Հայ Դատ

BONES.0804

Հայերու Ոսկորներու Արտածումը. Ցնցիչ Պատմութիւն Մը` Պասքըն Օրանի Գրիչէն

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» «Ռատիքալ»-ի կիրակի 16 մարտ 2014-ի յաւելուածականին մէջ յայտնի հրապարակագիր Պասքըն Օրան ցնցիչ յօդուած մը ունէր, ուր կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս 1920-ական թուականներուն արտածումի նիւթ դարձած էին սպաննուած տասնեակ հազարաւոր հայերու ոսկորները: Յօդուածին առաջին մասին մէջ Պասքըն Օրան կը պատմէ ատանացի Մանուէլ Քըրքեաշարեանի նոր մէկ յուշը, որ ձայներիզի վրայ արձանագրուած է եղեր անոր ձայնով: Ընթերցողները պիտի յիշեն, որ Պասքըն...

mihranpergich

«Տէրսիմի Հայերը Ոչնչացման Ու Ցեղասպանութեան Վտանգը Երկու Անգամ Ապրած Են». Միհրան Փրկիչ

Տէրսիմահայերու փոխօգնութեան ու հաւատքի միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին Երեւանի մէջ «Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրման կեդրոն»-ի կազմակերպած քննարկման ընթացքին յայտարարեց, թէ` «1938-ին Տէրսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդը ցեղասպանութիւն էր»: Ըստ Փրկիչի, 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ 1938-ին Տէրսիմի կոտորածներու հարցերը շատ կարեւոր են: «Կոտորածներու միջոցով Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են լուծել միաժամանակ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ ալեւիներու հարցը, որոնք այն ատեն միաւորուած էին: Պետութիւնը...

Ուրֆայի Պատմական Ամրոցին Մէջ Հայերու Գերեզմաններ Կը Յայտնաբերուին

Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի թանգարանի աշխատակիցները քաղաքին պատմական ամրոցին մէջ պեղումներու ընթացքին քարանձաւ մը յայտնաբերած են: Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին` Ուրֆայի քաղաքային թանգարանի հնագէտները այս պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած քարանձաւին մէջ հայերու գերեզմաններ յայտնաբերած են: Կը նշուի, որ գերեզմաններուն մօտ գտնուած են նաեւ թագաւորական գահ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի, Մարիամ Աստուածածնի եւ այլ սրբապատկերներ: Նշենք, որ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Ուրֆան հիմնած է հայ...

territory.-f

Սթաթիւս-Քուոյի Պահպանումը` Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Լուծման Եւրոպական Բանալի (Բ.)

ԼԵՆՍԵՐ ԱՂԱԼՈՎԵԱՆ Հետագայում Արցախի հայերի համար առաւել վտանգաւոր եւ ճակատագրական եղան Կովպիւրոյի որոշման բ. եւ դ. կէտերը: Օգտուելով նրանցից` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղից կտրեցին եւ ինքնավար մարզի մէջ չմտցրեցին Տաղքեսանի, Շամխորի, Խանլար-Գետաշէնի, Շահումեանի շրջանները` հիւսիս-արեւմուտքում, Քելբաջարի, Լաչինի շրջանները` արեւմուտքում եւ բոլոր, այժմ ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերի կողմից ազատագրուած տարածքները Մայր Արաքսի երկայնքով, որը հանդիսացաւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի առաջին լուրջ տրոհումը: Աւե՛լին....

lenser_aghalovyan-f

Սթաթիւս Քուոյի Պահպանումը` Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Լուծման Եւրոպական Բանալի (Ա.)

ԼԵՆՍԵՐ ԱՂԱԼՈՎԵԱՆ «Լեռնային Ղարաբաղը վաղնջական ազրպէյճանական հող է: Ազրպէյճանցիները այդ երկրամասում ապրել են դարերով, իսկ հայերը եկել են այդտեղ որպէս հիւր... Պարզապէս 19-րդ դարում հայերի վերաբնակեցումը ուրիշ շրջաններից Լեռնային Ղարաբաղում յանգեցրել է ժողովրդագրական իրավիճակի փոփոխութեանը եւ ԽԱՀՄ փլուզման պահին հայերն այնտեղ կազմել են մեծամասնութիւն: Մենք աչք չենք տնկում ուրիշ երկրների տարածքների վրայ: Չնայած նրան, որ այժմեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծուած է...

