Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Սաֆա Շուէյֆաթին (2-0)

September 7, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբը լաւ ձեւով սկսաւ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը եւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաֆա Շուէյֆաթը:

Մրցումը սպասուածին պէս քիչ մը դանդաղ սկսաւ, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ առաջին 10 վայրկեաններուն շատ լաւ խմբային խաղ կը խաղար եւ առիթներ ալ ստեղծեց:

Այս հանգրուանին ինքնաբերաբար խումբերը զգուշ կը խաղան սխալներ չգործելու եւ մրցակիցը լաւ ուսումնասիրելու համար: Գրեթէ բոլոր խումբերն ալ իրար ծանօթ չեն, եւ այդ պատճառով ալ Բ. կիսախաղը տարբեր կ՛ըլլայ:

Այդպէս ալ եղաւ, եւ ըստ երեւոյթին ՀՄԸՄ-ի մարզչական կազմը իր ցուցմունքները տուած էր եւ ճիշդ փոփոխութիւններով կրցաւ բարելաւել խաղը:

Ալի Ռիտա Ապպաս գլխու հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը 65-րդ վայրկեանին, քոռնըրէ մը ետք:

ՀՄԸՄ աւելի եւս ճնշեց մրցակիցին վրայ, որ Պիպլոս ակադեմիայի խումբն էր, որ կը խաղար Սաֆա Շուէյֆաթի արտօնագիրով:

76-րդ վայրկեանին Ալի Իպրահիմ խաղի բերելէ ետք մրցակից մը ձեւացուց, թէ պիտի փոխանցէ կեդրոն, բայց խաբեց բերդապահը` գնդակը զետեղելով նեղ անկիւնէ մը: Արդիւնք` 2-0:

Շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակից Ղատիր Հարիսը իր կարգին 2-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Նասըր Քամեր Լոզին:

Արապի Աքքար 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքաֆա Հերի խումբը: ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցումը (Ղատիրի դէմ) տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, Ահտի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:

Նախորդը

Սպերցեան Կը Շարունակէ Փայլիլ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սիւնիք` Քննարկելու «Թրամփի Ուղի»-ն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

October 24, 2026
Աթլեթիզմ.  Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի  Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Աթլեթիզմ. Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի Արծաթ Մետալակիր

October 24, 2026
Եուրոփա Լիկ.  Արարատ Արմենիա  Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց
Մարզական

Եուրոփա Լիկ. Արարատ Արմենիա Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.