Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Ջրբաժան

April 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 յունիս 2026-ին: Ընտրութեան թուականէն աւելի քան երեք ամիսներ առաջ ընտրութեան նիւթը տիրապետող դարձաւ թէ՛ յայտարարութիւններու եւ թէ՛ կառավարական որոշումներու մակարդակին: Օրինակ: 2026-ի ամավարկի քննութեան ատեն, երբ կ՛առաջարկուէր կենսաթոշակները բարձրացնել, Նիկոլ Փաշինեան կը մերժէր ըսելով, թէ… ի՞նչ պիտի ընեն թոշակառուները այլ յաւելեալ գումարը: Ամավարկը որդեգրուեցաւ առանց յաւելման: Սակայն, ամիս մը առաջ կառավարութիւնը որոշեց 10.000 դրամով (շուրջ 26 տոլար) բարձրացնել նուազագոյն կենսաթոշակը: Իշխանութիւնը «կը յուսայ, որ թոշակառուները երախտապարտ կ՛ըլլան ու կը քուէարկեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կ՛ուզէ յաջորդ Ազգային ժողովին մէջ ապահովել աւելի քան պարզ բացարձակ` երկու երրորդի մեծամասնութիւն: Նման մեծամասնութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ կառավարել միանձնեայ, առանց նկատի ունենալու փոքրամասնութեան առաջարկները եւ հանրային կարծիքի դժգոհութիւնը: Ինչպէս գործող Ազգային ժողովի պարագան է: Կը նշանակէ պահպանել խորհրդարանական ամբողջատիրութեամբ կառավարումը, որ ժխտումն իսկ է խորհրդարանական կառավարման սկզբունքին, որ իրաւախոհութիւնն ու կարեւոր հարցերու պարագային միասնականութիւնը կարեւորող վարչաձեւ է:

Ինչպէ՞ս ապահովել նման մեծամասնութիւն: Խաղաղութեան խաչմերուկը, ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւնները, «հիներու» սատանայացումը, եկեղեցւոյ դէմ պայքարը ըստ երեւոյթին բաւարար չեղան ապահովելու ցանկալի մեծամասնութիւնը: Նոր հնարքը կը խոստանայ աւելի ազդեցիկ ըլլալ: Նիկոլ Փաշինեան պարզ ու մեկին կը յայտարարէ, որ եթէ ինք չկարողանայ պահպանել վարչապետի պաշտօնը, հետեւանքը պիտի ըլլայ նոր պատերազմ: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ազգային ժողովի ընտրութիւնը կը զետեղէ խաղաղութիւն թէ՞ պատերազմ երկընտրանքի հարթակին վրայ: Պատերա՞զմ կ՛ուզէք. ընտրեցէք այժմու ընդդիմութիւնը: Խաղաղութի՞ւն կ՛ուզէք. «Քաղաքացիական պայմանագիրը» պատրաստ է… զոհողութեան:

Ինչո՞ւ ընդդիմադիրներու յաղթանակը պատերազմ պիտի հրահրէ: Պարզ է. «Խաղաղութիւնը» դրժող հարցեր պիտի արծարծեն անոնք, բարկացնելով Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան: Խաղաղութիւնը, որ ըստ իշխանութիւններուն տէ ֆաքթօ հաստատուած է, պայմանագիրի ստորագրութեամբ «տէ ժիւրէ, մնայուն ու հաստատ դառնալու համար Հայաստան իրագործելի բազում պարտաւորութիւններ ունի: Թուե՛նք կարեւորագոյնները:

Մոռնալ Արցախը: Նոյնիսկ չարծարծել արցախցիներու իրենց տուները վերադարձի իրաւունքը:

Սահմանադրութիւնը փոխել, յատկապէս անկէ հեռացնելով նախաբանին մաս կազմող Անկախութեան հռչակագիրը:

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջը նկատել գրգռութիւն յառաջացնող:

Հայ եկեղեցին ենթարկել պետական հեղինակութեան եւ անոր գործունէութիւնը սահմանափակել միայն աղօթքով:

Դիւրացնել Ազրպէյճան – Նախիջեւան միջանցքի (Թրամփի ուղիի) կառուցումը:

Չխօսիլ Պաքուի մէջ «դատուած» Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու մասին:

Հայաստանէն գրաւուած տարածքներու վերադարձին համար վստահիլ սահմանազատում եւ սահմանագծում կատարելու համար Ազրպէյճանի բարեհաճութեան:

Մէկ խօսքով` սուսիկ-բուսիկ ենթարկուիլ Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն, չյիշել, չխօսիլ, չպահանջել, խելօք ենթարկուիլ:

Ով դէմ է զիջումներու այս շղթային, ընդհարման կողմնակից է, օտարին ծախուած, պատերազմ հրահրող: Խաղաղութիւնը գին ունի, զոհողութիւն կ՛ենթադրէ: Փաշինեան պատրաստ է զոհողութեան ու կ՛ուզէ, որ ժողովուրդն ալ պատրաստակամ ըլլայ:

Ժողովուրդը պատրաստակամ չի թուիր ըլլալ: Համոզելու համար սովորական քարոզչութիւնը անօգուտ դարձած է: Ինչպէս հին ու նոր բոլոր բռնակալութիւններու պարագային, ժողովուրդը համոզուած պէտք է նկատել եւ սեփական տեսակէտը պարտադրել օրինական եւ ապօրէն տրամադրելի բոլոր միջոցներով:

Յունիս 7-ին ժողովուրդը պիտի մերժէ սողացող բռնակալութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայ Դատին Համար» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». 4 Անգամ Աշխարհի Ախոյեան Վերշթափըն Կրնայ Լքել Իր Ասպարէզը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.