Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երազներու Գերեզմանը

September 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր անձ, զանազան երկիրներու մէջ ծնած, տարբեր միջավայրերու մէջ ապրած, յատուկ տարիքի մը` երազներ կ’ունենայ… Ըլլայ այդ մէկը մանկապարտէզի, կամ յետոյ` դպրոցի եւ համալսարանի տարիներուն. ամէն անձ իր երազը եւ փափաքը կ’ունենայ` թէ ի՞նչ կ’ուզէ ընել կամ ըլլալ ապագային:

Մարդկութեան բնական ընթացք մըն է այս: Փափաքներէն ամէնէն կարեւորը` իրեն յարմար թուացող գործ մը ունենալ եւ սիրային կեանքը, ամուսնութիւնը, զաւակ ունենալն ու ընտանիք կազմելը ապահովել:

Այս բոլորը աշխարհի օրէնքներուն եւ բնական ընթացքին մաս կը կազմեն եւ հիմնական են ամբողջ աշխարհի մարդկութեան համար:

Դժբախտաբար (ստիպուած եմ «դժբախտաբար» բառը գործածել) ո՛չ մէկը, ո՛չ մէկ անձ կամ էակ կրցած է իր փափաքը կամ երազը իրագործել… Հաւանական է, որ ամէնէն բախտաւորը 50 կամ 60 տոկոսով կրցած է մօտենալ իր նպատակի իրագործման, բայց աշխարհի զանազան դէպքերը արգելք հանդիսացած են մարդկութեան երազներու լրիւ իրականացման:

Երկիրներու պատերազմներուն կամ ընդհանուր անկանոն ներքին հարցերը, դրացի երկիրներու հետ սահմանի անորոշ կացութիւնները, անգործութիւնը, տնտեսական վատ  պայմանները, մարդոց միջեւ անհասկացողութիւնները, կեանքի սղութիւնը, բնական աղէտները (փոթորիկներ եւ երկրաշարժեր), անակնկալ հարցերը (կամ դէպքերը), հիւանդութիւնները` անձին կամ ընտանեկան պարագաներուն, պատճառ դարձած են, որ ոեւէ անձի մը կազմած ծրագիրը խանգարուի:

Ասկէ ի յայտ եկած կացութեան լոյսին տակ ալ շատեր իրենց երիտասարդ տարիներուն որոշում տուած են իրենց սիրած եւ ապագայի համար փափաքած գործին հասցնող մասնագիտութիւններու հետեւիլ:

Մեծամասնութիւնը, սակայն, չէ կրցած իրագործել իր այդ երազը երկրին վատ պայմաններուն եւ մանաւանդ տնտեսական ու նիւթական կացութեան վատթարացման պատճառով:

Անակնկալ կացութիւններ ստեղծուած են անձին կամ իր ընտանիքին անդամներէն մէկուն հիւանդութեան պարագային, եւ զանազան պատճառներ արգելք եղած են իր որոշումներուն եւ իր կեանքին համար գծած ճամբու տեսլականին:

Յուսախաբութեան պատճառներէն մաս մըն ալ անձին շրջանակէն յառաջ կու գայ, մանաւանդ` իր հարազատներէն, ընտանիքի մօտիկ անդամներէն, որոնք ըսի-ըսաւներով կամ նախանձի պատճառներով հակառակ քայլեր կ’առնեն, եւ հոն կ’անդրադառնայ, թէ հարազատները եւ իր ազգականները անձնական կամ ժառանգական հին պատմութիւններու պատճառով որքա՛ն թոյն կ՛արձակեն իրեն հանդէպ:

Հոն կը գիտնայ, թէ իր բարեկամները ի՛նք ընտրած է, մինչ ազգականներն ու հարազատները իրեն պարտադրուած են:

Կեանքին ընթացքը այս ձեւով կը շարունակուի` անձրեւ, փոթորիկ եւ զանազան ձախողութիւններ իրարու վրայ դիզուելով արգելք կ’ըլլան` իր ծրագիրները իրագործելու:

Շատ անգամ իր ապրած երկրին կացութենէն կը ստիպուի հեռանալ ու այլ երկիրներու մէջ գործ փնտռել եւ այդ ձեւով լքել իր փափաքած ծրագիրները` պարզապէս ապրուստի աղբիւր մը գտնելու նպատակով:

Ասոր հետեւանքը կ՛ըլլայ` ընտանիքէն բաժանում, ուսումը կիսատ ձգել, երազները ոտնակոխել, իսկ այս բոլորը շատ անգամ զինք ճնշուածութեան կ՛ենթարկեն եւ ընկճախտի կը հասցնեն, որովհետեւ ան կը ստիպուի մոռնալ իր սիրային կեանքը եւ ընտանիք կազմելու` զաւակներ ունենալը երազները, որոնք մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան իր անձնական կեանքին վրայ:

Բժշկական օրէնքով, հոգեկան հիւանդութեան` ընկճախտ կոչուած վիճակը կրնայ տարիներ տեւել, այդ կացութեան պատճառով անձ մը կրնայ ենթարկուիլ երկար եւ ցաւալի դարմանումի, որ շատ անգամ զինք մինչեւ հիւանդանոց կը հասցնէ:

Իբրեւ բժիշկ` հետեւած եմ շատ մը անձերու այս ցաւալի վիճակին. անոնք խոստովանած են իրենց անյաջողութեամբ պսակուած ծրագիրներուն պատճառով ապրած զգացումներուն մասին եւ` յիշած, թէ իրենց այս տխուր վիճակն  ու հոգեկան տագնապը հաճոյք պատճառած են իրենց կարգ մը հարազատներուն, որոնք նախանձի եւ հին ընտանեկան հաշիւներու պատճառով, մանաւանդ` ժառանգի ըսի-ըսաւներով, խզած են իրենց յարաբերութիւնները:

