Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ժապաւէնի Պատճառով. Ազգայնապաշտ Շրջանակներ «Հայրենադաւ» Յորջորջեցին Ֆաթիհ Աքընը
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Գերմանիա բնակող թուրք շարժանկարիչ Ֆաթիհ Աքընի «Կտրուածք» ժապաւէնը, որ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այս օրերուն շատ կը խօսեցնէ իր մասին ու կարգ մը պահպանողական կամ ազգայնապաշտ շրջանակներու ալ դատապարտութեան կ՛արժանանայ: Ֆաթիհ Աքըն մինչեւ իսկ հայրենադաւութեամբ ամբաստանուեցաւ այս վերջիններուն կողմէ: Ամբաստանութիւնը եկաւ ԱՍԷՄԻՔ կոչուած կազմակերպութեան նախագահ Եուսուֆ Եըլմազէն: ԱՍԷՄԻՔ-ը Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի ու նահատակաց ընտանիքներու միութիւնն...
















