Պողազիչի Համալսարանին Մէջ 2015-ի Մասին Աշխատաժողով. «Հայերն Ալ, Թուրքերն Ալ Կը Վախնան 2015-էն»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Պողազիչի համալսարանն ու ԹԻՒՍԻԱՏ հիմնարկը Պողազիչի համալսարանի մէջ միասնաբար կազմակերպեցին 1915-ի ողբերգութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ աշխատաժողով մը, որուն նպատակն էր քննարկել 100-րդ տարելիցին իմաստը, յիշողութիւնը եւ քաղաքականութիւնը: Աշխատաժողովի հանդիսավարն էր Պողազիչի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Հաքան Եըլմազ, զեկուցեցին Պենթլի համալսարանի դասախօս, պատմաբան Ասպետ Գոչիկեան, Փարիզի ՓՕ գիտութիւններու համալսարանի դասախօս Միշէլ Մարիան եւ Երեւանի Համաշխարհայնացման եւ շրջանային գործակցութեան կեդրոնի տնօրէն...













