Ռուսիոյ ճիւտոյի 2026-ի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Միներալնիէ Վոտի քաղաքին մէջ, ուր երկու ռուսահայ մարզիկներ մետալներ շահեցան:
Մինչեւ 90 քկ կշիռի մրցումներուն, Դաւիթ Կարապետեան դարձաւ Ռուսիոյ ախոյեան: Մոսկուան ներկայացնող մարզիկը յաջողութեամբ հասաւ աւարտական, ուր պարտութեան մատնեց Ռոլան Կունիժեւը` դառնալով Ռուսիոյ ախոյեան:
Մինչեւ 66 քկ կշիռի մրցումներուն, Լեւոն Թումասեանց, որ Սթաւրոպոլը կը ներկայացնէր, յաջողութեամբ հասաւ աւարտական, ուր իր դէմ ունէր Կրասնոտարի շրջանը ներկայացնող Իսմայիլ Միսիրովը: Ախոյեան դարձաւ Միսիրով, մինչ ճիւտոյի հայազգի մարզիկը աւարտեց արծաթէ մետալով:


