Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Կալա-Ընթրիքը. 156 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Քոլեճի Բարգաւաճման

Ուրբաթ, 3 մայիս  2013-ի  երեկոյեան, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ  Մանուկեան քոլեճին կալա-ընթրիքը`  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ  նախագահութեամբ քոլեճի  շրջանաւարտներ Դաւիթ, Քրիստիան  եւ  Կի  Մանուկեաններուն: Ընթրիքին  ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, նախարար Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի  քաղաքապետը, Ազգային իշխանութեանց  մարմիններու ներկայացուցիչներ, քոլեճի  խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ` տիկնանց յանձնախումբի, ուսուցչական կազմի ու...

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Տարեցներու «Ս. Յարութեան Տօն»-ի Համախմբում

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ տարեցներու հաւաքներ` նպատակ ունենալով հոգեւոր ու ընկերային մթնոլորտ ստեղծել եւ ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին եւ ունին նիւթական ու ընկերային դժուար պայմաններ: Այս ծիրէն ներս ապրիլ 4, 2013-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի յարկին տակ: Օրուան հիւրն էր Մեսրոպ քհն. Քերքեզեան: Ան ներկաներուն խօսեցաւ Ս. Զատկուան տօնին մասին, որ նմանութիւն...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակի Յոբելենական Ճաշկերոյթը. Օրուան Նախագահ` Տէր Եւ Տիկին Հրաչ Սիսեռեան 90.000 Տոլար Նուիրեց

Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի (ՀԱՔ) 90-ամեակը նշուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ շաբաթ, 4 մայիս 2013-ին, նախագահութեամբ Փարիզէն յատկապէս ժամանած դպրոցի բարերարներէն տէր եւ տիկին  Հրաչ Սիսեռեանի եւ ներկայութեամբ 200 անձերու: Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան (քոլեճի 1971-ի շրջանաւարտ), պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, դիւանագիտական...

«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: Ուսումնական խորհուրդի անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանին կենսագրական գիծերը, որմէ ետք հրաւիրեց մրցանակակիրները, որոնք ստացան վկայագրեր, ինչպէս նաեւ նիւթական նուէրներ` տրամադրուած Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ: Միջնակարգէն...

Իբրեւ Նախապատրաստութիւն Իր Տարեկան Համերգաշարին

Կիրակի,12 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-էն  մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, իբրեւ նախապատրաստութիւն իր տարեկան հանրային թէ աշակերտական համերգներու, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը պտոյտի եւ փորձերու աւանդութեան վերածուած օր մը ապրեցաւ Մոնթէվերտիի Հայ աւետարանական  ՔՋԱԿ-ի մէջ, ղեկավարութեամբ  Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի: Ամբողջ օրուան ընթացքին մանուկ եւ պատանի աւելի քան 100 կարկաչականներով կազմուած զոյգ խումբերը ,փոխն ի...

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Այցելութիւնը Զահրանիի «Ֆանար» Հոգեբուժարան

Ինչպէս սովորութիւն դարձած է տօնական առիթներով, հաստատութենական խնամքի կարօտող հիւանդներ այցելել, մարտ 22, 2013-ին, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի երկու ընկերային ծառայողներ այցելեցին Զահրանի շրջանի մէջ գտնուող «Ֆանար» հոգեբուժարանը, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը պատսպարուին մտային խանգարում ունեցող հայ հիւանդներ, որոնք անկարելի է պահել ընկերութեան մէջ: Այս այցելութեան ընկերակցեցան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն Կարապետ քհնյ. Թաթէոսեան եւ կարգ մը ծնողներ: Հիւանդները մէկտեղուեցան...

