Հայերու Ոսկորներու Արտածումը. Ցնցիչ Պատմութիւն Մը` Պասքըն Օրանի Գրիչէն
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» «Ռատիքալ»-ի կիրակի 16 մարտ 2014-ի յաւելուածականին մէջ յայտնի հրապարակագիր Պասքըն Օրան ցնցիչ յօդուած մը ունէր, ուր կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս 1920-ական թուականներուն արտածումի նիւթ դարձած էին սպաննուած տասնեակ հազարաւոր հայերու ոսկորները: Յօդուածին առաջին մասին մէջ Պասքըն Օրան կը պատմէ ատանացի Մանուէլ Քըրքեաշարեանի նոր մէկ յուշը, որ ձայներիզի վրայ արձանագրուած է եղեր անոր ձայնով: Ընթերցողները պիտի յիշեն, որ Պասքըն...