kessab-1.0104

Անգարա Կը Ղեկավարէ Հիւսիսային Սուրիոյ Վրայ Յարձակումը. Հայկական Նոր Բռնագաղթ

ՄԱՐԱՀ ՄԱՇԻ Այն պահուն, երբ սուրիական բանակն ու իր դաշնակիցները յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին երկրի կեդրոնական մասերուն ու Դամասկոսի գիւղական շրջակայքին մէջ եւ իրենց դիրքերը կ՛ամրապնդէին Հալէպի նահանգին մէջ իրենց վերատիրացած շրջաններուն մէջ, եւ նկատի առած, որ ոչ մէկ լուրջ տուեալ կայ, թէ հնարաւոր է ուժերու հաւասարակշռութիւնը էապէս խախտել հարաւային ճակատին վրայ, Թուրքիա որոշեց նոր ճակատամարտ շղթայազերծել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Լաթաքիոյ եւ...

Turkmen-1

Սուրիոյ Թիւրքմենական Գումարտակները… «Յեղափոխականնե՞ր, Թէ՞ «Ժանտարմա»

ՍԱՀԻՊ ԱՆԺԱՐԻՆԻ Սուրիոյ մէջ գործող թիւրքմենական զինեալ խմբակներուն մաս կը կազմեն հազարաւոր զինեալներ, որոնց ուղղակիօրէն ցուցմունք եւ օժանդակութիւն կու տայ Թուրքիա: Արդարեւ, հարկ է հարց տալ, թէ անոնք իսկապէ՞ս «յեղափոխականներ» են, թէ՞ թրքական «ժանտարմա»-ներ (թրքական ոստիկան զօրքեր): * * * Սուրիոյ «յեղափոխականներ»-ուն ցուցաբերուած թրքական աջակցութիւնը չէ բաւարարուած սահմանները անոնց առջեւ բանալով ու գումակային օգնութեամբ, այլ կան «յեղափոխական խմբաւորումներ», որոնք կազմուեցան...

Karapet.0104

Այցելութիւն Մուշ, Ցրօնք, Նորշէն, Առաք…

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ «Մեր հայազգի բարեկամները արտօնութիւն ուզեցին եւ փութացին մզկիթ, օրուան հերթական նամազը (իսլամական աղօթք) կատարելու համար» Հայ Ճարտարապետներու միութեան անդամներէն ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլը, արուեստաբան Էլմոն Հանչեր, ճարտարապետ Ժան Կաւրիլոֆի եւ իր կնոջ ընկերակցութեամբ եռօրեայ այցելութիւն մը կատարեցինք դէպի Տարօն աշխարհ: Մտադրած էինք Մշոյ հայկական թաղամասի մէջ կատարուած փլուզումը տեղւոյն վրայ քննել եւ հանդիպիլ քաղաքապետին հետ: Չկայացաւ այս հանդիպումը, քանի...

france2

«Ֆրանս 2» Կայանի Վաւերագրական Ժապաւէնը` Ցեղասպանութեան Մասին

Ֆրանսական «Ֆրանս 2» հանրային պատկերասփիւռի կայանը Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակին առիթով պատրաստած է վաւերագրական յայտագիր մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան: Յայտագիրը մեծ ընդունելութիւն գտած է դիտողներու կողմէ. մօտաւորապէս 5 միլիոն 880 անձ դիտած է զայն: Տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուին «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»` Հայոց ցեղասպանութիւնը վաւերագրող լուսանկարներ: Յայտագիրին ընթացքին կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս...

Քեսապի Հայերու Տուները Թալանողները Թրքերէն Կը Խօսին

«ՏԵՄՈՔՐԱԹ ՀԱՊԵՐ» Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր լրատուամիջոցները աշխուժօրէն կը լուսաբանեն Քեսապի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները: Մասնաւորապէս թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» լրատուական կայքը, յղում կատարելով քեսապահայերէ ստացուած տեղեկութիւններու` կը յայտնէ, թէ Քեսապէն հեռացած հայերու տուները թալանող յանցագործները թրքերէն կը խօսէին: Թերթը ապա կը մէջբերէ Քեսապի բնակչուհի Անի Պոյմուշակեանի վկայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հեռաձայնած է Քեսապի հայկական աւետարանչական եկեղեցի, ուր իրեն պատասխանած են թրքերէնով: Այլ...

