Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

February 21, 2014
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս բնական երեւոյթ դարձած է քննադատել մեր աշակերտներն ու պատանիները` ըսելով, թէ անոնք այլեւս չունին այն հետաքրքրութիւններն ու յանձնառութիւնը, զորս ունեցած են մեր սերունդը կամ մեզմէ աւելի աւագ սերունդները: Եթէ քննական մօտեցումով փորձենք մօտենալ հարցին, կը նկատենք, որ թէեւ այս իրողութիւնը կրնայ երբեմն երեւութապէս ճիշդ ըլլալ, բայց անիկա կապուած է ուրիշ ահագին գործօններու հետ:

Արդարեւ, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակն ու 21-րդ դարու առաջին տասնամեակը կը յատկանշուին հսկայական փոփոխութիւններով. փոփոխութիւններ, որոնք առաջին հերթին իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային պատանիներու եւ աշակերտներու վրայ:

Այսպէս, պատանիներուն մտածած ձեւը, տեղեկութիւններու ընկալման եղանակն ու ընկերային կեանքը սկսան արմատական փոփոխութիւններ կրել: Մեր նպատակը չէ այս փոփոխութիւնները ներկայացնել ու զանոնք քննարկել ու արժեւորել:

Բնականաբար անոնք ունին որոշ դրական եւ բացասական ազդեցութիւններ: Ամէն պարագայի մեր աշակերտներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը անհերքելի է: Ուրեմն պէտք է նկատի ունենալ այս փոփոխութիւնները ու փորձել առաւելագոյն չափով օգտուիլ անոնց դրական երեւոյթներէն ու փորձել տիրապետել բացասական կողմին:

Այսօր, հակառակ բոլոր այս փոփոխութիւններուն, մեր կրթական համակարգն ու դպրոցները գրեթէ մնացած են այնպէս, ինչպէս էին վերոյիշեալ փոփոխութիւններէն առաջ:

Բնականաբար որոշ դպրոցներ սկսած են փորձել որոշ փոփոխութիւններ ներառել իրենց համակարգին մէջ, բայց այդ փոփոխութիւնները յաճախ կ՛ըլլան շատ չնչին:

Արդարեւ, այսօր մեր աշակերտները կը կրթուին, արժէքներ ու տեղեկութիւններ կը ստանան երկու աղբիւրներէ` «մետիա»-էն ու կրթական հիմնարկներէն: «Մետիա»-ի դիւրամատչելիութեան ու որոշ արժէքներու լռելեայն փոխանցումին պատճառով պէտք է նկատի ունենալ, որ այսօր մեր կրթական հիմնարկներու հիմնական թշնամին «մետիա»-ն է: «Մետիա»-ն, որ իրականութեան մէջ միջոց մըն է, յաճախ կ՛օգտագործուի որոշ հաստատութիւններու կողմէ, որոնք աշակերտներուն կը փոխանցեն իրենց ուզած արժէքները, որոնք յաճախ կը հակասեն կրթական հիմնարկներու փոխանցած արժէքներուն: Այսինքն այսօր չենք յաջողած «մետիա»-ն դարձնել միջոց մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ կրթական հիմնարկներու արժէքներն ու տեղեկութիւնները ջամբել աշակերտներուն. այնպէս որ, այս փոխանցումներու եղանակն ալ ըլլայ դիւրամատչելի ու հաճելի:  Այսպէս, մեր վարժարաններու փոփոխութիւնները կ՛ըլլան անբաւարար` նկատի ունենալով «մետիա»-ի արագ փոփոխութիւնները ու այլ ընկերութիւններու կողմէ անոր արագ որդեգրումը:

Այսօր մենք պէտք է սկսինք արդէն ախտաճանաչումը ոչ միայն մեր մանուկներուն ու աշակերտներուն, այլ մեր կրթական համակարգին. համակարգ, որ պէտք է համապատասխանէ մեր այսօրուան աշակերտներու ընկալման ու մտածման ձեւերուն, եւ որ կիրարկէ դաստիարակութիւնն ու նիւթերը անոնց մատչելի դարձնելու այժմէական միջոցներ: Միմիայն այսպիսի այժմէական համակարգի մը ազդեցութեան տակ է, որ դպրոցը կրնայ կատարել իր ամբողջական դերը, իսկ այս համակարգի գործադրութիւնը անպայման կը պահանջէ արհեստավարժ մօտեցում եւ  հաշուետուութիւն:

Պէտք է յիշել, որ ուսուցչութիւնը մասնագիտութիւն է. մասնագիտութիւն, որ ունի որոշ առաքելութիւն, եւ որ կը պահանջէ որոշ յատկութիւններ: Բնականաբար այսօր գաղութի հայ վարժարաններուն տարած ճիգը, եւ ուսուցիչներուն նուիրուածութիւնը գնահատելի են: Արդարեւ, շատ մը ուսուցիչներ կ՛աշխատին մեծ անձնազոհութեամբ ու անշահախնդրութեամբ: Հարցը համակարգի ու կիրարկուած «մեթոտ»-ներուն մէջ է. համակարգ, որ յաջողի ի մի խմբել բոլոր այս ճիգերը:

Այսպէս, պէտք է համախմբուիլ ու ունենալ յանձնառութիւնը` կատարելու այս փոփոխութիւնները: Այստեղ ծնողները բնաւ պէտք չէ ունենան տարակուսանք իրենց զաւակները ուղղելու այս փոփոխութիւնները ամբողջացուցած օտար դպրոցներ` երկու հիմնական պատճառներով. առաջին` հայ ծնողներն ալ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հայկական դպրոցներու զարգացման աշխատանքին մէջ, եւ երկրորդ` իւրաքանչիւր համակարգ ունի իր պահուած բաժինը (hidden curriculum). այսինքն` արժէքներ, մթնոլորտ ու տրամադրութիւն, որոնք կը փոխանցուին լռելեայն եւ յաճախ` անզգալաբար: Եւ այս հայեցի եւ այլ առողջ դաստիարակութիւն պարունակող պահուած համակարգն է, որ մեր ծնողները նկատի չեն ունենար, երբ իրենց զաւակները կ՛ուղղեն օտար վարժարաններ:

Ուրեմն պէտք է բոլորս մեր ճիգերը ի մի դնենք մշակելու համար այն համակարգն ու միջոցները, որոնք պիտի նպաստեն հայ մանուկներու ամբողջական ու ազգային կրթութեան փոխանցման: Ազգային արժէքներն ու այժմէականութիւնը զիրար չեն հակասեր, այլ կ՛ամբողջացնեն: Այժմէական համակարգ ունենալով` մենք կը յաջողինք ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցել մեր սերունդին` միաժամանակ օժտելով զայն ամբողջական ու բարձրորակ կրթութեամբ:

Նախորդը

Յատուկ Հոգածութեան Պահանջը Ունեցող Աշակերտները

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Կ՛որոշէ Փոխանցել Երեք Մարզիկ

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.