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի «Առողջապահութեան Շաբաթ»-ը

Աշակերտութեան բազմակողմանի զարգացման ձգտող իր քաղաքականութեան ծիրին մէջ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա քոլեճին տնօրէնութիւնը ապրիլին կազմակերպեց «Առողջապահութեան շաբաթ» մը, որ լուսարձակի տակ առաւ նոր սերունդին սպառնացող գլխաւոր հիւանդութիւնները եւ զանոնք կանխարգիլող միջոցները: «Առողջապահութեան շաբաթ»-ը սկսաւ քոլեճին երկրորդականի աշակերտներուն Պալամանտ համալսարանի առողջապահութեան բաժանմունքի ցուցահանդէս այցելութեամբ, Էշրեֆիէ: Աշակերտներ այս առիթով մօտէն ծանօթացան բաժանմունքին գլխաւոր մասնագիտութիւններուն: Ապա անոնք ցուցահանդէսին բացօթեայ կրպակներուն ճամբով ցուցմունքներ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Համբարձման Եւ Մայրերու Տօներու Առիթով Դաշտագնացութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ կ՛ընգրկէ պտոյտ մը: Այս տարեշրջանին նկատի առնուած էին զոյգ առիթներ. համբարձում եւ մայրերու տօն: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յիշեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 9 մայիսին առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, դէպի Այնճար դաշտագնացութեամբ: Պտոյտին մասնակցեցան մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ հրաւիրեալներ քոյր մասնաճիւղերէ եւ բարեսիրական միութիւններէ: Փոխադրակառքերը նախ ուղղուեցան, ըստ ծրագրուած յայտագրի, դէպի Ազունիէի Ազգային բուժարան,...

Մայրերու Օր` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ,  գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթնումին հետ միասին, ամէն տարի կը հասնի նաեւ բարի, պայծառ եւ լուսաւոր տօն մը` Մայրերու տօնը: Արտասովոր խանդավառութեամբ եւ ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Մայրերու տօնը Ս. Խանամիրեան վարժարանին մէջ, 8 մայիս 2013-ին: Ներկայ էին` Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի բարերար Միրէյ Խանամիրեան, հրաւիրեալներ, ծնողներ, ինչպէս նաեւ` բարեկամներ: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին...

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Ծրագրի Տիկնանց Յանձնախումբի Մայրերու Օրուան Հանդիսութիւն

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց Մայրերու օրուան հանդիսութիւն մը, երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ին, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» սրահին մէջ: Բացման խօսքով Ալին Մանճիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յիշեց հայ մայրերուն արժանիքները: Ապա տնօրէն Սեդա Փամպուքեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճում ծրագրին գործունէութիւնը եւ տիկնանց յանձնախումբին աշխատանքը: Գեղարուեստական յայտագրին ասմունքով մաս կազմեց...

«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի «Մայրերու Օրուան» Տօնակատարութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Մայրերու օրուան» նուիրուած հաւաքոյթ-ճաշը, «Ռիփապլիք» ճաշարանին մէջ, Զալքա: Մուտքին մայրերը ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներու թաղարներ, «Նիվեա» եւ «Նեսքաֆէ» հաստատութիւններու այլազան արտադրութիւններ եւ նուէրներ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեանը, ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը...

Հեղուշ Փափազեան Մասնաճիւղի «Մայրերու Օր»-ը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Ռաուտայի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանի մայրերուն նուիրուած ձեռնարկ մը Ժտէյտէի «Ուէլ Քաֆէ»-ին մէջ: Իւրաքանչիւր ժամանողին նուիրուեցան փոքր անձեռոցներ` ի յարգանք մայրերուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ընտանիքին մէջ. «ան թէ՛ քնքուշ է, եւ...

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ս. Զատիկը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը տօնեց Ս. Զատիկը: Ուրբաթ, 22 մարտին Արագածի Ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, հիւրեր, ծնողներ եւ շուրջ 75 փոքրիկներ: Յայտագիրը տեւեց երկու ժամ եւ ընդգրկեց 3 բաժին, զորս վարեցին յանձնախումբի անդամները: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց գրադարանի պատասխանատուն` յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով...

