Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնչիչի 41 Կէտերը Օգնեցին Լէյքըրզի Յաղթանակին

Նոյեմբեր 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միլուոքի Պաքս իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէր Լոս Անճելըս Լէյքըրզը «Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկ առաւօտեան մրցումներուն:

Առաջին 2 մասերուն միայն 34 կէտ նշանակելով, Միլուոքի Բ. կիսախաղը լաւ սկսաւ` նշանակելով 38 կէտ Գ. մասին, բայց Լէյքըրզ ինքզինք գտնելով կրցաւ յաղթել 119-95 արդիւնքով:

Լուքա Տոնչիչ 41 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 25 կէտ եւ 8 էսիսթ ի նպաստ Լէյքըրզի, որմէ կը բացակայէին Ռուի Հաշիմուրա, Մարքուս Սմարթ եւ անշուշտ Լըպրոն Ճէյմս, որ կը բացակայէր տարեշրջանի 14-րդ մրցումին ալ: Տիանտրէ Այթըն 20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր 10-րդ յաղթանակը ձեռք ձգեց:

Միլուոքի, որ իր 13 մրցումներուն 8 յաղթանակ արձանագրած էր, չկրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ, ուր Եաննիս Անթեթոքումփօ 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Պաքսի միւս մարզիկները վատ վիճակի մէջ կը գտնուէին եւ շատ առիթներով դիւրին կողովներ կորսնցուցին:

Տոնավըն Միչել անգամ մը եւս առաջնորդեց Քլիվլենտ Քեվելիրզը կարեւոր յաղթանակի` փայլելէ ետք մանաւանդ 4-րդ մասի վերջին 4 վայրկեաններուն` 14 կէտեր նշանակելով:

Մեմֆիս Կրիզլիզ 11 կէտի առաւելութիւն ունէր, բայց Քլիվլենտ մրցումը աւարտեց 108-100 արդիւնքով:

Տոնավըն Միչել 30 կէտ նշանակեց, իսկ Էվըն Մոպլի 22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Քլիվլենտի հաշուոյն, որ իր 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց 14-րդ ելոյթին:

Ճերըն Ճեքսըն 2,6 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիսի, իսկ Զաք Էտի 13 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումին` վերադառնալէ ետք անցեալ յունիսին կատարած վերաբուժութենէն:

Ճա Մըրենթ միայն 6 վայրկեան կրցաւ խաղալ եւ 7 կէտ նշանակելով կիսատ ձգեց մրցումը` աջ ոտքին սուր ցաւեր զգալէ ետք:

Ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 109-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չարլոթ Հորնեթցը: Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 33 կէտ նշանակեց եւ Չեթ Հոլմկրեն աւելցուց 25 կէտ ի նպաստ ախոյեան Թանտըրի, որ 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Տարեշրջանի 13-րդ յաղթանակին (14 մրցումներու ընթացքին) փայլեցան Այզիա Հարթընսթին (12 կէտ, 12 ռիպաունտ), Էյճէյ Միչել (14 կէտ) եւ Քէյսոն Ուալաս (10 կէտ):

2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 123-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը` այս վերջինիս դաշտին մէջ (Մինիափոլիս):

Սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 27 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց, իսկ Թիմ Հարտլուէյ, Արոն Կորտըն եւ Ճամալ Մարէյ եռեակը 23-ական կէտեր աւելցուցին ի նպաստ Նակեթցի:

Տենվըրի յաջորդական 7-րդ յաղթանակն էր Մինեսոթայի դէմ այս մրցումը, որուն ընթացքին Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Անթոնի Էտուըրտծ 26-ական կէտեր նշանակեցին:

Նախորդը

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Բ.

Յաջորդը

Մայք Գէորգեան Կոլ Նշանակեց

RelatedPosts

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Սերաֆինա Սերոբեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Նոյեմբեր 17, 2025
Իսլամական Երկիրներու  Համերաշխութեան Խաղեր.  Ծովակ Քէօշկերեան Պրոնզէ Մետալով Վերադարձաւ
Մարզական

Իսլամական Երկիրներու Համերաշխութեան Խաղեր. Ծովակ Քէօշկերեան Պրոնզէ Մետալով Վերադարձաւ

Նոյեմբեր 17, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստան 8 Կոլեր Ստացաւ Սփերձեանի Հաւասարութեան Կոլէն Ետք…
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան 8 Կոլեր Ստացաւ Սփերձեանի Հաւասարութեան Կոլէն Ետք…

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?