Գաղութային

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Յաջող Հայկական Տոհմիկ Օրը

Հայ ազգային աւանդութիւններու եւ հայրենակցական գիտակցութեան պահպանման միտող հարուստ յայտագիր մը գործադրուեցաւ շաբաթ, 12 մայիս 2012-ի յետմիջօրէին, Հայ աւետարանական քոլեճի շրջափակին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն ձեռնարկը սկսաւ Հայ մարմնամարզական միութեան փողերախումբին խրոխտ հնչիւններով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն կատարումով: Օրուան հանդիսավարն էր դպրոցի ուսուցիչներէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ողջունեց Լիբանանի բոլոր շրջանակներուն մասնակցութիւնը այս յայտագիրին...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Խմբապետական Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը 12-13 մայիս 2012-ին կազմակերպած էր դաստիարակչական սեմինար մը Այն Ար շրջանի «Մարիա Փոլ»-ի հանգստարանին մէջ. սոյն սեմինարին մասնակցեցան մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն 15 քոյր եղբայրներ: Սեմինարը կ՛ընդգրկէր սկաուտական, դաստիարակչական, կազմակերպչական եւ ընդհանուր զարգացման եւ այլազան նիւթեր: Լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան իրավիճակին մասին խօսեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ներկայացուեցան նաեւ յայտագիր մը ներկայացնելու ձեւերուն,...

ՀՄԸՄ Ժտէյտէ Մասնաճիւղի Տարեկան Ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 5 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, «Լը Փինիոն» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀՄԸՄ Ժտէյտէի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ  Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան: Պարահանդէսին ՀՄԸՄ Ժտէյտէի վարչութեան խօսքը արտասանեց Յովսէփ Համամճեան: Ան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին` նշելով, որ  աւելի քան 100 տարի առաջ Պոլսոյ թաղերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ հայ սկաուտական խումբերու առաջին...

ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Զալքայի «Մշրապիէ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Թորիկեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Բացման խօսքին մէջ ատենապետը հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին գործունէութիւնը, ան ներկաներուն փոխանցեց, թէ «Անի» մասնաճիւղը հիմնուած է 1972-ին, Նահր...

Հայոց Ցեղասպանութեան Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Ուսանողական կեանքի գրասենեակին, ուրբաթ, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան  մը` «Հայոց ցեղասպանութիւն. ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով: Կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք կատարեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքեսեան, որ բացատրեց կլոր սեղանին նպատակը եւ ծանօթացուց մասնակցող հիւրերը: Կլոր սեղանի մասնակիցներն էին` «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան...

Արուեստի Ծիլեր Յուշարձան Մայրիկիս

Լիբանանի մէջ մայիսը մայրերու ամիսն է, «Մայր» սրբազան երեւոյթին նուիրուած ամիս: Բոլորը` մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, հաստատութիւններ, դպրոցներ կամ ակումբներ, իւրաքանչիւրը իւրովի անպայման կը նշեն մօր նուիրուած տօնը: Մայիս վեցին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի ամբողջ անձնակազմն ու աշակերտութիւնը կարծէք զօրակոչի ենթարկուած էին: Մանկապարտէզի ամենափոքրէն մինչեւ տնօրէն` բոլորը շարժման մէջ էին, աշխուժ եւ ուրախ շարժման: Դպրոցը մեղուի փեթակի վերածուած...

