Մեր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները այս օրերուն մտածել կու տան, որ ամէն պետական վարչախումբ ստեղծուած է առաջնորդելու, ծառայելու եւ հարցեր լուծելու համար։ Իշխա- նութիւններ կը գոյատեւեն իրենց արժանահաւատութեան, վստահելիութեան, խոնարհութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ։
Երբ իշխանութիւն մը կը կառավարէ մենատիրական սկզբունքներով, եսասիրութեամբ, ամբարտա- ւանութեամբ, անազնուութեամբ եւ ստախօսու- թեամբ, ինքնիրեն իրաւունք կու տայ մերժելու նոյնիսկ ամէնէն սուրբ ու ամէնէն բարի առաջարկները եւ կը կայացնէ այնպիսի որոշումներ, որոնք յումպէտս կրնան ստեղծել պայթուցիկ իրավիճակներ եւ կը դառնան բախումներու առիթ։
Հետեւաբար այսօրինակ հակամարտութիւնները չեն ծագիր միայն գաղափարական եւ սկզբունքային տարբերութիւններէ, այլ` մենատէր իշխանութիւն վարող անհատին միտումներէն, անզիջող նկարագիրէն եւ եսի պաշտամունքէն։
Ինքնիրեն սիրահարած եւ Արարատի խորհուրդներէն հրաժարած վարչապետը կþակնկալէ իր շրջապատէն իրմով հիացումը, կը ձգտի իր վերահսկողութեան տակ առնել իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, կը դառնայ կասկածամիտ իր իսկ մօտիկներուն հանդէպ, համագործակցութիւնը կը նուազի, կը ստեղծուի քաոսային վիճակ, եւ այս բոլորին պատճառով իր քշած սայլին համար կը ստեղծէ քառակուսի անիւ, որ դէպի յառաջ չի կրնար շարժել սայլը: Ստախօսութիւնը կը դառնայ վարքագիծ` հետզհետէ ընդարձակելով եւ խորացնելով վնասը։
Այս իրավիճակը շփոթի կը մատնէ ե՛ւ իշխանաւորը, ե՛ւ կառավարեալ հասարակութիւնը։ Այսպիսով, փաստն ու ճշմարտութիւնը կþիմաստազրկուին եւ կը կորսնցնեն իրենց ուժգնութիւնը, կը բացատրուին ըստ պատեհապաշտներու մեկնաբանութեանց, կը դառնան կամայականօրէն փոփոխական եւ կը զրկուին իրականութեան հետ աղերս ունենալէն։ Անորոշութիւնը կþառաջնորդէ ենթադրութիւններու, իսկ այս երեւոյթը իշխանութիւնը կը տանի փլուզումի եւ յաւէտ անէացումի:
Հայաստանի վարչապետին վարքագիծը կը փաստէ , որ սուտով, խաբէութեամբ կառավարող իշխանութիւն մը դատապարտուած է ղեկավարելու նենգ միջոցներով: Յառաջընթաց կþարձանագրէ այն իշխանութիւնը, որ իր ղեկավարման սկզբունք ընտրած է ճշմարտութիւնը: Սուտը քանդիչ է, ճշմարտութիւնը՝ խաղաղութիւն հաստատողը:
Եզրակացնելով` ճշմարտութիւն խեղաթիւրող որեւէ իշխանութիւն դատապարտուած է ձախողութեան. ուստի կա՛մ կամովին կը հեռանայ եւ կա՛մ կը հեռացուի…



