Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏՕՆԻՆ

April 26, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Լիբանանի Հովուական ժողովին, շաբաթ, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ պաշտամունք` նուիրուած Ապրիլեան յուշատօնին:

Պաշտամունքի ընթացքին կատարուեցաւ Աստուածաշունչի ընթերցում, աղօթք, երգեցողութիւն եւ փոխասացութիւն` մասնակցութեամբ ժողովուրդին, նաեւ ասմունք` կատարողութեամբ Հրակ Աւետանեանի:

Օրուան պատգամաբերն էր Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեան: Ան յայտնեց, որ սպասել կը նշանակէ վիճակի մը մէջ ըլլալ եւ որոշ ատեն մը համբերել ու յուսալ, իսկ սպասելը քրիստոնէական հաւատքին էութեան հետ կապ ունի եւ մեր նկարագիրի անբաժան մէկ մասն է: «Կը սպասենք Աստուծոյ գնահատանքին արժանանալու», շեշտեց վեր. Յ. Սվաճեան` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան արդար լուծում մը գտնելու սպասումը մեզի կը թելադրէ որոշ ապրելակերպ եւ վարմունք: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 96 տարիներ ետք կը սպասենք, որ թուրքը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցէ եւ հատուցում կատարէ:

«Այս աշխարհին վրայ մարդ անհատ իր իրաւունքին դիւրութեամբ չի տիրանար… չհաւատանք, որ եթէ արդար է մեր դատը, մարդիկ պիտի մեղքնան մեզի եւ պիտի հատուցեն», հաստատեց վեր. Սվաճեան: Ան նկատել տուաւ, որ մինչ Մեծ եղեռնի

100-ամեակը կը մօտենայ, մենք պատրաստ ենք մինչեւ այդ թուականը մեր ծրագիրներուն մէջ մագլցողական ըլլալու, նաեւ դառնալու զօրաւոր, կազմակերպուած, ազդու եւ յեղաշրջիչ: «Ազգ մը չի սպաննուիր, այլ կրնայ անձնասպան ըլլալ, եթէ սկսի մոռնալ սպասել հատուցման իրաւունքի արդարութեան… եթէ անձ մը չհրաժարի իր հայրենիքէն, հողէն, լեզուէն, հայութենէն, դպրոցէն, ոչ ոք կրնայ զինք մոռցնել…», եզրափակեց վեր. Սվաճեան:

 

Պաշտամունքը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ. ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։