Գաղութային

Այցելութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Իր այցելութեան ծիրին մէջ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան` Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, 11 ապրիլ 2013-ին այցելեց Ազգ. Մանուկեան քոլեճ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան կրթական ու հայեցի դաստիարակութեան առնչուած հարցեր. Ռ. Փանոսեան ներկայացուց Կիւլպէնկեան հաստատութեան ծրագիրները: Հանդիպման աւարտին, հիւրերը շրջեցան քոլեճին մէջ, այցելեցին դասարանները ու հանդիպումներ ունեցան աշակերտներուն հետ:

Այցելութիւն` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» Վարժարան

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2013-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարան այցելեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վարժարանի դիմագրաւած դժուարութիւնները, արեւմտահայ լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան կարգ մը պատկերացումներու վերաբերեալ: Ապա, այցելելով մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի կառոյցները, ան  այնտեղ գտաւ լոկ հայկական ու աշակերտական ստեղծագործական մտքի...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Գոյնզգոյն Զատիկ

Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2013-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան  վարժարանի աշակերտները առաւօտուն դպրոց եկած էին խանդավառ մթնոլորտի մէջ` տօնական զգեստներով, մրցելու պատրաստ գունաւոր հաւկիթով, Զատկուան տօնը նշելու խանդավառութեամբ: Օրը սկսաւ առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատուցեց վարժարանին կրօնագիտութեան դասատուներէն, նորօծ վարդապետ հայր Ղազար Պետրոսեան: Աշակերտներուն համար իր ընծայած անդրանիկ Ս. պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ ան յիշեց այն օրերը, երբ տակաւին ինք ալ աշակերտ...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Սկաուտական Կեանքէն

Հինգշաբթի, 28 մարտի առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական եւ Շուշի պարմանուհի փաղանգները, խմբապետական կազմին, Սկաուտական խորհուրդին եւ վարչութեան ընկերակցութեամբ այցելեցին Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ՖԻՒՆԻՒԼ-ի Լիբանանեան միացեալ առաքելութեան արեւմտեան միաւորին, ուր դիմաւորուեցան ընդհանուր հրամանատար գնդապետ Անթոնիօ Պիթելլի կողմէ: ՀՄԸՄ-ական սկաուտները ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք առիթը ունեցան հետեւելու խաղաղապահ ուժերու զինուորական ցուցադրութիւններուն, որոնց ընթացքին զինուորները...

Գարնան Եւ Զատկուան Նշում «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանին Մէջ

Գարնանամուտի եւ Ս. Զատկուան վերանորոգման  եւ ծաղկումի տրամադրութիւններով հաճելի պահ մը մատուցեց  Ազգային «Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանը, երբ զոյգ առիթներով ներկայացաւ ճոխ հանդէսով մը , չորեքշաբթի, 27 մարտ 2013-ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին` Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան եւ Արսէն քհնյ. Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութիւնը, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, վարժարանի խնամակալութիւնը,   Ծնողական խորհուրդը, ծնողներ եւ վարժարանի...

Մայրերու Օրուան Նշում Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի, 22 մարտին «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` Մայրերու օրուան առիթով: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորին մայրերու տօնը` մաղթելով առողջութիւն եւ կեանքի մէջ յաջողութիւն: Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Զեփիւռ Ճանպուլեան, որ մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը (հայերէն եւ արաբերէն): Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Շիրազի Գովքը» պարը, նախկին աշակերտուհի Հայկօ...

Միջինք ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Համախմբումի Կազմակերպութեամբ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումի կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 6 մարտ 2013-ին «Ֆինիսիա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի Ճաշը` հովանաւորութեամբ Մէյ Նաժիպ Միքաթիի, որուն ներկայացուցիչը` Նուար Հասսան Տիապ ներկայ էր ձեռնարկին: Բացման խօսքը արաբերէնով կատարեց համախմբումի ատենապետ Գալին Վանլեան-Եաւերեան, որմէ ետք հայերէնով` Շողիկ Պաղտասարեան: Անոնք ողջունելէ ետք աւելի քան 250 ներկաները, յիշեցին, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր շարունակ...

