Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երկուշաբթի, 29 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Խորէն Ա. Կեդրոն»-ի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան սրահին մէջ Հայագիտական հիմնարկը իր ամավերջի հանդէսն ու շրջաւարտներու վկայագիրներու բաշխումը կատարեց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան, որ անդրադարձաւ հիմնարկի առաքելութեան, այս տարեշրջանի ձեռքբերումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրապետական հովանաւորութիւնը շնորհելու կողքին, իր խրախուսանքն ու աջակցութիւնը տեւաբար կը յայտնէ հիմնարկին տարած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերեալ: Ա. Շխրտըմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր աջակից դասախօսական կազմին, որուն նուիրուածութեամբ հիմնարկը իր առաքելութիւնը ապահովաբար յառաջ կը տանի: Աւարտին խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, որոնք այս օճախին եռամեայ կրթութիւնը ստանալէ ետք իրենց առածը պիտի ընծայաբերեն իրենց շրջապատին եւ մեր ազգին:
Ապա շրջանաւարտ դասարանին անունով ուղերձ կարդաց Հելէն Յակոբեան-Թօփէեան: Ան յստակօրէն եւ յուզումնախառն ոճով արտայայտուեցաւ այն մեծ ներդրումին մասին, զոր Հայագիտական հիմնարկը ունեցած է իր կեանքին մէջ. ըստ շրջանաւարտ ուսանողին, հիմնարկը իր ուսանողներուն կը սորվեցնէ տիպար հայեր ըլլալու ուղին, մայրենի լեզուին հանդէպ նախանձախնդրութիւն եւ ազգային մշակութային արժէքներու ու հարուստ ժառանգութեան հետ հարազատ կապուածութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին երախտապարտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, հիմնարկի տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին:
Հուսկ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխումը: «Արամ Ա. կաթողիկոս» Հայագիտական հիմնարկը այս տարի ունեցաւ երկու շրջանաւարտ` Նորա Մարտոյեան-Պուտաքեան եւ Հելէն Յակոբեան-Թօփէեան: Շրջանաւարտները յաջորդաբար մօտեցան վեհափառ հայրապետին եւ համբուրելով անոր հայրապետական աջը` ստացան իրենց վկայագիրները:
Աւարտին ներկաներուն օրհնութեան խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ գնահատեց հիմնարկի տնօրէնութիւնն ու դասախօսական կազմը` իրենց տարած ազգանուէր եւ ժրաջան աշխատանքին համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ սփիւռքին մէջ սոյն հիմնարկին գոյութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով անոր եզակի ուսումնական հաստատութիւն ըլլալը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ բարձրացուց հայոց լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտապանութեան հրամայականը. «Հայագիտական հիմնարկին մէջ յատուկ կարեւորութեան առարկայ պէտք է դառնայ հայոց լեզուն: Հայերէնը այն չէ, ինչ որ էր անցեալին. ան սկսած է աղարտիլ ու աղաւաղիլ: Հայերէնը պահելու ենք մաքուր եւ անաղարտ` իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ լեզուամտածողութեամբ»: Իր խօսքի վերջաւորութեան կաթողիկոսը շրջանաւարտներուն յայտնեց իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը:
Ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով:


