ուժեղ պայթումներ ջախջախեցին կայանի բաժանմունքներէն մէկուն 1000 թոն կշռող երդիքը` արձակելով Հիրոշիմայի վրայ նետուած հիւլէական ռումբէն 400 անգամ աւելի շատ ճառագայթում: Պատմութեան մէջ ամենասարսափելի միջուկային աղէտալի այս պայթումներուն պատճառով տեղւոյն զոհուեցան երկու...

Ակնարկ.  Անթալիան Եւ Խնդիրներու  Փոխկապակցումը

Ակնարկ. Անթալիան Եւ Խնդիրներու Փոխկապակցումը

Անթալիոյ մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն արցախեան հակամարտութեան լուծման եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին փոխկապակցուած ըլլալը: «Կովկասի մէջ մենք եռակողմ, քառակողմ մեքանիզմներ ունինք: Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, խաղաղութեան համաձայնութիւն ըլլայ, ինչո՞ւ Հայաստանն ալ չներառենք: Եթէ խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին կը խօսինք: Սակայն  ատոր համար Հայաստանն ալ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Որպէսզի Չկրկնուի Ստապատիր «Յաղթելու Ենք»-ը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պահ մը հեռանանք աշխարհի ուշադրութիւնը կլանող` Ուքրանիոյ տագնապէն, ու (առանց մոռնալու ծաղկեփունջ մը նուիրել հայ կնոջ` իր տօնին առիթով), մեր աչքերը ուղղենք մե՛զ տագնապեցնող` Հայաստանի ու Արցախի իրադարձութիւններուն: Յստակ է, որ անցնող իւրաքանչիւր օր քիչ մը աւելի՛ բացայայտ կը դարձնէ, թէ մեր ժողովուրդին եւ իշխանութեան հայեցակէտերուն միջեւ վիհը որքա՜ն կը խորանայ. կարծէք թէ ո՛չ միայն հասած ենք անոնց...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

2022 – «Սփիւռքի Տարի». Արձագանգելով Հռչակագիրի Կոչին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. յատուկ հռչակագիրով բացուող Նոր տարին կը յայտարարէ դէպքի մը կամ երեւոյթի մը նուիրուած` ժողովուրդին թելադրելով ամբողջ տարուան ընթացքին հետեւիլ այս հռչակագիրի կոչին եւ տրուած յորդորներուն, կէտերուն, ինչպէս նաեւ դրական ուղիներ որոնեն եւ աշխատին նոր ծրագիրներ իրականացնելու ի խնդիր: Մեկնելով սփիւռքեան բազմազան եւ բազմաշերտ մտահոգութիւններէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսը...

Արցախեան Վերջին Պատերազմի Ամէնէն Ցաւոտ Հետեւանքներէն Մէկը` Մշակութային Յուշարձաններուն Ճակատագիրը

Արցախեան Վերջին Պատերազմի Ամէնէն Ցաւոտ Հետեւանքներէն Մէկը` Մշակութային Յուշարձաններուն Ճակատագիրը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ամէնէն ցաւոտ հետեւանքներէն մէկը ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ անցած շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական սրբավայրերուն եւ պատմամշակութային յուշարձաններուն հետագայ ճակատագիրն է: 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտնի յանձնուողական եռակողմանի յայտարարութեան հիմամբ Ազրպէյճանին յանձնուեցան, բացի նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին շուրջ գտնուող արցախեան պատմական տարածքներէն, նաեւ Հադրութի եւ Շուշիի շրջանները, իսկ հիւսիսէն` Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը: Այս բոլոր շրջաններուն...

«Ազատութեան» Ուխտի Ալեհեր Հսկան  (Աւետիս Ահարոնեանի Յիշատակին)

«Ազատութեան» Ուխտի Ալեհեր Հսկան (Աւետիս Ահարոնեանի Յիշատակին)

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Դէպի անմահութեան քայլ մը եւս կրնանք մօտենալ, երբ` հայ գրականութեան առաջ ծնրադիր, կը բանանք մատեանը հրաշափառ Մեսրոպի բանակին: Յաճախ դարեր ու աւելի արձագանգով շողուն բառերը կամարներ հիւսեր են կեանքի ու փառքի, մարտիրոսացումի, խիզախութեան ու հառաչանքի, երախտագիտութեան ու տառապանքի, հնչեր են բարբառը հնամեայ հաւատքի, դարձեր շտեմարանը վեհ գաղափարի: Հայեացքներ, որոնք կառչած պահեր են փոթորկացած յոյզեր` ազատութեան բագինին գեղագրելու փառապանծ...