Միջինք` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 13 մարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի հաւաքոյթ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց միութեան ատենապետ Մանուշակ Թորոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի եկեղեցւոյ 75-ամեակն է եւ հակառակ Լիբանանի եւ յատկապէս շրջանին մէջ տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն` եկեղեցին...

Թմրեցուցիչի Դէմ Պայքարի Վերաբերող Դասախօսութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան եւ գործակցութեամբ թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնին, երկուշաբթի, 25 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան մը` նիւթ ունենալով թմրեցուցիչի կանխարգիլումը: Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէէն Պետիկ Ծառուկեան, որ հակիրճ կերպով նշեց թմրեցուցիչի գործածութեան ունեցած վնասները, յատկապէս` երիտասարդութեան մօտ: Երկրորդ խօսք առնողն էր «Հորիզոն» կեդրոնի վարչական անդամներէն Սերժ Գալուստեանը, որ նշեց,...

Կիներու Միջազգային Օր

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Զուարթնոց» մասնաճիւղին (Հազմիէ), հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի սրահին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղին անդամները, նաեւ այլ մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի համակիրներ: Ժամը 10:30-ին վարչութեան ատենապետը իր բացման խօսքով հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս ունկնդրելու Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները: Ապա հրաւիրեց ներկաները համտեսելու հայկական Մեծ պահոց աւանդական ճաշերէն: Խումբ մը...

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Զատկուան Տօնավաճառը

Ղափաման համտեսելու եւ ղափամայի պարը դիտելու առիթ մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին Զատկուան տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւ 21 եւ 22 մարտ 2013-ին, քոլեճին հանդիսասրահին մէջ: Բարի սովորութեան համաձայն, քոլեճին ծնողները իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին տօնավաճառին յաջողութեան, իւրաքանչիւրը Զատկուան խմորեղէն մը կամ Պահքի ուտելիք մը պատրաստելով եւ վաճառքի համար տիկնանց յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դնելով: Ցուցադրութիւն-վաճառքի դրուած...

Տոհմիկ Օր` Ս. Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

22 մարտը անսովոր եւ անմոռանալի օր մըն էր Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ: Պատմական Հայաստանի գաւառներուն բուրմունքը կը տարածուէր Խանամիրեան ազգային քոլեճի յարկի տակ` հայկական շունչն ու ոգին վերակենդանացնելով աշակերտներուն մէջ: Անսովոր եռուզեռ մը կը տիրէր. ծնողներ, ուսուցիչներ միասնաբար եւ խանդավառութեամբ կը պատրաստէին աւանդական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ` տօնական իսկական տրամադրութեամբ: Մարտ 22-ի առաւօտեան աշակերտները սովորականէն կանուխ ժամանած էին դպրոց...

Ուսուցչաց Տօն Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանին Մէջ

Մարտին կը տօնենք կանանց միջազգային տօնը եւ ուսուցչաց տօնը: Իւրաքանչիւր անձի պատմութեան մէջ, անոր կազմաւորման, ուսուցման, դաստիարակման ու զարգացման մէջ մեծ դեր ունի դպրոցն ու ուսուցիչը: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, հայ ուսուցիչը իր դերն ու պարտականութիւնը կատարած է անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ: Գիտակցելով, թէ հայը կանգուն պահողը` հայ դպրոցը, գիրն ու գրականութիւնը եւ հարուստ մշակոյթն ու հաւատքն է: Հինգշաբթի, 7...