Ըստ վիճակագրութիւններուն, հոգեկան հիւանդութեան կամ ընկճախտի պատճառով շատեր իրենց տառապանքը, կամ` իրենք զիրենք մոռնալու համար, սկսած են յատուկ թմրեցուցիչներ կամ դեղեր գործածել եւ դժբախտաբար մոլի դարձած են այդ թոյներուն, որոնք հետզհետէ իրենց առօրեայ կեանքին եւ գործին արգելք եղած են:

Բժշկական եւ դեղի ընկերութիւններուն վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ աշխարհի տարածքին մարդոց 30 առ հարիւրը կ’ապրի թմրեցուցիչներով եւ հանդարտեցուցիչ դեղերով:

Այդպիսով, անձը ինք չ՛որոշեր իր կեանքին ընթացքը, այլ հակառակը` իր տառապանքն ու հոգեկան վիճակն է, որ զինք կ’առաջնորդէ եւ կ’ուղղէ իր կեանքը` այդ դեղերուն կամ թմրեցուցիչներուն ազդեցութեամբ:

Հոս, հարց կը տրուի, թէ ո՞ւր մնաց այս անձին, մանուկին կամ երիտասարդին կեանքի ծրագիրը, անոր երազը, որ կ’ուզէր փաստաբան, բժիշկ կամ ճարտարապետ ըլլալ, ինչ որ ինք միշտ փափաքած էր. քանինե՞ր կրցան իրենց փափաքածին հասնիլ… Չմոռնանք նաեւ անոնք, որոնք թէեւ իրենց ընտրած մասնագիտութեան  կրցան հասնիլ, սակայն չկրցան այդ ասպարէզին մէջ յաջողութիւն ունենալ: Շատ անգամ երկրին տնտեսական եւ ապահովական վատ վիճակին պատճառով ստիպուած երկիրը լքելով, փոխադրուեցան ուրիշ հորիզոններ կամ ուրիշ երկիրներ, անոնցմէ շատերուն վկայականը  երբեմն չընդունուեցաւ կամ չվաւերացուեցաւ, եւ իրենցմէ խնդրուեցաւ վերստին ուսանիլ, որովհետեւ վկայուած համալսարանը դուրսի երկիրներու համալսարաններուն հետ համաձայնութիւն չէր կնքած եւ այլն:

Շատեր ստիպուեցան իրենց վկայականները պատէն կախել եւ առժամեայ ապրուստի ճամբայ մը ապահովելու համար աշխատիլ ճաշարաններու մէջ, կամ դարձան ինքնաշարժի վարորդ, կամ զանազան անորոշ գործերու հետեւիլ եւ այդպէս իրենց ճամբան շարունակել` պարզապէս ինքնաբաւ ըլլալու եւ ուրիշին ձեռք չպարզելու նպատակով:

Շատ ցաւալի է, եւ շա՜տ շատեր այս կացութեան մատնուած են, մանաւանդ` մեր հայ սերունդի զաւակները, որոնք Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն եւ զանազան այլ երկիրներէն տարիներու ընթացքին ստիպուած են իրենց ընտանիքները, եղբայրները, քոյրերը, հայրերը, մայրերը եւ անշուշտ բարեկամները ձգել եւ օտար երկիրներ երթալով` հացի ճամբայ մը գտնել: Եթէ կեդրոնանանք եւ մտածենք այդ մասին, շատ ցաւալի զգացում մը կ’ունենանք, կը տեսնենք երազներու անկումը` երազներու գերեզմանը:

Շատ անգամ, նոյն երկիրը մնալով հանդերձ, իրենց հարազատներուն հետ չկրցան վայելել իրենց մանկութիւնը կամ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ ընտանիքներու հին չլուծուած հաշիւներ գոյութիւն ունէին, եւ զոհ գացին` այդ անհամաձայնութիւններուն, ըսի-ըսաւներուն, նախանձին, նիւթական հարցերուն եւ ժառանգական անլուծ մնացած իրաւունքներուն:

Տարիներու ընթացքին հանդիպումները սկսան տեղի ունենալ միայն հարսանիքի առիթով, որմէ նոյնիսկ բացակայելու համար զանազան պատճառաբանութիւններ կը հնարուին: Իսկ եթէ հարսանիքի առիթով զիրար չտեսնեն, վստահաբար մահուան եւ թաղումին կը հանդիպին, ուր գրեթէ բոլորը ներկայ կ’ըլլան… սեւ փողկապ կապած` իրենց յարգանքը կը մատուցեն եկեղեցին կամ գերեզմանատունը. հոն նուէր բերել չկայ. պարզապէս պարտականութիւն մը` ազգականի մը կամ հարազատի մը հանդէպ, որ տարիներէ չէ տեսած, կամ չէ հանդիպած, նոյնիսկ եթէ իր թաղէն քիչ մը անդին ապրած է…

Չեմ գիտեր, թէ վիճակագրութեամբ մը սերտուա՞ծ է, բայց ես համոզուած եմ, որ աշխարհի տարածքին 80 առ հարիւրէն աւելին ուզած է իր երազները իրականացնել, սակայն չէ կրցած իր փափաքածին հասնիլ` իր կամքէն անկախ պատճառներով…

Կեանքն է, որ կ’որոշէ ապագան… Երազը երազ կը մնայ, եւ երբեմն անձին հետ անդի աշխարհ երթալով` գերեզմանը կը վերջանայ…

 

 

Նախորդը

Հայուն Խաչքարը

Յաջորդը

Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր Մտերմութեան Հետքերով

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.