Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը այս տարի համեմատաբար աւելի հետաքրքրական կը թուի ըլլալ, բաղդատմամբ վերջին տարիներուն, բայց ըստ երեւոյթին կային մեծ յոյսեր ունեցող խումբեր, որոնք գոհ չէին իրենց արդիւնքներէն:
Ֆիորենթինա 6 սեպտեմբերին արդէն իսկ փոխած էր իր մարզիչը` Ֆապիօ Կրոսոն պաշտօնանկ ընելով եւ նշանակելով Փաուլօ Վանոլին:
Ֆիորենթինա այժմ 15-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ վերջին 3 մրցումներուն չէ պարտուած, հակառակ Աթալանթայի (2-2), Սասուլոյի (4-2) եւ Եուվենթուսի (2-2) դէմ մրցելուն:
Պոլոնիա 16 սեպտեմբերին փոխած էր իր մարզիչը, ուր Ռաֆայելէ Փալատինօ փոխարինած էր Տոմենիքօ Թետեսքոն: Պոլոնիա, որ իր առաջին 4 մրցումներէն 3-ին պարտուած էր եւ 1 կէտ կրցած էր ձեռք ձգել, ամբողջովին փոխուեցաւ եւ 7 մրցումներու ընթացքին 5 յաղթանակ արձանագրեց միայն մէկ մրցումի պարտուելով, այդ ալ` ախոյեան Ինթեր Միլանի դէմ (1-3):
27 սեպտեմբերին կարգը հասաւ Փարմայի, որ գոհ չէր Քարլոս Քուեսթայէն եւ զայն փոխարինեց Ալպերթօ Ժիլարտինոյով:
Ժիլարտինոյի հետ Փարմա 6 մրցումներ կատարեց եւ միայն վերջին երեք մրցումներուն սկսաւ արդիւնք ստանալ: Փարմա Ուտինեզէի դէմ հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք կրցաւ յաղթել Աթալանթային (3-0), բայց վերջին մրցումին Պոլոնիայի դէմ 9-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստանալով պարտութիւն կրեց (2-1):
Հոկտեմբեր ամսուան միայն Վենեցիա գլխաւոր մարզիչը փոխեց, ուր Տավիտէ Նիքոլա փոխարինեց Ճիովաննի Սթրոփան: Նիքոլայի հետ Վենեցիա իր առաջին մրցումը յաղթեց Նափոլիին (1-0), ապա 3 պարտութիւններ կրեց եւ վերջին մրցումին յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, այդ ալ Ուտինեզէի վրայ:
2 նոյեմբերին Ուտինեզէ փոխեց իր մարզիչը եւ այժմ վերջին դիրքին վրան կը գտնուի: Փաուլօ Զանեթթի փոխարինեց Քոսթա Ռունիայիչը եւ բաւական դժուար գործ ունի:
Այս շաբաթ կարգը եկաւ Սասուլոյի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իր մարզիչ Ալպերթօ Աքիլանիին, որ այդ տարուան յունիսին ստանձնած էր իր պաշտօնը:
Իտալացի մասնագէտը 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրելէ ետք պաշտօնանկ եղաւ: Սասուլօ 11 հանգրուաններէ ետք 8 կէտ ձեռք ձգած է եւ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 17-րդ դիրքը:
Շատ հաւանական է, որ Ռոպերթօ Տ՛Աւետսա փոխարինէ զինք: Նշենք, որ Լացիօ Ռոմա 29 կէտերով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` մէկ կէտի առաւելութիւն ունենալով Ինթեր Միլանի վրայ: Ա. Էս. Ռոմա 27 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Ա. Սէ. Միլան 24 կէտերով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` 7 կէտի առաւելութիւն ունենալով Քոմոյի վրայ:
Ֆրոզինոնէ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 20 կէտերով:


