ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կնոջական խորհուրդի անդամ
Կենսոլորտային ճգնաժամը ներկայ դարու ամէնէն հրատապ հարցերէն մին է, եւ կիները դժբախտաբար կը տառապին անոնց ազդեցութիւններէն:
Կենսոլորտային մարտահրաւէրները իրենց անդրադարձը կ՛ունենան կնոջ բարօրութեան եւ յաջողութեան` 5 տարբեր ուղղութիւններով: Անոնք են` կլիմայի փոփոխութիւն, օդի ապականում, գերբնակչութիւն, աղբահանում, համաշխարհային ջեռուցում եւ ջերմոցային ազդեցութիւն:
Այս բոլորը, նաեւ` միջավայրի քայքայումը, ժխտականօրէն կ՛ազդեն իգական սեռին վրայ` դժուարացնելով կիներու կենսապահովման միջոցները` ընկերային եւ տնտեսական անհաւասարութիւններ գոյացնելով այր եւ կնոջ միջեւ, արգիլելով կիներու հիմնական իրաւունքներու հասանելիութիւնը: Այսպիսով, անոնք կը դառնան զոհերը այս կենսոլորտային ճգնաժամին:
Սակայն պահ մը պէտք է անդրադառնանք, թէ կիները թէեւ զոհեր են, սակայն կարող են ըլլալ ազդու դերակատարներ` մեղմացնելու այս ճգնաժամերը եւ ստեղծելու ապրելակերպի յարմար առիթներ: Օրինակ` ջուրի, անտառներու եւ հողերու տնօրինման գործընթացին մէջ անոնք կարող են ռազմավարական աշխատանք տանիլ, սակայն դժբախտաբար իրաւունք չունին որոշումներու տուչութեան լիազօրութեան չգոյութեան բերումով, որովհետեւ կը կարծուի, թէ այդ շնորհը վերապահուած է այր մարդուն:
Ուստի այս բոլոր դժուարութիւնները կը բարդուին կնոջ վրայ եւ կ՛ազդեն հետեւեալ ձեւերով.
– Կիները ստիպողաբար աշխատանքային յաւելեալ ծանրաբեռնուածութեան տակ կը դրուին եւ ժամանակ կը տրամադրեն նաեւ ջուր, վառելանիւթ, փայտ եւ ուրիշ կարեւոր բաներ հաւաքելու եւ ամբարելու` անոնց մնայուն չգոյութեան պատճառով, մինչ եթէ համաշխարհային օգտակար օրէնքներ մշակուին եւ գործադրուին, ու կիները անոնց վերահսկելու իրաւունքներու եւ որոշումներու լիազօրութիւնները ունենան, կենսական բաներու ապահովման համար վատնուած այդ ժամանակը կրնայ տրամադրուիլ իրենց ուսումի, դպրոցի, տնտեսական գործունէութեան եւ անձնական զարգացման:
– Սննդական անապահովութիւնը կլիմայի փոփոխութեան պատճառով կ՛ազդէ գիւղատնտեսական արտադրութեան վրայ` դժուարացնելով կնոջ ջանքերը, իրենց ընտանիքներուն սնունդի եւ ուտեստեղէնի ապահովման:
– Առողջապահական մարտահրաւէրները եւս շատ են. արդարեւ, կենսոլորտային ոչ լաւ վիճակը, նեխած կամ լճացած ջուրերէն ծագող փոխանցիկ հիւանդութիւնները յաճախ կիներուն առողջութիւնը կը վտանգեն եւ շատերու յղութեան արգելք կը հանդիսանան:
Դարձեալ բռնութիւնը եւս կ՛աւելնայ կնոջ հանդէպ տեղահանութեան ընթացքին` կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, եւ մարդկային իրաւունքները դարձեալ կը խախտին:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Սոմալիի, Սուտանի եւ Եմէնի մէջ երաշտի, սովի եւ ջրհեղեղի պատճառով տեղահան եղողները յատկապէս կիներն են: Ուստի այս դէպքերը կնոջ պարտականութիւնները կ՛աւելցնեն` դժուարին պայմաններու մէջ դնելով զանոնք եւ մղելով, որ գործեն ընտանիքի բարօրութեան համար:
Ուրեմն, մարդկային իրաւունքներէ բխած, կնոջական իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին կենսոլորտի հարցերը լուծելու ընդմէջէն: Պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է, որ կիները իրաւունքներ ունենան հողաշերտերու տիրանալու եւ զանոնք զարգացնեն` կենսոլորտային եւ տնտեսական օրէնքները գործադրելով, նաեւ կառավարութիւնները եւ զանազան կազմակերպութիւններ կնոջ տրամադրեն անհրաժեշտ աջակցութիւն` հողերու տիրանալու եւ օրէնքներ մշակելու:
Արաբական երկիրներէն օրինակ մը առնենք. Եգիպտոսը, ըստ ՄԱԿ-ի կիներու 2023-ի տեղեկագիրին, եգիպտացի կիներուն միայն 5,2 տոկոսը հողաշերտերու տէրեր են, եւ մնացեալը այր մարդիկ, հակառակ անոր որ աշխատողներուն 45 տոկոսը կիներ են գիւղատնտեսական գործերու մէջ, սակայն հողաշերտերու տիրանալու իրաւունքը չունին: Նոյնն է պատկերը, Լիբանանի մէջ, քիչ մը տարբեր թիւերով` տրուած ըլլալով, որ հոս աշխատող կիներուն մէջ ոչ լիբանանցի ալ կայ:
Ուրեմն ժամանակն է բարձրացնել կնոջ ձայնը այս մարտահրաւէրներու առջեւ` պահանջելով անոնց ներդրումը եւ դերակատարութիւնը օրէնքներու իրագործման մէջ, նաեւ միջավայրի վերաբերեալ որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ` ապահովելով կնոջ կարիքները, տնտեսական թէ ընկերային կեանքի մէջ եւ լուծելու անոնց ընտանեկան մտահոգութիւնները:
Այս մտահոգութիւնները ի յայտ կու գան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան թիւ 1325 բանաձեւին մէջ, ուր, անդրադառնալով կենսոլորտային աղէտին եւ տագնապին, դժուարութիւններուն եւ կլիմայական մարտահրաւէրներուն, կնոջ ներկայութիւնը օրէնքներու տուչութեան մէջ, եւ ներդրումը ռազմավարական ծրագիրներու պատրաստութեան մէջ հրամայական կը նկատուի, այր եւ կնոջ միջեւ հաւասարութիւն տիրելու:
Եւ ինչո՞ւ ո՛չ: Անհրաժեշտ կը գտնեմ կնոջ պատասխանատու պաշտօններու յանձնումը, որովհետեւ կինը քաջ կեցուածք ունի, համբերատար է, հնարամիտ է եւ յամառ աշխատող: Երբ ան պարտականութիւն մը ստանձնէ, կրնայ ուղիղ ու արդար կերպով աշխատիլ եւ ճիշդ որոշումներ տալ: Հետեւաբար կինը պէտք չէ միայն ըլլայ ծրագրողը, աշխատողը եւ պատրաստողը, այլ նաեւ որոշումներ տուողը, բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային թէ ընկերային:


