Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-Ի ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԵՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՐՔԸ

April 26, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը, մասնակցութեամբ  Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ

Անթիլիասի մասնաճիւղերու աստիճանաւորական ու խմբապետական կազմերուն, ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն եւ ընկերակցութեամբ շեփորախումբին շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին այցելեցին Պիքֆայայի Ապրիլեան նահատակաց յուշարձան` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Եղեռնի մէկուկէս միլիոն զոհերուն:

Շուրջ 50 խմբապետներէ բաղկացած կազմը` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, յառաջացան դէպի յուշարձան, մարզիկներն ու սկաուտները շեփորախումբի նուագին կշռոյթով  Նահատակաց յուշարձանի կողքին զետեղեցին ծաղկեպսակներ` մատուցելով յարգանքի իրենց տուրքը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Հայկ Թապագեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ապրիլ 24-ը ոգեկոչման յիշատակի օր է, թուրքը 1.5 միլիոն զոհ խլած է հայ ժողովուրդի զաւակներէն, ու մինչեւ այսօր կը մերժէ խոստովանիլ իր ոճիրը եւ հատուցում կատարել զոհին:

Թապագեան շեշտեց, որ իրաւունքը լռութեամբ չի հետապնդուիր, այլ պահանջատիրութեամբ, Հայ դատի պայքարը ամէնօրեայ ապրում է, հայօրէն ապրելու, հայօրէն գործելու ու կամք պահանջող հաւատք: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, հաւատարիմ իրենց պատգամին, ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման` հայրենիքի վերակերտման, ամբողջական հայութեամբ միացեալ, ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի ստեղծման»:

Ապա Շրջանային խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Վարդուկ Ֆրնըզեան. ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը եղած է պատմութեան մէջ ամէնէն ողբերգական շրջանէ մը վերապրած ժողովուրդի մը յոյս տուող միութիւնը, 96 տարիներ ետք ՀՄԸՄ-ը տակաւին կը գործէ եւ կը գոյատեւէ` շարունակելով իր գործը ծառայելու հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին. ՀՄԸՄ-ը եղած է պահապանը հայ լեզուին, հայ մշակոյթին ու կրօնին` աշխատելով դէմ դնել օտարամոլութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը հասնի իր արդար իրաւունքներուն եւ ոճրագործ թուրքը ստանայ իր արդար պատիժը:

Յիշատակի հաւաքը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ «Յառաջ նահատակ» քայլերգին նուագով:

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

Յաջորդը

ԱՄԱՆՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։