Երէկ Ապու Տապիի կրան փրին Գ. դիրքի վրայ աւարտելէ ետք «Մաքլարեն»-ի բրիտանացի վարորդ Լանտօ Նորիս դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ մնաց առաջին դիրքի վրայ, բայց ատիկա բաւարար չէր, որ դառնայ ախոյեան, որովհետեւ Նորիս պէտք է աւարտէր 4-րդ դիրքի վրայ կամ աւելի վար, որպէսզի ախոյեան դառնար:
Նորիսի խմբակից Օսքար Փիասթրի գրաւեց Բ. դիրքը եւ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման Գ. դիրքը:
Վաղուան մեր թիւով կը ներկայացնենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ:


