Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը պատմական ու աննախադէպ արդիւնքներ արձանագրած է մրցաշարքին առաջին օրն իսկ: Հայ հրաձիգները իրենց փայլուն ելոյթներուն շնորհիւ նուաճեցին երկու ոսկի եւ երկու արծաթ մետալներ:
Տղոց շարժուն թիրախի եւ խառն վազքի անհատական մրցումին գերազանց արդիւնք արձանագրեց Հայկ Մինասեան: Խոցելով 384 կէտեր, հայ մարզիկը հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Յատկանշական է, որ Հայաստանի առաջին ոսկի մետալն էր ասիկա աշխարհի հրաձգութեան ախոյեանութեան պատմութեան մէջ:
Նոյն մրցաձեւի խմբային պայքարին, Հայկ Մինասեան, Յովհաննէս Մարգարեան եւ Գոռ Խաչատրեան եռեակը գրաւեցին երկրորդ դիրքը` արժանանալով արծաթէ մետալին:
Ազգային խումբի յաջողութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ երիտասարդ աղջկանց մրցումներուն Այտա Ազատեան 379 կէտերով նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Խմբային մրցումներուն, Ազատեան, Անահիտ Սարգսեանի եւ Լիլիթ Մկրտչեանի հետ միասին ընդհանուր հաշուով 1095 կէտ ձեռք ձգեցին եւ գրաւեցին երկրորդ դիրքը` դառնալով աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:


