Դէպի Յառա՛ջ
ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ Տակաւին անցեալի փառքերով կ՛ապրինք: Տակաւին անցեալի յաջողութիւնները վերյիշելով, փառաբանելով, զանոնք իւրացնելով է, որ կը գործենք: Տակաւին պաշտպանողական վիճակի մէջ ենք, չենք նախաձեռներ: Կը հակազդենք, երբ աղմուկ մը բարձրանայ, այդ ալ կ՛ընենք ուշացումով եւ տատամսումով: Տակաւին կը պոռթկանք միայն այն վայրկեաններուն, երբ այդ պոռթկումը ակնկալուած է, երբ ոչ ոք կը զարմանայ. երբ թշնամին արդէն իսկ պատասխանը պատրաստած է եւ...