Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա, «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումը կատարեց երեքշաբթի գիշեր, Իրլանտայի Շեմրոք Ռովըրզին դէմ:
«Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Արարատ Արմենիա բաւական լաւ ձեւով սկսաւ տիրապետելով առաջին կիսախաղին, որ սակայն սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտեցաւ:
Բ. կիսախաղին, հազիւ 6 վայրկեաններ անցած էին, երբ իրլանտացի յետսապահի մը աններելի սխալէն օգտուելով 35 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Սանտրօ Լիմա նշանակեց Արարատի առաջին կոլը:
Շեմրոք սկսաւ տիրապետել մրցումին, բայց Հայաստանի ախոյեանը կրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանուիլ: 75-րդ վայրկեանին Արարատի խմբապետ Կամօ Յովհաննիսեան ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ պատգարակով դուրս եկաւ դաշտէն: Պրազիլցի յետսապահ Լուիս Ֆելիփէ զինք փոխարինեց:
Պրազիլցի Ֆրանքա Քարլոսի փոխանցումէն ետք 27 տարեկան Զիտան Պանճաքի (Կինէ-Պիսօ) կրցաւ գեղեցիկ կոլ մը նշանակել իրլանտական խումբին բերդին մէջ:
Մրցումի վերջին 10 վայրկեաներուն, Շեմրոք փորձեց փոխադարձել, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի` Իրլանտայի մէջ:


