Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

June 8, 2012
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգելի ընթերցող, «Զաւարեանական Էջ»-ով այսօր լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած Ասլը Թիւրքերի հետ: Ասլը Թիւրքեր օրինակ մըն է Թուրքիոյ մէջ գտնուող, հայկական ծագումը թաքցուցած, մեզի համար տակաւին անյայտ թիւ մը ներկայացնող, ցիրուցան եղած հաւաքականութենէն: Նկատած ենք բոլորս, որ այս վերջին տարիներուն հետզհետէ մէջտեղ կու գան «թուրքեր», որոնք կը յայտարարեն, թէ իրենք ծագումով հայեր են, թէ` տարիներով գաղտնի պահած են իրենց ինքնութիւնը, նոյնիսկ երբեմն իրենք ալ բաւական յառաջացած տարիքէ ետք է միայն, որ բացայայտած են այդ մէկը: Անոնց շարքին է նաեւ մեր զրուցակից Ասլըն: Ասլըն պատանի հասակին անձնապէս բացայայտած է,  թէ իր հօրենական կողմէն մեծ հայրը մշեցի հայ եղած է` Թորգոմ անունով: Ջարդերու շրջանին անոր հայկական մականունը փոխած են «Թիւրքեր»-ի, որ կը նշանակէ թուրք զինուոր: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել հարցազրոյցին մէջ, սակայն յարմար կը գտնենք նախապէս կատարել քանի մը խորհրդածութիւններ:

Վստահաբար մեզմէ շատերուն համար շփոթութիւն կը ստեղծէ այս իրականութիւնը: Կը դժուարանանք հոգեպէս ըմբռնելու կացութիւնը. հա՞յ է, թէ՞ թուրք: Ինչպէ՞ս կարելի է երկուքը միասին ըլլալ: Հաւանաբար ոմանց մտքերը կ՛երթան աւելի հեռու եւս, կը հասնին մերժելու Ասլըն եւ իր նմանները: Ուրիշներու համար թերեւս նոր յոյսի մը, յուզմունքի մը զգացումը կը ստեղծուի: Կը փորձենք պատասխան մը տալ այս նոր երեւոյթին, դիրք մը ճշդել. վերջապէս, ինչպէ՞ս մօտենալ այս մարդոց, անոնց, որոնք, ինչպէս Ասլը ինք կ՛ըսէ` թէ՛ ոճրագործն են եւ թէ՛ զոհը:

Յամենայն դէպս կարելի է հաստատել, թէ մեր հետաքրքրութեան արժանի թեմա են Ասլըն եւ իրեն նմանները: Յառաջիկայ տարիները կու գան ցուցնելու, թէ որքա՛ն է անոնց թիւը, ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց մօտեցումը, իրե՛նք ինչի պիտի յանգին, մե՛նք ինչ դիրքորոշում պիտի ճշդենք եւ ինչ գնահատական պիտի ստանայ մեր եւ իրենց կապը:

Այս մարդիկը իրենց ինքնութիւնը սկսան դրսեւորել իրենց անկախ կամքով, ուստի մենք ինչպէս ալ մօտենանք հարցին, ի վերջոյ իրենք է որ պիտի գծեն իրենց ճամբան: Մինչ այդ մեզի կը մնայ իրենց խօսելու առիթ տալ, նոյնիսկ այդ գծով քաջալերական դեր ստանձնել: Տրամաբանական է, որ Ասլըն եւ իր նմանները թուրք հասարակութեան մէջ իրենց ազդեցութիւնը ձգեն, իրենց գոյութիւնը թերեւս Թուրքիոյ մէջ բանայ Հայկական հարցով նոր ներքին ճակատ մը, որքան ալ տարբեր ըլլայ մերինէն, որքան ալ տարբեր հիմքերու վրայ կանգնի ան: Ուրեմն ինչո՞ւ մերժել առաջին իսկ վայրկեանէն, ինչո՞ւ առիթ չտալ այս գծով մտածելուն կամ նուազագոյն ուսումնասիրութեան:

Վերջապէս պէտք է հաստատել, որ այդ մարդիկը արժանի են մեր յարգանքին, որովհետեւ խստագոյն պայմաններու մէջ կը տանին ինքնութեան եւ գոյատեւման օրինակելի պայքար մը:

Նախորդը

ԿՈՉ

Յաջորդը

Մենք Ապրած Ենք «Սատանաներու Կայսրութեան Մէջ»

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.