Շիֆ Կը Դատապարտէ Քեսապի Բռնագրաւումը

Հինգշաբթի, մարտ 27-ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կատարած է «Քայիտա»-ի զինակիցներուն կողմէ Քեսապի բռնագրաւումը դատապարտող յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. ««Քայիտա»-ի զինակից ահաբեկիչներու կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Քեսապի հայ եւ այլ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն վրայ վայրագ յարձակումները աւելի քան սոսկալի են: Այս յարձակումները, որոնք ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, սկսած են Թուրքիայէն, ցոյց կու տան, թէ Սուրիոյ մէջ կացութեան ապակայունութիւնը ի՛նչ մակարդակի հասած...

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը Կ՛անդրադառնայ Քեսապի Դէպքերուն

Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող եւ մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Քեսապի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը կը յիշեցնէ պատմութեան սեւ էջերը` Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը. այսպէս գրուած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի համացանցային կայքին վրայ: Կիրակի օր Սուրիոյ հայութիւնը իր զայրոյթը յայտնեց իսլամ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնց պատճառով անոնց հակակշիռին տակ անցած էր Քեսապ գիւղաքաղաքը` վտանգելով անոր քրիստոնեայ բնակիչներուն կեանքը: Հայեր գաղթած...

javakhk5.-2503

Ջաւախքը Կը Սպասէ Մեր Բոլորը

ՍՕՍԷ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Աշխարհի շուրջ կան շատ հայեր, որոնք անծանօթ են Ջաւախքին: Հայութեան եւ Հայաստանի ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ արդեօ՞ք պէտք է մտահոգուինք նաեւ քսանամեայ ջաւախքցի երիտասարդով, որուն կեանքը ակամայ հողագործութեան կապուած է, կամ շրջանի երեխաներու մասին, որոնք երեկոյեան ժամերուն ո՛չ թէ կը պատրաստուին քնանալու կամ` հեռատեսիլին դիմաց նստելու, այլ պարտին անասունները ուղղել դէպի ախոռ: Երկու տարի առաջ, երիտասարդական միութեան անդամ...

pouh

Յետդարձի Ճանապարհ Դէպի Ջաւախք Ընտրում Են Քչերը

«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԱՐՊԱՍ» Յետդարձի ճանապարհ դէպի Ջաւախք ընտրում են ոչ բոլոր ջաւախքցի ուսանողները, կամ` «ուղեղի արտահոսք» Ջաւախքից: Ջաւախքի երիտասարդները բուհերում (Բարձրագոյն ուսման հիմնարկ) են սովորում Երեւանում, Թիֆլիսում եւ այլ քաղաքներում, մեծամասնութիւնը չի ցանկանում վերադառնալ հայրենիք: Համաձայն ոչ պաշտօնական տուեալների, հայաստանեան բուհերում ուսանում են մօտաւոր 2500-3000 ջաւախքցիներ: Եթէ նախկինում ջաւախքցիների մեծամասնութիւնը նախընտրում էր բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ Հայաստանում, ապա վերջին 3 տարիներին պատկերն...

Abkhazia_copy

Աբխազահայութիւնը Վտանգի Առջեւ Կանգնած Է

Արմէն Մկրտչեան araratnews.am-ի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ հայերը Աբխազիոյ մէջ հաստատուած են միջնադարու սկիզբը, իսկ իբրեւ համայնք` բաղկացած են համիտեան ջարդերէն ետք եւ Մեծ եղեռնի տարիներուն Աբխազիա գաղթած տրապիզոնահայերէ: Հայերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան Աբխազիոյ մէջ կառուցած են եկեղեցիներ, բացած են դպրոցներ, հիմնադրած են տպարաններ, հրատակարած են «Լոյս» «Նոր Կեանք» եւ «Փարոս» թերթերը: Խորհրդային շրջանին ալ հայերը...

