Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վալոդ»-ներու Մտահոգութեամբ

September 28, 2012
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Բերձորէն Կովսական ճամբուն վրայ 10 ընկերներով շատ մեծ խանդավառութեամբ ազգային ու յեղափոխական երգերը կը փառաբանէինք, մինչ Վալոդը` տարիքը առած մեր վարորդը, մէկ կողմէն անձրեւին եւ վատ օդին հետ կռուելով, միւս կողմէն ալ` իր հին մեքենային եւ քարքարուտ ճամբաներուն հետ, կը փորձէր մեզի ընկերակցիլ, շատ մեծ գոհունակութեամբ ալ մտիկ կ՛ընէր մեր խօսակցութիւնը, թէեւ երբեմն մեր բարբառը անհասկնալի կը թուէր իրեն, սակայն երբեմնի կարճ դրուագներով ու պատահարներով կ՛ընդմիջէր…

Հասանք Կովսական, իրիկուն էր արդէն, ամէն ինչ կորսուած էր մթութեան մէջ, բան մը յստակ չէր մեր շուրջ: Լուսնի լոյսին առաջնորդութեամբ մէկտեղուեցանք, եւ ես շատ անհամբեր սկսայ սպասել առաւօտը: Հասկցայ, նկար չէր այլեւս հայրենիքը, ոչ ալ` շարժապատկերի մէջէն առնուած քանի մը վայրկեան, այլ իրականութիւն էր, սպասուած պահ մըն էր հայրենիքը առաջին անգամ այցելողի մը համար:

Առաւօտուն լռութիւնը կը տիրապետէր այնքան, որ հեռուէն կը լսուէր Ողջի գետին վազելու ձայնը: Իրարանցումով, կեանքով ու բնակչութեամբ լեցուն քաղաքէ մը եկողը շատ պիտի սիրէր այդ լռութիւնը, պիտի ուզէր խաղաղութիւնը վայելել անընդհատ: Գոհունակութեամբ ու մեծ բերկրանքով, առաջին քանի մը օրերը վայելեցի այդ հանդարտութիւնը, սակայն պահ մը ետք նկատեցի, թէ թերի բան մը կար, բան մը անպայման կը պակսէր այդտեղէն եւ քիչ մը նեղացուցիչ ու յուսահատեցնող սկսած էր դառնալ այդ պակասութիւնը: Քիչ ետք նկատեցի, թէ մարդն էր այդտեղ բացական. շրջանը բնութեամբ լի անապատ մը դարձած էր իր շատ քիչ բնակչութեամբ:

«Կեանքի ճանապարհ» հանդիսացող Քաշաթաղը, որ Արցախ-Հայաստան կապող կարեւորագոյն օղակն է եւ ազատագրուած է 1992 մայիս 18-ին, դեռ պէտք եղած չափով չէ վերաբնակեցուած. այդ մէկը շատ նեղացուցիչ եւ յուսահատեցնող երեւոյթ մըն էր, փառքերով լեցուն 3400 քառ. քմ  հաշուող հողին վրայ կ՛ապրի մօտաւոր 10 հազար մարդ,  մօտաւոր 2,9 մարդ/քմ2 խտութիւն. շատ ընդարձակ տարածութիւններ, շատ քիչ բնակչութիւն. այս էր յուզող իրավիճակը:

Բնակելի տուներէն աւելի` աւերակները կան, հասանելի եւ մատչելի ճամբաներէն աւելի` քարքարուտ եւ դժուարանցանելիները կան, եկեղեցիներէն աւելի` աւերակ մզկիթներ դեռ կան. կարճ ժամանակի վրայ յուսահատեցնող երեւոյթ մըն էր այս մէկն ալ, բայց այդ նոյն հողին վրայ միակ պատկերը կեանք կը ներշնչէր ու կը յուսադրէր` ազատագրուած հողի հպարտութիւնը ու պարծանքը վայելող վերաբնակողին ներկայութիւնը: Անոր պայքարող եւ միեւնոյն ատեն յուսահատ հոգին, խրոխտ ու միեւնոյն ատեն խղճալի դիմագիծը, իր ուրախ եւ թախծոտ իրավիճակը, այո, կեանք կու տար այս հակասութեան, կը բացատրէր կացութիւնը. այս հակասութիւնը կը հասկցնէր, թէ շատ դժուար էին պայմանները, սակայն հայրենի հողին վրայ դժուար պայմաններով ապրիլը կը նախընտրէր, քան` օտար հողերու վրայ ազնուական կեանքը, համեստ քէֆերը կը նախընտրէր, քան` փառաւոր խնճոյքները, կը նախընտրէր երեխաները քալելով քիլոմեթրներ անցնին, քան թէ ամենամօտ օտար դպրոցը երթալն. այս էր վերաբնակեցուածին մտածելակերպը: Իր կուտակած հաւատքը եւ ուժը հողէն կ՛առնէր կարծէք, աշխատանք կը թափէր այդ հողին վրայ եւ ապրուստ կը քաղէր անկէ:

Ան իր ներկայութեամբ, իր վերաբնակեցումով եւ իր «կեանք»-ը նուիրելով` շատ մը գրաւականներ կ՛ապահովէր. յաճախ մտածեցի, թէ ես եւ ինծի պէս «հայրենադարձներ» ինչպէ՞ս կրնան օգտակար դառնալ այս հողին, ի՞նչ կրնանք նուիրել  այս հողին փառքերը վայելելու համար, տնտեսութիւնը զարգացնելու:

Արդէն առաջին իսկ օրէն մեր վարորդը` Վալոդը ճամբուն ընթացքին  իր դրուագներէն մէկը երբ կը պատմէր, ըսաւ ինծի եւ Լոռիին. «Այստեղ ամէն մէկ քառակուսի մեթր վերադարձնելու համար արիւնալի կռիւներ մղած ենք, բայց դժբախտաբար մարդու հետք չկայ այս կողմերը». դրուագը աւարտեց` ըսելով. «Ձեզի պէս երիտասարդներու մի միայն ներկայութիւնը արդէն շատ բաներ պիտի ապահովէ»: Արդեօ՞ք…

 

 

Նախորդը

Անխախտելի Երդումը

Յաջորդը

Շարժէ. Նախքան Ուշ Ըլլալը…

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։