«Ովասիս 2014» Ամառնային Ծրագիրը 16-րդ Տարին Ըլլալով Կը Շարունակէ Իր Բեղուն Գործունէութիւնը
Երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ովասիս»-ի ծրագիրը: Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ յաջողութիւն մաղթեց անձնակազմին եւ յոյս յայտնեց, որ «Ովասիս»-ը այս տարի եւս կ՛արժանանայ մասնակիցներու դրական արժեւորումներուն: Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ...