«Խայը»`  Իբրեւ Կերպար

«Խայը»` Իբրեւ Կերպար

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Ստորեւ իո վերահրատարակենք «Ազդակ»-ի 2011-ի Նոր տարուան բացառիկին մէջ լոյս տեսած յօդուածը՝ Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» վէպին եւ անոր հերոսին նուիրուած՝ նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը: Վստահ եմ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները քաջածանօթ են այս վերնագիրին եւ տիպարին: Հաստատապէս գիտեմ նաեւ, որ բոլոր հայորդիները, որոնք կարդացած են «Խայը» պատմուածքը, խորապէս ազդուած են անկէ: Չեմ վարանիր «վստահ», «հաստատ», «խորապէս» եւ այլ...

Լիբանան.- Պատկերները Թող Խօսին

Լիբանան.- Պատկերները Թող Խօսին

Ա. Ա. Լիբանանը վիրաւոր չէ: Մահամերձ է: Իսկ մենք առասպելներու եւ հեքիաթներու դարը չենք ապրիր, որպէսզի հաւատանք, թէ փիւնիկեան թռչունը մոխիրներէն պիտի յառնի: Մեր դարուն նման բանի հաւատալու համար կարիքը կայ բազմաթիւ գործօններու եւ ազդակներու, որոնց ամբողջութիւնն է, որ միայն կրնայ փրկել Լիբանանը մահուան ճիրաններէն: Առասպելները ձգենք գիրքերու էջերուն մէջ եւ փորձենք լուսանկարներու շարքով մը պատմել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն առօրեայ...

Որպէսզի Թռիչքը Վախէն Հաճոյքի Վերածուի

Որպէսզի Թռիչքը Վախէն Հաճոյքի Վերածուի

ՅԱՐՈՒԹ ԱՐԹԻՆԵԱՆ Ճամբորդութիւնը մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասն է` տարբեր նպատակներով կատարուած (գործ, զբօսաշրջութիւն, գաղթ եւ այլն...), բայց եւ այնպէս մարդ անպայման, գէթ անգամ մը այս փորձառութիւնը կ՛ապրի: Մերօրեայ ճամբորդութիւնը ընդհանրապէս օդանաւով կ՛ըլլայ, յատկապէս եթէ ուղղութիւնը հեռու է: Օդանաւն ալ ոմանց համար հաճոյք եւ ուրախութիւն, ուրիշներու համար վախ եւ անձկութիւն կը պատճառէ, ոմանք պրկուած եւ ժխտական տրամադրուած կը բարձնանան օդանաւ,...

Մեր Արշիկը

Մեր Արշիկը

Մօտաւորապէս քառասուն օրերը առաջ աչքերը փակեց ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի (Պէյրութ, Զոքաք Պլաթ) տարիներու վաստակաշատ անդամ Արշալոյս Գոնտայեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առիթով «Մեղրի» մասնաճիւղին կողմէ անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին կարդացուած դամբանակը: 96 տարիներու կեանք... Քանի՞ բառով կարելի է զայն ամփոփել: Ընկերուհի Արշիկի պարագային, իր Սասունի արմատներէն եկող, Հալէպի մէջ պատանեկութեան երիտասարդութեան հասնող եւ Պէյրութի, Զոքաք Պլաթ թաղին մէջ շարունակուող կեանքը, մեզի`...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Սփիւռքահայ Գրող Խոսրով Ասոյեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Սփիւռքահայ Գրող Խոսրով Ասոյեան

3 մարտ 2022-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ շուրջ յիսուն տարուան բանաստեղծական վաստակ ունեցող, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալած Խոսրով Ասոյեան: Ան որ առաջին գործերը հրատարակուած են Պէյրութ, Լիբանան` «Կէտեր» (1971) եւ «Արեւագալ» (1973) խորագիրի տակ, ապա «Բագին» ամսագիրի մէջ բանաստեղծութիւններու շարք մը լոյս կը տեսնէ 1978-79 տարիներուն, երբ կարճ շրջան մը մաս կը կազմէ ամսաթերթի խմբագրութեան: Լիբանանի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Տխմարավարութիւն – Idiocracy Ամերիկան Եւ Հայաստանը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սեպտեմբեր 2006-ին լոյս տեսաւ Մայք Ճաճի (Mike Judge) գրած, արտադրած եւ բեմադրած «Իտիոքրասի» ապագայապաշտական ժապաւէնը, որ բախտը ունեցայ քանի մը անգամ դիտելու: Ժապաւէնին խորագիրը` Idiocracy, բաղադրուած է անգլերէն Idiot, որ կը նշանակէ տխմար, ապուշ եւ` Democracy, որ կը նշանակէ ժողովրդավարութիւն բառերէն, որ ես թարգմանեցի «Տխմարավարութիւն»: Գիտաերեւակայական այս ժապաւէնը, թէեւ` զաւեշտական սակայն աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային դրութեան մը մարգարէացումն է,...

