Արդեօք «Ժապհաթ Նուսրա»-ն Արսալի Մէջ Գոյութիւն Ունի՞
Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանեան բանակը կ՛ուղղուի դէպի Արսալ: Ոչ մէկ լիբանանցի կրնայ եւ իրաւունք ունի մոռնալու 1999-ի վերջերը Տըննիէի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները, որուն լոյսին տակ «Քայիտա»-ի անդամներ այդ շրջանին մէջ ստեղծեցին ապահովական կղզիներ եւ իրենց յատուկ որջեր: Սակային օրին անոնց համար ապահովուած քաղաքական հովանին ձախող դուրս եկաւ, որովհետեւ կառավարութիւնը հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած դէպքերէն ինքզինք զանց չկացուցեց: Ընդհակառա՛կն, օրին ան...