Գէորգ Հաճեանի Մենահամերգը Ռուսաստանի Վորոնեժ Քաղաքում. «Դասական Եւ Հոգեւոր Երաժշտութիւնը Մօտիկացնում Է Սրտերը»

ՆԱՐԵԿ 2013թ. ապրիլի 9-ին Ռուսաստանի Վորոնեժ քաղաքի Ֆիլհարմոնիայի դահլիճում ելոյթ ունեցաւ հայ լաւագոյն թենորներից մէկը` Գէորգ Հաճեան: Համերգը նուիրուած էր ժողովուրդների բարեկամութեանը եւ համերաշխութեանը` «Դասական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը մօտիկացնում է սրտերը» խորագրով: Համերգի յենասիւնը անմահ Կոմիտասի բազմաժանր մեներգներն էին: Ծրագրում ընդգրկուած էին նաեւ համաշխարհային` իտալական, լատինական, ռուսական եւ հրէական հոգեւոր եւ դասական ստեղծագործութիւններ: Համերգը կազմակերպել էին ամուսիններ` Նաիրա Նասիբեանը եւ...

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Հանդիսութիւն Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզին, ուրբաթ, 3 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած հանդիսութիւն: Հանդիսութեան բացումը կատարեց մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Հայ մօր տարի» հռչակման խորհուրդը, ուր բոլոր մայրերուն թափած աշխատանքի արդար  վաստակը մեծ գնահատանքի արժանանալով` կը դառնայ գուրգուրանքի ու վեհ զգացումներու աւիշ: Ան...

Համշէնահայութեան Մասին Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Շաբաթ, 4 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազ Ալվրցեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ «Անոնք ալ հայ են» խորագիրին տակ ներկայացուած դասախօսութեամբ խօսեցաւ համշէնահայութեան մասին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովհաննէս սրկ. Թէփիրճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը: Յայտագիրի առաջին բաժինով դպրեվանեցիներ տեսերիզով ծանօթացան համշէնահայութեան աւանդութիւններուն եւ բարքերուն: Տեսերիզը ընդհանուր կերպով կը պատկերացնէր «իսլամացած» հայերու մշակոյթն ու հայկական արմատներուն...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածի Դպրոցական Շրջուն Ցուցահանդէսը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

Ազգ. Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան                 Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարան Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան                 Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարան                 Համազգայինի Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան            ...

«Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Միջդպրոցական Նկարչութեան Մրցումի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 4 մայիս 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական նկարչութեան մրցանքի աւարտական հանգրուանը, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններէն 45 աշակերտներու, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու: 6-8 տարեկան աշակերտները մաս կը կազմէին առաջին խումբին, 9-12 տարեկանները` բ. խումբին եւ 13-16 տարեկանները` գ. խումբին: Տրուած նիւթերուն շուրջ աշակերտներուն աշխատանքէն...

ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններ. «Փիւնիկի Սլացք»

«Տեմիրճեան» կեդրոնի երկրորդ յարկի սրահը բարձր տրամադրութիւն կը ներշնչէր: Մթնոլորտը յագեցած էր կոմիտասեան երաժշտութեամբ: Ներկաները մեծ մասամբ երիտասարդ զոյգեր եւ կամ միջին տարիքի մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր էին, որոնք  իրենց մանկահասակ զաւակներուն կամ թոռներուն ելոյթին կը սպասէին: Նախորդ տարիներէն ի վեր քանիցս հաստատուած եւ արդէն աւանդութիւն դարձած է ձեռնարկը ժամանակին սկսելու գովելի սկզբունքը: ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ վարժարաններու...

Ապրիլեան Շաբաթ Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն վարժարանը կազմակերպեց «Ապրիլեան շաբաթ» մը, որուն ընթացքին վարժարանին աշակերտները զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ոգեկոչեցին ու խորացուցին Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնները: Երկուշաբթի, 22 ապրիլին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու նկարչական գործերը ցուցադրուեցան վարժարանի գեղանկարչութեան ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանին հսկողութեամբ եւ բացատրութիւններով: Երեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտուն աշակերտութիւնը լուռ, հայավայել գիտակցութեամբ ու կոմիտասեան «Տէր ողորմեա»-ով ծաղիկներ զետեղեց դպրոցին բակին մէջ Ծիծեռնակաբերդի...

Page 91 of 114 1 … 90 91 92 … 114

Արխիւներ