Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Նշում Դամասկոսի Մէջ
Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին` դամասկահայերը վճռած էին արժանավայել կերպով ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը: Առ այդ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Դամասկոսի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Զէյթուն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակիցները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան...