4 Մեթր Քառակուսի

4 Մեթր Քառակուսի

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Այսպէս անուանած էին ծրագիրը եւ այսքանով սահմանած այն տարածքը, ուր պիտի իրականացուէր ան` ամբողջ բեմի տարածքէն միայն 4 մեթր քառակուսին օգտագործելով: Ընդհանուր 26 ներկայացումներէ թիւով միայն 3-ը հասան հանդիսատեսիս: Անոնք էին «Սպասելով Նոյին», «Կարծես Կ՛ապրինք» եւ «Ես»-ը: Մասնակիցները իրենց ներկայացումներուն մէջ պէտք էր ներառէին «Քորոնա» համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստի օգոստոս 4-ի պայթումը, Լիբանանի ժողովրդային շարժումը եւ ներկայացումը կատարէին միայն...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (38) Սուրբ Զատիկին Տիրայր եպս. Փանոսեան կը պատարագէ  Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ երեք քարոզ կու տայ: Ան առաջին քարոզը կու տայ «Հայր մեր»-էն առաջ, քարոզի սովորական տեղը: Երկրորդը` սուրբ հաղորդութիւնը բաշխելէն ետք: Երրորդը` վերջին աւետարանը կարդալէն առաջ: Ինչո՞ւ: Ինքն է պատմողը եւ լուսաբանողը. «Գիտես: Հալէպի ժողովուրդին հաւատքը նկարագրելու պէտք չունիմ: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն է կանուխ...

Դուն Հոն Չես Այլեւս (Մելքոն Տէմիրճեանի Պայծառ Յիշատակին)

Դուն Հոն Չես Այլեւս (Մելքոն Տէմիրճեանի Պայծառ Յիշատակին)

ԹԱՄԱՐ Ս. Բնաւ չեմ սիրած մահագրութիւնները, կամ մահուան պարագաներուն պատուիրուած չոր ու ցամաք գրութիւնները. կարծես ստիպուած ես մեռնող մարդուն մասին անպայման լաւ բաներ գրել` ամօթ համարելով հարազատներուն եւ սիրելիներուն առջեւ հանգուցեալին  թերութիւններուն կամ սխալներուն մասին խօսիլ, իրենց խոցուած սիրտն ու զգացումները չվիրաւորելու նկատառութեամբ: Եւ, ի վերջոյ, մէկու մը տկար կողմերուն կամ սխալ ընթացքին մասին խօսիլը համարձակութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ դամբանականներուն...

Պարոն Յակոբը

Պարոն Յակոբը

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն բուրդէ գլխարկը` գլխուն, կամուրջի նմանող լսողական գործիքը` ականջներուն, պարոն Յակոբը այսպէս խօսեցաւ առաջին անգամ «Զում»-ի պաստառէն, երբ իրարու հանդիպեցանք: - Հայերէն կը խօսիմ, կը կարդամ, բայց գրաւոր հայերէնս կ՛ուզեմ բարելաւել: Կ՛ուզեմ հայ գրագէտներու գործերուն ծանօթանալ: Ամէն երկուշաբթի ժամը եօթնին էր մեր ժամադրութիւնը: Այդ ժամանակ պրն. Յակոբ եօթանասունութ տարեկան էր: Ժրաջան «աշակերտ»` իւրաքանչիւր դասէ ետք` «լա՛ւ....

Կիներու Միջազգային Օրուան  Եւ Ուսուցչաց Տօնին  Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումները

Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումները

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառումներ, որոնք կը վերաբերին Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց տօնին: Առաջին առիթին վերաբերող գրառումին մէջ երեսփոխան Բագրատունի կը նշէ. «Կինը հասարակութեան կէսը չի կազմեր, այլ անոր հիմքը: Հայրենասիրութեան անոր դաստիարակութիւնը կը կերտէ պարկեշտ քաղաքացին, իսկ անոր մարմնաւորած դիմադրութիւնը կը կերտէ տոկացող ժողովուրդ մը: Կիներու...

Page 271 of 807 1 … 270 271 272 … 807

Արխիւներ