bedros-apramian

Աճարիայի Հայերին Սպառնում Է Ձուլում Եւ Թրքացում

ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՄԱՐԱԲԵԱՆ Ի՞նչ սպառնալիքներ կան Աճարիայի հայերի համար, ինքնութեան պահպանման ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան եւ ի՞նչն է ստիպում մարդկանց մոռանալ մայրենի լեզուն, այս եւ այլ հարցերի շուրջ զրուցեցինք «Մեր ապագայ» հայկական երիտասարդական միութեան նախկին նախագահ Պետրոս Աբրամեանի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.-Աճարիայի հայերը աւելի շատ խնդիրներ ունեն, քան` մնացած Վրաստանի հայերը, որո՞նք են ձեզ համար ամենակարեւոր խնդիրները: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ի հարկէ ամենամեծ խնդիրը հայ ինքնութեան...

Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան Դասագրքեր Կը Ստանան Ոչ Բոլոր Աշակերտները

«Հարաւային Դարպաս» Անցած տարուայ դեկտեմբերի կէսերին վերջապէս Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան  նախարարութեան խոստացած հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագրքերը հասան Ջաւախք, սակայն գրքերը շատ աւելի քիչ քանակութեամբ են, քան` սպասող աշակերտները: Գրքերը հասան ուսումնական տարուայ առաջին կիսամեակի վերջին օրերին, այդ իսկ պատճառով էլ դպրոցներին չբաժանուեց ուղարկուած դասագրքերը: Սոյն թուականի յունուարի 20-ին վերսկսուեց կրթական տարին Վրաստանում: Արդէն 2 օր է գործում են...

Արցախցի Զինուորները Հաւանաբար Լաւագոյնն Են Տարածաշրջանին Մէջ. «Ուիքիլիքս»

«Ուիքիլիքս»-ը հրապարակած է «Սթրաթֆոր» ամերիկեան հետախուզական-վերլուծական կեդրոնի աշխատակիցներու գաղտնի նամակագրութիւնները, որոնց մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ: Համացանցին վրայ հասանելի է Եւրասիոյ հարցերով «Սթրաթֆոր»-ի աւագ վերլուծաբան Լորըն Կուտրիչի` 23 փետրուար 2011-ի թուակիր ելեկտրոնային նամակը: Հեղինակը ընկերութեան զեկուցած է Լեռնային Ղարաբաղ կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին: Վերլուծաբանը հաւանաբար շփոթած է արցախցիներու բարբառը` ցուցանակներուն վրայ արձանագրուած գրութիւններուն...

Արգելուած Թեմա. Թուրքիան Կոտորուած Հայերի Դիակները Արդիւնաբերական Նպատակով Վաճառել Է Ֆրանսային

ԱՐԹՈՒՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Թուրքիայում կան թեմաներ, որոնց մասին չբարձրաձայնելու  չգրուած օրէնքներ կան: Այդ  թեմաները բնականաբար գլխաւորում են Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուածները: Այս անգամ «Նիուզ» կայքէջը ներկայացնում է 1924 թ. տեղի ունեցած մի առեղծուածային դէպքի մասին, որի մասին պնդումներն ուղղակի սարսափեցնում են մարդու: Խօսքը Օսմանեան կայսրութիւնում ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերի եւ յոյների դիակների վաճառքի մասին է: 1924 թ. դեկտեմբերի 13-ին Թուրքիայի Մուտանիայի նաւահանգստից...

«Խոջալու. Յանցագործութեան Անատոմիա» Աշխատութեան Ներկայացում

Հայկական կողմը երբեք չէ ժխտած, որ Խոջալուի մէջ պատահածը ոչ հեռաւոր անցեալին պատկանող ողբերգութիւն է, խորքին մէջ անիկա ոչ թէ պարզապէս ողբերգութիւն է, այլ` յանցագործութիւն: Ազրպէյճանական քարոզչական աշխատանքները նկատի ունենալով` այսօր հայկական կողմերը Սումկայիթի ոճրագործութեան իւրաքանչիւր տարելիցին պէտք է բոլորին յիշեցնէ, թէ ովքեր են Խոջալուի ոճրագործութեան հեղինակները: Այս նիւթին նուիրուած էր Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի...

Page 19 of 53 1 … 18 19 20 … 53

Արխիւներ