Գարունը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Ծրագրուած էր 21 մարտ 2013-ին` «Գարունը» հրաւիրել դպրոց: Կանուխ առաւօտուն հասած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նուիրած ծաղիկներու հարիւրաւոր թաղարները, որոնցմով կարելի եղած էր բակին մէկ անկիւնը վերածել գեղեցիկ ծաղկանոցի մը, որուն մէջ կը փայլէին աշակերտներուն պատրաստած ձեռային աշխատանքները: Ծաղկանոցը եզերուած էր աշակերտներու նկարչական աշխատանքներով, իսկ պատերուն վրայ զետեղուած էին խմբակային աշխատանքներով իրագործուած գարնանային որմնանկարները: Ազատութիւն տրուած էր աշակերտութեան այդ օր...

Դպրեվանեցիներ Թմրեցուցիչներու Դէմ Պայքարի Սեմինարի Կը Մասնակցին

Ընդառաջելով «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման հաստատութեան հրաւէրին, շաբաթ, 16 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, դպրեվանքի սաներէն Համլիկ Զաքարեան եւ Գրիգոր Ֆեներճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաստատութեան Պուրճ Համուտի ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպած միօրեայ սեմինարին: Սեմինարին ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ճամբով զանազան դպրոցներէ եկող երիտասարդ տարիքի աշակերտ-աշակերտուհիներ աւելի մօտէն ծանօթացան թմրեցուցիչներու պատճառած աղէտներուն, անոնց ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ` այդ բոլորին առաջքը առնելու...

Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 8 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրեվանեցիներ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին: Ժամերգութեան աւարտին օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Անդրանիկ Ա. սրկ. Տալգլըճեան` բնաբան ունենալով «Հօրը իմաստութիւնը` Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ` ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ՛ զիս եւ ողորմէ՛ քու...

Աւանդական Միջինքի Հաւաքոյթ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան (Այնճար), ուրբաթ, 15 մարտ 2013-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի հաւաքոյթը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի  առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի, Թաղական խորհուրդին,  միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ տիկիններու: Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Անի Քէօշէեան, որ ողջունելէ ետք առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր պետն ու ներկաները,  յայտնեց, թէ օրուան հաւաքոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ազգային...

Համազգայինի Հրատարակչատան Գրատարածի.Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Շրջուն Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը ընթացք առաւ 5 մարտին: Գրատարածի անձնակազմը նախորդ տասը օրերուն այցելեց Թէքէեան, Ազգ. Աբգարեան, Ազգ. Խանամիրեան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան, Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Հայ Աւետարանական քոլեճ, Ազգ. Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարանները եւ ներկայացուց Համազգայինի ու այլ հրատարակչատուներու հրատարակութիւնները: Գիրքերու ցուցահանդէսը...

«Կարտինալ Աղաճանեան Տան» Անդամները Այցելեցին Զմմառու Վանք

Ուրբաթ 8 Մարտ 2013-ին, Այնճարի Կարդինալ Աղաճանեան Տան 35 անդամներ, գլխաւորութեամբ կեդրոնին տնօրէն` Տէր Ալիշան Աբարթեանի և իր աշխատակազմին, բարձրացան Զմմառու դարաւոր վանքը, կառուցուած 1749 թուին: Անոնք մօտէն ծանօթացան վանքին հնամենի պատմութեան եւ յատկապէս հրաշագործ Տիրամօր հրաշքներուն, այցելեցին զանազան բաժինները, յատկապէս` նոր եւ հին թանգարանը, մատենադարանը, գինեմառանը իր նորոգուած բաժիններով: Ապա նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընծայարանի շէնքը, որ այս...

Միջինքի Հաւաքոյթ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սրահին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, երեքշաբթի, 5 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի հաւաքոյթը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսին Պարամաքեան: Ան շեշտը դնելով վեհափառ հայրապետին կողմէ 2013 տարին Հայ մօր տարի հռչակումին վրայ` հաստատեց, որ հայ մայրը եղած է տիպար, համեստ, քաջասիրտ...

Page 93 of 114 1 … 92 93 94 … 114

Արխիւներ