Մայրերու Օր

Մայիս ամիսն է, որ մայրանալով` ծնունդ կու տայ բնութեան. անիկա կը ծաղկի ու կը գեղեցկանայ: Հայ ժողովուրդն ալ, զուգահեռ մը գծելով բնութեան ծաղկումին եւ մայրերուն միջեւ, այս ամիսը նուիրուած է հայ մօր, ապրիլ ամիսէն ետք: Տարիներէ ի վեր  սովորութիւն դարձած է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ այս ամսուան ընթացքին մանկապարտէզի բաժնին կողմէ նշել մայրերու օրը: Այս տարի եւս, չորեքշաբթի,...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Մեր կեանքին մէջ հիմնական երեք արժէքներէն մէկը նկատուող դպրոցը ազգի մը գոյատեւման հիմնական կռուանը կը հանդիսանայ: Այս իմաստով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայրերուն առաջին նպատակը եղաւ դպրոց հիմնել` առաջքը առնելու համար հայ ազգին գոյատեւումը խաթարող որեւէ վտանգի: Հայախօսութիւնը, հայոց պատմութեան լաւատեղեակ ըլլալը կ՛երաշխաւորեն նոր սերունդին մօտ հայու ոգին ու անկորնչելի կամքը: Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ 1932-ին հիմնուեցաւ Ազգային Լուսինեան...

Խմբապետական Վերաորակաւորման Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային  խմբապետութիւնը կիրակի, 6 մայիս 2012-ին  կազմակերպեց խմբապետական վերաորակաւորման միօրեայ սեմինար մը,   ՀՄԸՄ Ժունիէի ակումբին մէջ: Սեմինարը սկսաւ առաւօտեան ժանը 7:30-ին  «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք  շրջանային խմբապետ եղբայր Ժանօ Քեչեճեան  կատարեց բացման խօսքը, որով մասնակցողներուն փոխանցեց սեմինարի  նպատակն ու կարեւորութիւնը: Սեմինարին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերէն Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Ժունիէի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Զահլէի մասնաճիւղերու փոխխմբապետ եւ...

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ . Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումը: Ձեռնարկը յատկացուած էր գիւղի երեք վարժարաններու աշակերտութեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Լալիկ Խօշեան հրաւիրեց աշակերտները` յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուածներուն, ապա ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «Աշխարհի բոլոր հայկական վարժարանները իրենց...

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան «Պատկեր» Արհեստի Եւ Արուեստի Կեդրոնի Բացում

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Արհեստներու բարեկամներուն, 21 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Պատկեր» արհեստի եւ արուեստի կեդրոնին բացումը` «Արհեստաւորներու եւ յղացողներու աշխարհը. մեծարանք հայկական մշակութային ժառանգութեան» նիւթով: Բացման խօսքը արտասանեց Արփի Մանկասարեան, որ բացատրեց, թէ «Պատկեր» կեդրոնին նպատակն է պահպանել ջարդէն ճողոպրած հայուն արուեստն ու արհեստը, որոնք սերունդէ սերունդ պահպանուած էին եւ տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել աւելի արդիականացած ձեւով, սակայն...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Կ՛Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան 97-րդ Ամեակը

Ճեմարանի աշակերտները զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեցին 24 ապրիլի Ցեղասպանութեան յիշատակը: Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դ.-ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան Ճեմարանի բացօթեայ բակը, ուրկէ պիտի սկսէր քայլարշաւը: Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին` ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին: Կրելով անոնց տանջանքին մէկ աննշան բաժինը` քալելով պիտի երթանք մինչեւ մայրավանք, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգիստ`...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան . Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ի կէսօրին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները նշեցին ապրիլ 24-ը: Յայտագրին ներկայ էին վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու աշակերտները: Բացման խօսքը կատարեց վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Լոռի Սանոսեան, որմէ ետք աշակերտները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն: Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր դասարաններէն աշակերտներ, որոնք արտասանեցին ու երգեցին Մեծ եղեռնի յատուկ ոտանաւորներ ու երգեր: Յայտագրի...

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը,  գործակցութեամբ  ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, կազմակերպեցին դասախօսական շարք մը, որ տեղի ունեցաւ 13, 20, 27 ապրիլ 2012-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. 1.- «Հաւասարակշռուած սննդականոնի անհրաժեշտութիւնը եւ պատրաստ ճաշերու անպատեհութիւնը», դասախօս` սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: 2.- «Քրոնիք հիւանդութիւններ` սրտանօթային, գերճնշում, բարձր քոլեսթերոլ, թրիկլիսերիտ», դասախօս` ընդհանուր մարմնի...

Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Ապրիլ 24-Ի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2012-ը սովորական օր մը չէր Հայ Աւետ. կեդրոնական բարձր. վարժարանին համար, որովհետեւ ապրիլեան ձեռնարկի մը պատրաստութիւնը եւ պատշաճօրէն մատուցումը պարտաւորեցնող էր բոլորին համար: Հարկ է յիշեցնել, որ աշակերտական իւրաքանչիւր ձեռնարկ անպայման իր մէջ կը պարփակէ ուսանելի եւ թելադրական իմաստ, այլապէս ինքնադաստիարակութեան ճամբով հաղորդ դառնալու ազգային արժէքներուն եւ նախնեաց յիշատակին: Արդարեւ, «Տէր Ողորմեա» շարականի ունկնդրութեամբ` վարժարանի աշակերտներ մոմավառութեամբ...

Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձրագոյն Վարժարանի 90-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Տարեմուտին գեղարուեստական հանդիսութեամբ մը ազդանշանը կը տրուէր վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակի ձեռնարկներու շարքին: Օրին, վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ մատուցին կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն կը յայտնէին իրենց սէրն ու խայտանքը, գուրգուրանքն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ իրենց վարժարանին: Բնական հետեւութեամբ մը, ընդհանուր ծրագիրին նաեւ մաս կը կազմէր հանդիսաւոր ճաշկերոյթի մը կազմակերպումը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ի, երեկոյեան, «Լօ Ռուայալ» պանդոկին «Ազուրիա»,...

Մոմավառութիւն Ռաուտայի Մէջ

                Ռաու­տա­յի ՀՅԴ «Շու­շի» կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 23 ապ­րի­լին շրջա­նին մէջ տի­րեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 97-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման մթնո­լորտ: Ար­դա­րեւ, փո­ղոց­նե­րը, ակում­բի մուտ­քին, շէն­քե­րուն պատըշ­գամ­նե­րուն ծայ­րը զե­տեղ­ուե­ցան եւ վա­ռե­ցան մո­մեր, շրջա­նին մէջ հնչեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յար­մա­րող եր­գեր:

ՀԲԸՄ-ի Հիմնադրութեան Տարեդարձին Առթիւ Տօնակատարութիւն Խորհրդարանի Դիմաց

Նախաձեռնութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի կրթական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի  հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին առթիւ եզակի ու իւրայատուկ միջոցառում մը, կիրակի, 15 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Լիբանանի խորհրդարանին դիմաց, «Նըժմէ» հրապարակին վրայ, ժամացոյցին շուրջ: Պէյրութի սիրտը զօրաւոր բաբախեց ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներու ամուր քայլերու շուրջպարով բազմահարիւր ծնողներու, ՀԲԸՄ-ի բարեկամներու եւ պատահական անցորդներու ներկայութեան: Հայ երգն ու եղանակը թնդացուցին Պէյրութի...

Բիւր Յարգանք` Մեծ Եղեռնի Զոհերուն

Հայ ժողովուրդը ամէն տարի ապրիլ 24-ին միասնական շարքերով կը նշէ բարբարոս թուրքերուն կողմէ ի գործ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Դպրոցները անմասն չեն մնար այս ոգեկոչումներէն: Առ այդ, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ի ատենամարզանքի պահուն Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը յիշատակեց ապրիլեան զոհերը` յարգանքի իր տուրքը մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Ճենանեան,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտավայել Ոգեկոչում, Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողի Մանրակերտի Բացում Եւ Ցուցահանդէս

«Ճանաչումէն հատուցում. հետեւողական, կազմակերպուած եւ հաւաքական կամքով» լօզունքին ներքեւ, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտի բացում եւ աշակերտական գեղանկարներու ցուցահանդէս։ Վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք, երգչախումբը երգեց «Հանգչեցէք դուք անդորր» երգը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական...

Page 106 of 114 1 … 105 106 107 … 114

Արխիւներ