Գերմանիոյ Վերտեր Պրեմենի յետսապահ Քարիմ Քուլիպալի յայտնեց, որ իր ինքնաշարժի 4 անիւները «գողցուած» են… 19 տարեկան ֆութպոլիստը նկարած էր այդ, երբ կը պատրաստուէր իր անձնական ինքնաշարժով մարզուելու երթալ: «Պրեմեն: Ես կ՛ուզէի ներկայ ըլլալ փորձին», գրած է Քուլիպալի` ընկերային ցանցի իր էջին մէջ տեղադրելով ինքնաշարժին նկարը: Ըստ տեղեկութիւններուն, զայն փորձի տարած է իր խմբակից Սալիմ Մուսա: Անցեալ ամրան Քուլիպալի արհեստավարժ պայմանագրութիւն ստորագրած էր Պրեմենի հետ` տարի մը երիտասարդներու խումբէն խաղալէ ետք: Ան Համպուրկ ակումբի սան է եւ մաս կը կազմէ Գերմանիոյ երիտասարդներու ազգային խումբին:


